Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրքիոյ Կառավարութեան Մէջ Փոփոխութիւններ. Տինքի Սպանութեան Առնչուած Կիւլեր Ներքին Գործոց Նախարար Նշանակուած Է

January 26, 2013
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Նոր նշանակուած նախարարները

Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յառաջիկայ տարի ընթացք առնող ընտրական շրջանի նախօրեակին երկար ատենէ ի վեր սպասուած քայլով մը ներքին, զբօսաշրջութեան, առողջապահութեան եւ կրթութեան նախարարներուն տեղ մտերիմ դաշնակիցներ նշանակեց:

Նախարարներու փոփոխութեան քայլը կը սպասուէր սեպտեմբեր 2012-էն ի վեր, երբ Թուրքիոյ աւելի քան տասնամեակէ մը ի վեր իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը նոր ղեկավար մարմին մը ընտրեց: Նոր մարմինը կուսակցութիւնը պիտի ղեկավարէ յառաջիկայ ընտրութիւններուն, ներառեալ` նախագահական ընտրութեան ընթացքին, որուն հաւանաբար իր թեկնածութիւնը առաջադրէ Էրտողան:

Թուրքիոյ վարչապետը Պոլսոյ նախկին կառավարիչ Մուամմար Կիւլերը նշանակեց ներքին գործոց նախարար, Արդարութիւն եւ բարգաւաճում  կուսակցութեան փոխնախագահ Էօմեր Չելիքը` մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարար, կուսակից Մեհմեթ Մուազզինօղլուն` առողջապահութեան նախարար եւ իր նախկին խորհրդական Նապի Աւճըն` կրթութեան նախարար:

2014-ին Թուրքիոյ մէջ տեղական ընտրութիւններ տեղի պիտի ունենան, որմէ քանի մը ամիս ետք նախագահական ընտրութիւն, ապա 2015-ին` խորհրդարանական ընտրութիւններ:

Էրտողան կը փափաքի բարեփոխուած կամ նոր սահմանադրութեամբ մը ստեղծուելիք նախագահական համակարգի մը ծիրին մէջ ստանձնել նախագահի պաշտօնը: Ներկայիս նախագահը խորհրդանշական պաշտօն մը կը վարէ:

Էրտողանի ծրագիրը պիտի դիմակայէ ընդդիմութիւնը խորհրդարանին մէջ գտնուող այլ կուսակցութեանց, որոնք այն մտավախութիւնը ունին, որ այդպիսի բարեփոխում մը Էրտողանին չափազանց շատ լիազօրութիւններ պիտի տայ:

Տինքի Սպանութեան Առնչուած Կիւլեր`
Ներքին
Գործոց Նախարար

Թրքական «Ռատիքալ» օրաթերթը կը գրէ, որ Պոլսոյ նախկին նահանգապետ Մուամմեր Կիւլեր, որ Հրանդ Տինքի փաստաբաններուն համոզումով` խմբագրապետի սպանութեան հետ առնչութիւն ունեցած է, նշանակուած է Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարար:

Տինքի փաստաբաններէն Էրկին Ճինմեն մեկնաբանած է այս տեղեկութիւնը եւ յայտարարած, որ «Հրանդին դպչողի պաշտօնը կը բարձրանայ»: «Կրնամ միայն մէկ բառ ըսել` Հրանդին դպչողը յառաջ գնաց», ըսած է ան:

Հրանդին ընկերներէն Հայկօ Պաղտատ յայտարարած է. «Կ՛ապրինք այնպիսի երկրի մը մէջ, ուր ստիպուած ենք ընտրութիւն կատարել հակահայկական պաստառներ պարզողներու ետին կանգնած ներքին գործոց նախարար Իտրիս Շահինի եւ Հրանդի սպառնացած կառոյցի ղեկավար Մուամմեր Կիւլերի միջեւ»:

Հրանդ Տինք սպաննուած էր 19 յունուար 2007-ին: Տինքի դատավարութեան ընթացքին անոր փաստաբանները յիշեցուցած էին, որ սպանութենէն առաջ Տինք կանչուած էր Պոլսոյ դատախազութիւն, ուր երկու մարդիկ իրեն սպառնացած են:

Սպանութիւնը «հրահրելու եւ օգնելու», ինչպէս նաեւ «կանխամտածուած սպանութիւնը անփութօրէն չկանխելու» մեղադրանքներով Տինքի փաստաբանները պահանջած էին դատավարութեան սկսիլ Պոլսոյ նահանգապետ Մուամմեր Կիւլերի, Պոլսոյ ոստիկանապետ Ճելալէտտին Ճերրահի եւ 24 այլ պաշտօնեաներու դէմ: Սակայն Պոլսոյ ծանր յանցագործութիւններու 14-րդ դատարանը յայտարարած էր, որ սպանութեան ետին «կազմակերպուած խմբաւորում չկայ», եւ գործը փակուած էր:

Նախորդը

«Մենք Կը Զօրակցինք Համամասնական Դրութեան Եւ Ուղղափառ Հանդիպումի Ընտրական Օրինագիծին Թեր Պիտի Քուէարկենք» Շեշտեց Սէյիտ Նասրալլա

Յաջորդը

«Սահմանային Միջադէպերու Պատասխանատուն Ազրպէյճանն Է» Կ՛ըսէ Էդուարդ Նալբանդեան

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.