Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ֆրենժիէ – Արսլան Հանդիպում

February 18, 2013
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Արսլան եւ Ֆրենժիէ

Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ շաբաթավերջին Պնաշէիի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլանը, որուն հետ քննարկեց ներքին լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երեսփոխանական ընտրութիւններուն վերաբերող օրինագիծերուն մանրամասնութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Ֆրենժիէ յայտնեց, որ խորհրդարանը կ՛ուղղուի քուէարկելու ի նպաստ Ուղղափառ հանդիպումին մշակած ընտրական օրինագիծին: Ան նշեց, որ Ուղղափառ հանդիպումին մշակած օրինագիծը բոլոր կողմերուն համար ճշգրիտ ներկայացուցչութիւն կ՛ապահովէ` աւելցնելով, որ ընտրութիւններուն պարագային դրամին ուժը շատ աւելի ազդու է, քան` զէնքին ուժը:

Ֆրենժիէ յայտնեց, որ ամբողջ Լիբանանի տարածքին համամասնական դրութեան հիման վրայ կատարուելիք ընտրութիւններուն ֆինանսաւորման գումարին մասին որոշ պատկերացում մը ներկայացուած է` 2 միլիոն տոլարի արժողութեամբ, մինչդեռ 1960-ի ընտրական օրէնքին հիման վրայ այդ գումարը իւրաքանչիւր գաւառի մէջ արժած է 30 միլիոն տոլար. «Օրին մենք այդ իրականութեան չէինք անդրադարձած», ըսաւ Ֆրենժիէ:

Ակնարկելով Սուրիոյ իրադարձութիւններուն եւ հետզհետէ սաստկացող ծայրայեղութեան երեւոյթին` Ֆրենժիէ նշեց, որ Լիբանանի մէջ եւս նման ծայրայեղութիւն կը տարածուի եւ զինումը կ՛աշխուժանայ, հետեւաբար պէտք է վերջ տալ այդ շարժումին:

Ֆրենժիէ շեշտեց, որ Արսլանի այցելութիւնը ընտանեկան է` աւելի քան քաղաքական, եւ ընդգծեց, որ քաղաքական կեանքին մէջ իրենք գրեթէ նոյն ատեն սկսած են գործունէութիւն ծաւալել` մնալով քաղաքական նոյն ուղեգիծին մէջ:

Իր կարգին, Արսլան շեշտեց, որ Սլէյման Ֆրենժիէ ազգային մեծ ծրագիրի մը տէրն է եւ բոլոր լիբանանցիներուն համար իր դերակատարութիւնը պիտի ունենայ` հիմնուելով իր անշեղ սկզբունքներուն վրայ:

Արսլան շեշտեց, որ այս այցելութեան ընթացքին իրենք քննարկած են տեղական եւ շրջանային բոլոր հարցերն ու զարգացումները եւ լիբանանեան ներքին իրադարձութիւններուն վրայ անոնց ունեցած ազդեցութիւնը:

Արսլան շեշտեց նաեւ, որ իրենց սկզբունքներուն համաձայն, Լիբանանի եւ լիբանանցիներուն ապագան փայլուն պիտի ըլլայ:

ԱՐՍԼԱՆ երէկ այցելեց Դամասկոս, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ:

Նախորդը

«Կ՛ուղղուինք Դէպի Խորհրդարան` Քուէարկելու Համար Ի Նպաստ Ուղղափառ Հանդիպումի Օրինագիծին» Շեշտեց Զօր. Աուն

Յաջորդը

Խորհրդարանի Միացեալ Յանձնախումբերը Այսօր Պիտի Սկսին Քննարկել Ընտրական Օրինագիծերը

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • PDF արխիւ
  • Կապ մեզի հետ
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.