Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Կառավարութիւնը Երկուշաբթի Օրուան Իր Նիստին Ընթացքին Յաւելումները Պիտի Յղէ Խորհրդարան» Շեշտեց Վարչապետ Միքաթի

February 16, 2013
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Սինիորա, Հըս եւ Միքաթի

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանի լրագրողներուն հետ իր ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ յառաջիկայ երկուշաբթի օր Պաապտայի մէջ գումարելիք իր նիստին ընթացքին կառավարութիւնը պետական պաշտօնեաներուն եւ ուսուցիչներուն աշխատավարձի յաւելումները պիտի փոխանցէ խորհրդարան, «հետեւաբար` երեքշաբթի օր Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդի գործադուլ պիտի չըլլայ», ըսաւ վարչապետ Միքաթի:

Անդրադառնալով երեսփոխանական ընտրութիւններուն` վարչապետ Միքաթի յայտնեց, որ կառավարութիւնը յանձնառու է իր ներկայացուցած ընտրական օրինագիծին` աւելցնելով, որ ներկայիս առկայ օրէնքը 1960-ի ընտրական օրէնքն է եւ այդ պատճառով ալ այդ օրէնքին հիման վրայ է, որ ընտրութիւնները պիտի կազմակերպուին:

Միքաթի զարմանք յայտնեց մազութի սիթեռններուն դէպի Սուրիա ուղղուելուն կառավարութիւնը պատասխանատու նկատելու առնչութեամբ` աւելցնելով, որ Լիբանանի մէջ կան անձնական ընկերութիւններ, որոնք կը գործեն ազատ վարչակարգի մէջ, եւ կարելի չէ արգիլել անոնց աշխատանքը:

Արսալի մէջ բանակին դէմ գործուած ոճիրին առնչութեամբ, վարչապետ Միքաթի հաստատեց, որ ինք պիտի չընդունի որեւէ սակարկութիւն, եւ բոլոր յանցագործները պիտի հետապնդուին, ձերբակալուին եւ յանձնուին դատական իշխանութիւններուն:

Նշենք, որ վարչապետ Միքաթի հանդիպում մը ունեցաւ նախկին վարչապետներ Սելիմ Հըսի եւ Ֆուատ Սինիորայի հետ:

Հանդիպումէն ետք Միքաթի հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցաւ հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանիի եւ նախկին վարչապետ Օմար Քարամէի հետ` զանոնք տեղեակ պահելու համար հանդիպումին մանրամասնութիւններուն մասին:

Նախորդը

Պըրրի Ընդունեց Նախարար Նահհասը

Յաջորդը

Նախագահ Սլէյման Կոչ Ուղղեց Հեռանալու Հակասահմանադրական Օրինագիծերէն

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.