ՊԵԼՃԻՔԱՅԻ խորհրդարանի նախագահ Անտրէ Ֆլահօ այսօր կէսօրէ ետք եռօրեայ պաշտօնական այցելութեամբ մը պիտի ժամանէ Լիբանան` ընդառաջելով խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հրաւէրին: Կը նախատեսուի, որ հանդիպումներուն ընթացքին Լիբանանի եւ Պելճիքայի խորհրդարաններուն միջեւ փոխադարձ գործակցութեան համաձայնագիր մը ստորագրուի:
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի շաբաթավերջին Այն Թինէի մէջ ընդունեց նախկին փոխվարչապետ Էլիաս Մըրը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ ընտրական օրինագիծին վերաբերող հարցեր:
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ Փարիզի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Փաղանգաւոր կուսակցութեան երեսփոխան Սամի Ժեմայէլը, որուն հետ քննարկեց տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ ընտրական օրինագիծին վերաբերող մանրամասնութիւններ: Հանդիպումին ընթացքին համաձայնութիւն գոյացաւ շարունակելու խորհրդակցութիւնները` յանգելու համար բոլոր մտահոգութիւնները փարատող ընտրական օրէնքի մը:
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ փոխնախագահ Ֆարիտ Մքարի շեշտեց, որ Ուղղափառ հանդիպումին մշակած ընտրական օրինագիծը անցեալին մաս կը կազմէ եւ անոր գործադրութիւնը անկարելի է, որովհետեւ անիկա հակասահմանադրական է:
Մքարի շեշտեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները պիտի յետաձգուին մինչեւ յառաջիկայ սեպտեմբերէն ետք` թեքնիք պատճառներով:
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա անցեալ շաբաթավերջին հանդիպում մը ունեցաւ Արսալի մէկ պատուիրակութեան հետ, որուն հետ քննարկեց Արսալի ներկայ իրավիճակը: Նշենք, որ Սինիորա մեկնեցաւ Քուէյթ:
«ՄԵՏ» դրամատան Ժիպէյլի մասնաճիւղին մէջ երէկ կէսօրէ ետք բռնկեցաւ հրդեհ մը, որ անմիջապէս հակակշիռի տակ առնուեցաւ քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերուն կողմէ:
ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Օքազ» օրաթերթին համաձայն, նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի յառաջիկայ 14 փետրուարին Պէյրութ պիտի չվերադառնայ` մասնակցելու համար իր հօր` նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան ութերորդ տարելիցին առիթով տեղի ունենալիք յիշատակի ձեռնարկին:
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրիի խորհրդական Ալի Համտան շեշտեց, որ իրենք կը մերժեն նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի ներկայացուցած ընտրական նախաձեռնութիւնը, որովհետեւ անոր մէջ տեղ չեն գտած համամասնական դրութիւնն ու մեծ ընտրաշրջանները:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ գործադիր խորհուրդի նախագահ շէյխ Նեպիլ Քաուք շեշտեց, որ շրջանին մէջ Դիմադրութիւնը այսօր հասած է իր հզօրագոյն մակարդակին:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ շեշտեց, որ Հըզպալլա եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը ամէն ջանք ի գործ կը դնեն երեսփոխանական ընտրութիւնները չեղեալ նկատելու:
ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց նախարար Ատնան Մանսուր կոչ ուղղեց գործադրելու Արաբական լիկայի որոշումները եւ պոյքոթի ենթարկելու Իսրայէլի հետ յարաբերութիւնները` նկատի ունենալով, որ իսրայէլեան գոյացութիւնը կը շարունակէ պաղեստինեան հողերուն վրայ կառուցել իր բնակեցման վայրերը:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատի յայտնեց, որ Սուրիա պիտի շարունակէ թշնամի Իսրայէլին դիմաց մնալ Դիմադրութեան ամրոցը, ինչպէս նաեւ պինդ առանցք մը: Ան շեշտեց, որ Սուրիոյ տագնապին լուծումը կարելի պիտի ըլլայ ներքին սուրիական երկխօսութեամբ, առանց արտաքին միջամտութիւններու:
ԱՅՆ Հելուէի մէջ պաղեստինեան Սայիքա զինեալ խմբաւորումին գրասենեակին վրայ ձայնային ռումբեր նետուեցան` պատճառելով նիւթական վնասներ:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ասեմ Արաժի յայտնեց, որ ինք մտահոգ է Լիբանանի ապահովական կայունութեամբ` աւելցնելով, որ Լիբանանի դէմ դաւեր կը նիւթուին:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Պէյրութի միջազգային օդակայանի առեւտուրի ազատ շուկային մէջ արտադրութիւններ զետեղելու պատասխանատու ընկերութիւնը` «Ֆենիսիա Էր Ռենթա», իսրայէլեան արտադրութիւն տեղադրած է: Նոյն օրաթերթին համաձայն, այդ արտադրութիւնները կը ներառեն հրահաններ:
ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարար Մարուան Շարպել յայտնեց, որ Ազեզի մէջ գտնուող առեւանգուած լիբանանցիներուն թղթածրարը տեղեկատուական մարզէն հեռու կը քննարկուի:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, հարաւային Լիբանանի մէջ Հըզպալլա սկսած է աշխուժացնել իր պատրաստութիւնները` նկատի ունենալով վերջին հանգրուանին արձանագրուած զարգացումները:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Խրէյս կոչ ուղղեց կառչած մնալու «Բանակ, ժողովուրդ, Դիմադրութիւն» տարազին, յատկապէս այս հանգրուանին:
ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Մեսուտ Հուժէյրի շեշտեց, որ Արսալի մէջ լիբանանեան բանակին դէմ գործուած արարքը խստիւ մերժելի է եւ դատապարտելի:
ԱՆԴՐԱԴԱՌՆԱԼՈՎ երկրին դիմագրաւած ապահովական միջադէպերուն, ընդհանուր ապահովութեան նախկին ընդհանուր տնօրէն Ժամիլ Սէյիտ շեշտեց, որ լիբանանեան բանակը այսօր կը վճարէ երկրին մէջ ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքին կողմէ ստեղծուած կացութեան գինը:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ շեշտեց, որ լիբանանեան բանակին դէմ կարմիր գիծեր եւ պայմաններ պէտք չէ զետեղել:
ՄԱՐՈՆԻ ընդհանուր խորհուրդի նախագահ, նախկին նախարար Ուատիհ Խազեն ընդգծեց, որ Լիբանան այս հանգրուանին խիստ կարիքը ունի ամրապնդելու իր ազգային միասնականութիւնը:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Հանի Քպայսի շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ ընտրական նոր օրէնք մը մշակելու ընդմէջէն կարելի է գործադրել երկրին ապահովական կայունութիւնը:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Խալետ Տահեր շեշտեց, որ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին Սուրիա կատարած այցելութիւնը անտեղի է եւ անյարմար:
ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրի շեշտած է, թէ Ռիատ մօտիկ ապագային իրեն պիտի յղէ Սէուտական Արաբիա այցելութեան հրաւէր մը:


