Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Երեւութական Յառաջընթաց Եւ Խորքային Տեղքայլ

February 20, 2013
| Անդրադարձ, Խմբագրական, Յօդուածներ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահական ընտրութիւնները երկու ուղղութեամբ կարելի է դիտարկել եւ անոնց հիման վրայ փորձել ընդհանուր գնահատականներ տալ: Եւ շատ բնական մղում է, որ ընդհանուր արժեւորումի պարագային ազդեցիկ ըլլայ համեմատական տրամաբանութիւնը կամ այլ խօսքով բաղդատականը` նախորդ նախագահական ընտրութիւններուն հետ:

Նախ` երեւութականը: Այս ընտրութիւնները, սկսեալ նախընտրական ընտրարշաւէն, անցան աւելի հանգիստ, խաղաղ մթնոլորտի մէջ: Բեւեռացումը, շիկացումը,  հեռու էին այս հանգրուանի մթնոլորտէն: Տակաւին. ընտրարշաւներու ընթացքին օգտագործուած բառապաշարը, ելոյթներու բովանդակութիւնն ու ոճը  երբեք չէին համապատասխաներ զիրենք նախորդած ընտրական հաւաքներու ընթացքին արտասանուած խօսքերուն թէ՛ բովանդակութեան եւ թէ՛ ոճին: Այս արդիւնքի ձեռք բերման գործօնները անպայման համագիտակցական մօտեցումներու հետ կրնան կապ ունեցած չըլլալ:

Ընտրութեան օրը, թէեւ բազմաթիւ ահազանգներ եւ հաղորդագրութիւններ յղուած են Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբին, այսուհանդերձ գրաւոր պաշտօնական բողոքներ չեն ձեւակերպուած: Այս իրողութիւնը եւս անպայման չ՛ընդգծեր ընտրակեղծիքներու եւ ընտրակարգի հետ կապուած արատաւոր երեւոյթներու վերացումը:

Ընտրութիւններուն արձանագրուեցաւ բազմաթեկնածուական պատկեր: Ճիգ կար այն տպաւորութիւնը ձգելու, որ թեկնածուներու առաջադրումով նախագահական ընտրութիւններուն կար բազմակուսակցական մասնակցութիւն` ի դէմս Րաֆֆի Յովհաննիսեանի Ժառանգութիւն,  Հրանդ Բագրատեանի` ՀԱՔ, Պարոյր Հայրիկեանի` ԱԻՄ: Այս համապատկերը չ՛ենթադրեր անշուշտ, որ այս թեկնածուներու առաջադրման եղանակը կապ ունէր Հայաստանի Հանրապետութեան կուսակցական դաշտի եւ յատկապէս ընդդիմութեան ներգրաւման եւ աշխուժ մասնակցութեան հետ: Պարզ է, որ այս թեկնածուները ինքնառաջադրուած էին եւ ոչ թէ իրենց պատկանած կուսակցութիւններուն կողմէ պաշտօնապէս առաջադրուած:

Աւելի՛ն. մրցակցային շղարշը եւս հիւսուեցաւ այս ընտրութիւններուն առաջին եւ երկրորդ հորիզոնականները գրաւած թեկնածուներուն ապահոված տոկոսային համեմատութիւնները նկատի ունենալով: Բնականաբար այս թիւերը եւս չեն համոզեր, որ թեկնածուները ունէին հաւասարազօր հնարաւորութիւններ քուէահաւաքի, քուէներու ուղղորդման եւ առհասարակ ընտրալծակներու օգտագործման առումով: Տարբեր հարց, որ ի չգոյէ ընդդիմադիր կուսակցութիւններու առաջադրած թեկնածուներու, Ժառանգութեան հիմնադիրին վրայ կեդրոնացան իշխանութեան թեկնածուին չսատարող քուէները:

Ընտրական քարոզարշաւի ընթացքին յայտարարուած ծրագիրներուն մէջ կային բաժիններ` հանրապետութեան դիմագրաւած հիմնական մարտահրաւէրներուն եւ զանոնք դիմակայելու համար որոշ ուղիներ որդեգրելու վերաբերեալ: Այսուհանդերձ գաղափարական եւ ծրագրային մրցակցութիւնը չկայացաւ:

Քուէարկող զանգուածին յայտարարուած չափը` աւելի քան 60 առ հարիւր,  կը մղէ մտածելու, որ ժողովրդային մասնակցութիւնը եղած է գոհացուցիչ: Այս համեմատութեան ներկայացումը սակայն չի համոզեր, որ նախագահական ընտրութեան օրը շրջուեցաւ քաղաքական ամայի դաշտին պատկերը:

Միջազգային դէտերու տեղեկագիրները` ոչ մրցակցային նշումներով հանդերձ, յատկապէս ժողովրդավարական, օրինական, խաղաղ եւ լաւ կազմակերպուած  բնութագրումներով հերթական անգամ կը փաստեն նման գնահատականներու  ընտրաիրաւականէն աւելի քաղաքական բովանդակութիւն ունեցած ըլլալը:

Այս բոլորի շարժառիթը, ընթացքին արձանագրուած վերիվայրումներն ու անոնց մեկնաբանութիւնները կամ վերլուծութիւնները տակաւին պիտի շարունակեն խլել լրագրական եւ հասարակական-քաղաքական լուսարձակներ:

2013-ի ընտրութիւններուն, կարելի չէ անտեսել երեւութական յառաջընթացը: Միաժամանակ սակայն կարելի չէ նաեւ չտեսնել խորքային տեղքայլը: Սուր խնդիրը այն է, որ երեւոյթներէն անդին, ճակատագրական հետեւանքներ ունեցող մարտահրաւէրները դիմակայելու, համահայկական ներուժը օգտագործելու եւ արտաքին ու ներքին բազում դժուարութիւնները յաղթահարելու համար կարեւոր նախաքայլ կրնային հանդիսանալ ժողովրդավարական, գաղափարական եւ ծրագրային առումներով մրցակցային ընտրութիւնները, որուն համար ծրագրի եւ միասնական թեկնածուի առաջադրման փորձերը ճիշդ չընկալուեցան քաղաքական դաշտի բաղկացուցիչ ուժերուն կողմէ:

Այս ուղեգիծն է փաստօրէն, որ երկար տարիներէ ի վեր կը շարունակէ մնալ Դաշնակցութեան հետեւողական պահանջը` տարբեր հանգրուաններուն ըստ ձեւի քաղաքակիրթ եւ ըստ էութեան մրցակցային ընտրութիւններ կազմակերպելու համար:

 

Նախորդը

Րաֆֆի Յովհաննիսեան Կը Յայտարարէ, Թէ Ինք Հայաստանի Ընտրուած Նախագահն Է. «Մեր Յաղթանակը Պիտի Տանինք Մինչեւ Յաղթանակ»

Յաջորդը

50 Տարի Առաջ (21 Փետրուար 1963)

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.