Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազրպէյճանի Զաքաթալայի Շրջանին Մէջ Խռովութիւնը Կը Հասուննայ

January 30, 2013
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

«իՄետիա» կայքէջը` վկայակոչելով ազրպէյճանական լրատուամիջոցները, կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի Զաքաթալայի շրջանին մէջ խռովութիւնը կը հասուննայ: Բնակիչները կը բողոքեն ընդդէմ տեղական իշխանութիւններու անգործութեան, որովհետեւ անոնք չեն վերացներ 2012-ին տեղի ունեցած երկրաշարժին հետեւանքները:

Յիշեցնենք, որ երկրաշարժին պատճառով շրջանի քանի մը հազար ընտանիքներ զրկուած էին բնակարաններէ: Սկիզբը Ազրպէյճանի իշխանութիւնները յայտարարած էին, որ բոլորին համար տուներ պիտի կառուցուին, սակայն խոստումները չէին իրականացած:

Մինչ այդ, երկուշաբթի գիշեր Նեֆթաչալա քաղաքին մէջ հրկիզուած է տեղական իշխանութեան մէջ Շինարարութեան եւ ճարտարապետութեան բաժանմունքի ղեկավար Ռուստամ Թահիրովին պատկանող պետական թիւով «Թոյոթա Փրատօ» մակնիշի ինքնաշարժը:

Ըստ նախնական վարկածին, ինքնաշարժը հրկիզած են տեղական գործարարները, որոնց իրաւունքները խախտած էին պաշտօնեաները:

Միւս կողմէ, միջազգային առաջին արձագանգով մը` Գերմանիոյ մէջ մարդկային իրաւանց պաշտպան Մարքուս Լենինկ Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն կոչ ուղղած է ազատ արձակելու Պաքուի մէջ 26 յունուարին տեղի ունեցած բողոքի ցոյցին մասնակիցները: Ըստ տարբեր տուեալներու, ցոյցին ընթացքին ոստիկանութիւնը ամբոխը ցրուելու ընթացքին ձերբակալած է 40-80 մարդ: Ծանօթ է, որ բողոքի ցոյցը կազմակերպուած է համացանցի ընկերային ցանցերուն միջոցով:

«Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Պաքուի մէջ ցոյցին մասնակիցները ձերբակալուած են այն պատճառով, որ անոնք փողոց դուրս եկած են իրենց աջակցութիւնը յայտնելու Իսմայիլլիի բողոքի ցոյցի մասնակիցներուն: Քանի մը օր առաջ Իսմայիլլիի մէջ զանգուածային անկարգութիւններ տեղի ունեցած էին:

Իրաւապաշտպան «Հիումըն Ռայց Հաուզ Ֆաունտէյշըն» կազմակերպութիւնը իր կարգին քննադատած է ազրպէյճանական ոստիկանութեան բիրտ գործողութիւնները ցուցարարներուն նկատմամբ:

 

 

Նախորդը

Եգիպտական Բանակի Սպայակոյտի Պետը «Պետութեան Փլուզում»-էն Կը Զգուշացնէ

Յաջորդը

«Ասատ Պիտի Հեռանայ Եւ Անոր Օրերը Հաշուըւած Են» Կ՛ըսէ Սպիտակ Տունը

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.