Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ժընեւի Հանդիպումին Մասնակիցները Համամիտ Գտնուած Են, Որ Սուրիական Տագնապին Զինուորական Լուծում Չկայ

January 12, 2013
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Լախտար Իպրահիմի

Սուրիոյ հարցով ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի յատուկ պատուիրակ Լախտար Իպրահիմի եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Սերկէյ Պոկտանով ու Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի օգնական Ուիլիըմ Պըրնզ երէկ Ժընեւի մէջ ՄԱԿ-ի կեդրոնատեղիին մէջ գումարեցին Սուրիոյ տագնապի քաղաքական լուծման կարելիութիւններու քննարկման ժողով մը, որ իր տեսակին մէջ անցեալ դեկտեմբերէն ի վեր երրորդն է:

Առաջին ժողովը գումարուած էր 6 դեկտեմբեր 2012-ին` Իրլանտայի մայրաքաղաք Տապլինի մէջ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընի մասնակցութեամբ, իսկ 9 դեկտեմբեր 2012-ի նիստին զանոնք փոխարինած էին Պոկտանովն ու Պըրնզը:

Իպրահիմի Ժընեւ հասնելէ ետք բաւարարուեցաւ լրագրողներուն բարեւելով եւ որեւէ յայտարարութիւն չկատարեց: Ժողովը դռնփակ էր եւ ատոր մանրամասնութիւններուն մասին գրեթէ ոչ մէկ տեղեկութիւն սպրդեցաւ:

Ժընեւի հանդիպումը վերջ գտաւ առանց շօշափելի արդիւնքի, սակայն Իպրահիմի նշեց, որ ժողովին մասնակիցները համամիտ գտնուած են, թէ Սուրիոյ տագնապին զինուորական լուծում գոյութիւն չունի եւ թէ լուծումը քաղաքական է` Ժընեւի հաղորդագրութեան հիմամբ:

Մինչ այդ, Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Լէոն Փանեթա յայտարարեց, որ «Ասատի տապալումին պարագային քիմիական զէնքերու անվտանգութեան ապահովումը առաջնահերթութիւն պիտի ըլլայ», սակայն նշեց, որ Սուրիոյ վարչակարգի տապալման պարագային Միացեալ Նահանգներ այդ նպատակի իրագործման համար իր զինուորները Սուրիա պիտի չուղարկէ:

Ըստ Փենթակոնի ղեկավարին, կարեւոր է որոշել, որ միջազգային ընտանիքը ի՛նչ միջոցառումներ պէտք է ձեռնարկէ` երաշխաւորելու համար, որ քիմիական զէնքերը «վատ ձեռքերու մէջ» չյայտնուին:

«Մենք այժմ ոչ միայն Իսրայէլի, այլ նաեւ շրջանի երկիրներուն հետ հարցը կը քննարկենք եւ կը փորձենք հասկնալ, թէ ի՛նչ պէտք է ընել այդ սարքերու անվտանգութեան ապահովման համար, որպէսզի անոնք սխալ ձեռքերու մէջ չյայտնուին», ըսած է ան:

Միացեալ Նահանգներու բանակի սպայակոյտի ղեկավարներու միացեալ կոմիտէի նախագահ զօր. Մարթին Տեմփսի իր կարգին յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներ ընդդիմադիրներու դէմ քիմիական զէնք օգտագործելու պարագային Ասատը խանգարելու համար ոչինչ պիտի կրնան ընել:

«Քիմիական զէնքի կիրարկումը կանխարգիլելը գրեթէ անկարելի է, որովհետեւ ատոր համար անհրաժեշտ է լիարժէք տեղեակ ըլլալ եւ մշտապէս հետեւիլ: Պէտք է տեղեակ ըլլալ զէնքի գործածութեան մասին որոշումէն` մինչեւ ատոր օգտագործումը: Անկեղծօրէն, ատիկա քիչ հաւանական է», ըսած է զօր. Տեմփսի:

Ան աւելցուցած է, որ Միացեալ Նահանգներ իրենց կարելին պիտի ընեն, որպէսզի սուրիացիները հասկնան, որ քիմիական զէնքի օգտագործումը անթոյլատրելի է:

Այլ գետնի վրայ, երէկ Դամասկոսի մէջ Իրանի դեսպան Մոհամետ Ալի Շիպանի հերքեց այն լուրերը, թէ Դամասկոսի մէջ Հըզպալլայի եւ սուրիացի բարձրաստիճան ղեկավարներու հետ հանդիպման մը ընթացքին ահաբեկման ենթարկուած է:

Նախորդը

«Փարիզի Մէջ Քիւրտ Գործիչներու Սպանութիւնը Կրնայ Ներքին Հաշուեյարդար Ըլլալ» Կ՛ըսէ Էրտողան

Յաջորդը

Թուրքիոյ Դատական Մարմինը Կը Պահանջէ Վերատեսութեան Ենթարկել Տինքի Սպանութեան Գործը

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.