Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Սուրիոյ Տագնապը Լուծուելու Պիտի Սկսի, Եթէ Ընդդիմութիւնը Որոշէ Կառավարութեան Հետ Երկխօսութիւն Կատարել» Կ՛ըսէ Կաթիլով

February 7, 2013
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Կենատի Կաթիլով Հռոմի մէջ լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտարարեց, որ «Սուրիոյ տագնապը լուծուելու պիտի սկսի, եթէ ընդդիմութիւնը որոշէ կառավարութեան հետ երկխօսութիւն կատարել»:

Ան աւելցուց, որ հարցը սուրիական տագնապին խաղաղ լուծման հասնիլն է, երկու կողմերը իրարու վրայ բարդուած հարցերու լուծման միջոցներ փնտռելու համար երկխօսութեան սեղան նստելու համոզելը եւ վերջապէս` երկրին ապագան ճշդելն է: Եթէ ընդդիմութեան ղեկավար Խաթիպը գիտակցի, որ տագնապէն դուրս գալու համար քաղաքական լուծումն ու կառավարութեան հետ երկխօսութիւնը այլընտրանք չունի, ապա լուծումը տեղաշարժ պիտի արձանագրէ»:

Կաթիլով նաեւ յայտարարեց, որ «Ռուսիա կը յուսայ, որ Ճոն Քերրիի արտաքին գործոց նախարար նշանակումէն ետք, սուրիական տագնապին նկատմամբ ամերիկեան կեցուածքին մէջ փոփոխութիւն արձանագրուի»:

Իրանի խորհրդարանի նախագահ Ալի Լարիժանի դատապարտեց Սուրիոյ դէմ իսրայէլեան յարձակումը եւ զօրակցութիւն յայտնեց սուրիացի ժողովուրդին` ընդդէմ իսրայէլեան յարձակումներուն:

Իսլամական չորս պետութեանց խորհրդարաններու նախագահներուն հետ ունեցած հեռաձայնային զրոյցի մը ընթացքին Լարիժանի յայտնեց, որ «Իսրայէլ օգտագործեց շրջանին մէջ ներկայ զարգացումներն ու Սուրիոյ մէջ անկարգութիւնները եւ դարձեալ իսլամական պետութեան մը դէմ յարձակում գործեց»` նշելով, որ Իսրայէլ իսլամական աշխարհի թշնամին է եւ պէտք չէ անոր արտօնել, որ ներկայ կացութիւնը շահագործելով իսլամական պետութեանց դէմ թշնամական քաղաքականութիւնը շարունակէ:

Լարիժանի ընդգծեց, որ «Սուրիոյ կացութեան քայքայումը ի շահ ամբարտաւանութեան ուժերուն եւ Իսրայէլի է»:

Միւս կողմէ, Եգիպտոսի նախագահ Մոհամետ Մուրսի Գահիրէի մէջ Իսլամական վեհաժոողովի բացման ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց, որ «Եգիպտոս Սուրիոյ ժողովուրդին նկատմամբ իր նախանձախնդրութենէն մղուած այդ երկրին  տագնապին վերջ տալու նախանձախնդիր է»` նշելով, որ «մնայունը ժողովուրդներն են, իսկ անոնք, որոնք իրենց շահերը իրենց ժողովուրդի շահերէն վեր կը դասեն, պարտուողներն են»:

Ան յայտարարեց, որ կը մերժէ Սուրիոյ մէջ օտար միջամտութիւնը` աւելցնելով, որ «Սուրիոյ մէջ քաղաքական հոլովոյթը պէտք է բոլոր խմբակները ներառէ, եւ տագնապի լուծման համար բոլոր կողմերուն հետ երկխօսութեան սկսանք»:

Եգիպտոսի նախագահը բոլորին կոչ ուղղեց աջակցելու սուրիացիներուն որդեգրելիք քայլերուն եւ Ազգային համաձայնական մարմինի ջանքերուն:

 

 

Նախորդը

Զեկուցում Մը Բազմաթիւ Երկիրներու, Ներառեալ` Իրանի Եւ Սուրիոյ «Սի. Այ. Էյ.»-ի Հետ Մեղսակցութիւնը Կը Բացայայտէ

Յաջորդը

Թունուզի Մէջ Ընդդիմադիր Ղեկավարի Մը Ահաբեկումը Բողոքի Ցոյցեր Եւ Անկարգութիւններ Կը Հրահրէ

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.