Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խորհրդարանական Ենթայանձնախումբը Կը Շարունակէ Իր Քննարկումները. Յաջորդ Նիստը Տեղի Կ՛ունենայ Յառաջիկայ Երկուշաբթի Օր

January 17, 2013
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ենթայանձնախումբի քննարկումներէն պահ մը

Ընտրական օրէնքը քննարկող խորհրդարանական ենթայանձնախումբը, որուն մաս կը կազմեն Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, Փաղանգաւոր կուսակցութեան երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ, Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ալեն Աուն, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան փոխնախագահ, երեսփոխան Ժորժ Ատուան, Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Ֆայեատ, Ազատագրում եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Ալի Պեզզի, Ազգային պայքարի ճակատ պլոքի երեսփոխան Աքրամ Շեհայէպ եւ Մուսթաքպալ հոսանքի երեսփոխաններ Ահմետ Ֆաթֆաթ եւ Սերժ Թուրսարգիսեան, երէկ երեսփոխան Ռոպեր Ղանեմի նախագահութեամբ, կէսօրէ առաջ ժամը 11:20-ին գումարեց իր նիստը:

Նիստին ընթացքին շարունակուեցան քննարկուիլ առաջարկուած ընտրական օրինագիծերը` համախոհական օրինագիծի մը յանգելու նպատակով:

Նիստէն ետք Ալի Ֆայեատ յայտնեց, որ Հըզպալլա եւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը նախկին նախարար Ֆուատ Պութրոսի մշակած օրինագիծին մասին լուրջ դիտողութիւններ ունին, յատկապէս անոր բովանդակած ընտրաշրջաններուն վերաբերեալ:

Երեսփոխան Ալեն Աուն իր կարգին շեշտեց, որ Ուղղափառ հանդիպումին մշակած օրինագիծին կառչած կը մնան, եւ այդ օրինագիծը արդէն իսկ պիտի հասնի խորհրդարանի լիագումար նիստին:

Երեսփոխան Ատուան շեշտեց, որ կայ օրինագիծ մը, որ արժանացած է խորհրդարանական մեծամասնութեան` անկախ անոր մասին կատարուող մեկնաբանութիւններէն: Հետեւաբար մենք կա՛մ այդ օրէնքին այլընտրանքը կը գտնենք եւ կա՛մ այդ օրինագիծին ի նպաստ կը քուէարկենք:

Երեսփոխան Ժեմայէլ առաջարկեց ժամանակ շահիլ եւ խորհրդարանի միացեալ յանձնախումբերուն նիստերուն վերադառնալ ու խորհրդարանի լիագումար նիստին հասնիլ, որպէսզի ներքին գործոց նախարարը իր կարգին կարենայ երեսփոխանական ընտրութիւնները նախապատրաստել:

Միւս կողմէ, երեսփոխան Ֆաթֆաթ շեշտեց, որ իրենք համաձայն են Ուղղափառ հանդիպումին մշակած ընտրական օրինագիծին, պայմանաւ որ անիկա գործադրուի մեծամասնական դրութեամբ:

Երեսփոխան Ռոպեր Ղանեմ յայտնեց, որ ենթայանձնախումբը իր կատարած քննարկումներուն ընդմէջէն ցարդ ընտրական վերջնական օրինագիծի մը չէ յանգած: Ան նշեց, որ քննարկումները ընդհանուր բնոյթ ունին եւ անոնք կը վերաբերին ընտրաշրջաններուն, համամասնական թէ մեծամասնական դրութեան եւ այլ հարցերու:

Ղանեմ նշեց, որ ենթայանձնախումբը իր յաջորդ նիստը պիտի գումարէ յառաջիկայ երկուշաբթի օր:

 

Նախորդը

«Կառավարութեան Դէմ Պոյքոթը Չ՛արդարացներ Ազգային Երկխօսութեան Նիստը Պոյքոթի Ենթարկելու Քայլը» Շեշտեց Նախագահ Սլէյման

Յաջորդը

«Օգնի՛ր Եղբօրդ» Քաղաքացիական Նախաձեռնութիւնը Ճանչցուեցաւ Իբրեւ Տարուան Լաւագոյն Նախաձեռնութիւնը

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.