
Ընտրական օրէնքը քննարկող խորհրդարանական ենթայանձնախումբը երէկ առաւօտեան խորհրդարանին մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը, որմէ բացակայեցաւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ երեսփոխան Ալեն Աուն:
Նիստէն ետք ենթայանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Ռոպեր Ղանեմ յայտնեց, որ խորհրդարանական ենթայանձնախումբը քննարկած է կառավարութեան վաւերացուցած ընտրական օրինագիծը, Ուղղափառ հանդիպումին մշակած ընտրական օրինագիծը, ինչպէս նաեւ Լիբանանը 50 ընտրաշրջանի բաժնող ընտրական օրինագիծը` նշելով, որ ենթայանձնախումբը յառաջիկայ երկուշաբթի կէսօրէ ետք պիտի գումարէ իր նիստը, որուն ընթացքին պիտի վաւերացնէ իր քննարկումներուն ամփոփումը` զայն փոխանցելու համար խորհրդարանի միացեալ յանձնախումբերուն:
Ղանեմ յայտնեց, որ ենթայանձնախումբին նիստերուն ընթացքին ընտրական ոչ մէկ օրինագիծի շուրջ համախոհութիւն գոյացած է:
Երեկոյեան անպաշտօն աղբիւրներ յայտնեցին, որ երեսփոխան Ալեն Աուն յայտնած է, թէ ինք պիտի մասնակցի խորհրդարանական ենթայանձնախումբի երկուշաբթի օրուան նիստին:


