Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փարիզի Մէջ Քիւրտ Գործիչներու Սպանութեան Հարցով Կասկածեալը Ինքզինք ՔԱԿ-ի Անդամ Իր Տնընկերէն «Աւելի Քիւրտ» Կը Նկատէ

February 1, 2013
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ըստ «Ֆըրաթ» լրատու գործակալութեան, 9 յունուարին Փարիզի մէջ քիւրտ գործիչներու սպանութեան հարցով կասկածեալ Էօմեր Կիւնէյ ինքզինք ՔԱԿ-ի անդամ իր տնընկերէն «աւելի քիւրտ» կը նկատէր:

Կիւնէյի տնընկերը «Ֆըրաթ»-ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին Կիւնէյը կը նկարագրէ իբրեւ զարմանալի սովորութեանց տէր անձ մը, որ «չորս կամ հինգ բջիջային հեռաձայն» եւ «45 մարզական հագուստ» ունէր:

20-ամեայ Կիւնէյ Փարիզի մէջ Սաքինէ Ճանսըզի, Ֆիտան Տողանի եւ Լէյլա Սէօյլեմեզի սպանութեան գլխաւոր կասկածեալն է եւ կը կարծուի երկու տարի առաջ ՔԱԿ-ի անդամակցած ըլլալ, սակայն ՔԱԿ-ի բարձրաստիճան ղեկավարներներէն Մուրաթ Քարայըլան կը հերքէ, թէ ան ՔԱԿ-ի հետ կապ ունի:

Փարիզի մէջ Կիւնէյի տնընկերը, որ ՔԱԿ-ի անդամ մըն է, «Ֆըրաթ»-ին յայտնած է, որ «(Կիւնէյի) հայրը քիւրտ մըն է, սակայն քրտականութեան դէմ էր, (Կիւնէյ) ատկէ դժգոհ էր»` աւելցնելով, որ «ան կերիլայական պայքարի նկատմամբ համակրութիւն ունեցող կը թուէր եւ կ՛ուզէր ամբողջովին շարժումին նուիրուիլ:

«Ան միշտ ինծի կ՛ըսէր. «Ես քեզմէ աւելի քիւրտ եմ»:

Կիւնէյ վերջին մէկուկէս տարուան ընթացքին նշեալ տնընկերոջ եւ երրորդ անձի մը հետ Փարիզի մէջ նոյն տան մէջ բնակած է:

Տնընկերը կը յայտնէ, որ ֆրանսական ոստիկանութիւնը բնակարան ներխուժելէ ետք, Կիւնէյի մօտ չորս կամ հինգ բջիջային հեռաձայն յայտնաբերած է: «Ան միշտ իրեն հետ պտուտավար մը, դանակ մը, բանալիներ եւ սրսկոցներ կը պտըտցնէր»` աւելցնելով, որ «սովորաբար մարդոց անձնական կեանքին չեմ խառնուիր, սակայն երբ հարցուցի իրեն, ըսաւ. «Ես քեզմէ լաւ եմ: Միշտ կ՛ուզեմ բան մը ընել»:

Հոլլանտ Էրտողանի Պիտի Չպատասխանէ

«Թուտէյզ Զաման» կը հաղորդէ, որ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ պիտի չպատասխանէ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի, որ իրմէ պահանջած էր Փարիզի մէջ սպաննուած ՔԱԿ-ի անդամներուն հետ իր հանդիպումներուն մասին կատարած յայտարարութեան մասին բացատրութիւններ տալ:

Ֆրանսացի բարձրաստիճան դիւանագէտ մը «Թուտէյզ Զաման»-ին յայտնած է, որ «Քըլըճտարօղլու (Թուրքիոյ ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան ղեկավարը. «Ա.») Էրտողանի պատասխանեց»` շեշտելով, որ բանավէճկը ներքին քաղաքականութեան հարց մըն է եւ Ֆրանսա ներթրքական քաղաքական բանավէճին մասնակից պիտի չդառնայ: Քեմալ Քըլըճտարօղլու` ակնարկելով թրքական կառավարութեան եւ ՔԱԿ-ի միջեւ բանակցութեանց, յայտնած էր, որ «մարդիկ քեզի պիտի չհարցնե՞ն, թէ որու հետ կը խօսիս»:

Այլ ֆրանսացի դիւանագէտ մը հաղորդած է, որ Ֆրանսա անցեալ շաբաթ տարբեր խողովակներով Փարիզի մէջ տեղի ունեցած սպանութեանց մասին զեկուցած է Թուրքիոյ: Թուրքիոյ մէջ Ֆրանսայի դեսպան Լորան Պիլ անցեալ երկուշաբթի օր հանդիպում ունեցած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Հասան Կիւղիւշի հետ, իսկ Անգարայի մէջ ֆրանսական դեսպանատան ապահովական կցորդը իր թուրք պաշտօնակիցներուն տեղեկութիւններ փոխանցած է: Աւելի՛ն. Ֆրանսայի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Թահսին Պուրճուօղլու Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւն հրաւիրուած է եւ վերջին մանրամասնութեանց մասին զեկուցում մը ստացած:

Ըստ «Թուտէյզ Զաման»-ի, Ֆրանսա թրքական իշխանութեանց յայտնած է, որ ՔԱԿ-ի անդամներու սպանութիւնը կը թուի ներքին արարք մը ըլլալ` ՔԱԿ-ի անդամ Էօմեր Կիւնէյի կողմէ գործուած:

 

Նախորդը

Թուրք Երեսփոխան Մը Իր Կուսակից Երեսփոխանին Ցեղապաշտ Յայտարարութեան Պատճառով Կը Հրաժարի

Յաջորդը

Ազրպէյճանական Քաղաքներու Մէջ Բողոքի Ցոյցերու Եւ Անկարգութեանց Հարցով. Ազրպէյճանի Մէջ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը Պաքուին Կոչ Կ՛ուղղէ Մարդու Իրաւունքները Յարգելու

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.