
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, յատկապէս ընտրական օրինագիծերուն վերաբերող մանրամասնութիւնները:
Նախագահ Սլէյման ընդունեց նաեւ ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմը, որուն հետ քննարկեց Ազեզի մէջ գտնուող առեւանգուած լիբանանցիներուն վերաբերող հարցեր:
Նախագահ Սլէյմանի այցելեց գերմանական պատուիրակութիւն մը` նախագահութեամբ «Քոնրատ Էտինաուըր Սթիֆթունկ» հաստատութեան նախագահ Հանզկիրթ Պոթրինկի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան հաստատութեան գործունէութիւնը եւ Լիբանանի մէջ անոր պատկանող գրասենեակ մը բանալու կարելիութիւնները` բարելաւելու համար քաղաքացիական ընկերութեան, դատական իշխանութիւններուն, կրթական մարզին եւ քաղաքական ուժերուն հետ յարաբերութիւնները:
Նախագահական պալատի այցելուներէն եղաւ նաեւ Ճարտարարուեստի մարզի սեփականատէրերու միութեան նախագահ Նաամաթ Աֆրամ: Քննարկուեցան ճարտարարուեստի մարզին բարելաւման հեռանկարները:


