Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ֆրանսայի Հայկական Համայնքը Նոր Օրինագիծ Պիտի Ներկայացնէ Ծերակոյտին

January 11, 2013
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Մուրատ Փափազեան

Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի համանախագահ Մուրատ Փափազեան երէկ Lragir.am լրատուական կայքէջին յայտնեց, որ Ֆրանսայի հայկական համայնքը աշխատանքներ կը տանի երկրի նախագահին եւ կառավարութեան հետ` Ազգային ժողովի եւ Ծերակոյտի կողմէ հաստատման համար Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող նոր օրինագիծ ներկայացնելու ուղղութեամբ:

Ֆրանսացի երեսփոխան Վալերի Պուայէ, ինչպէս յայտնի է, Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող նոր օրինագիծ մը  ներկայացուցած է, սակայն ըստ Մուրատ Փափազեանի, բոլորին  յայտնի է, որ օրինագիծը պիտի չընդունուի, քանի որ սահմանադրական խնդիրներ ունի:

«Պէտք է այլ լուծումներ գտնել: Կայ այլ ծրագիր, որ պիտի կազմուի կառավարութեան եւ նախագահին հետ: Հայկական գաղութը այս ծրագիրին շուրջ կ՛աշխատի, ոչ թէ Վալերի Պուայէի ծրագիրին շուրջ, որ յաջողութեան չի կրնար հասնիլ: Այսօր նոր իշխանութիւններ կան, խօսք կայ նախագահին կողմէ, որ կառավարութիւնը իր օրակարգին վրայ պիտի դնէ այդ հարցը, աւելի խելացի է, որ կառավարութիւնը դնէ, որովհետեւ իրենք մեծամասնութիւն կը կազմեն թէ՛ Ազգային ժողովին, թէ՛ Ծերակոյտին մէջ», ըսաւ Փափազեան:

Ան առայժմ չի մանրամասներ, թէ ինչո՛վ պիտի տարբերի այս օրինագիծը Պուայէի երկրորդ օրինագիծէն: Օրինագիծը արդէն այս տարի պիտի ներկայացուի Ազգային ժողովի ու Ծերակոյտի հաստատման:

Մուրատ Փափազեան նշեց, որ աշխատանքներ կը տարուին, որպէսզի ատիկա հակասահմանադրական չնկատուի եւ չարժանանայ Պուայէի նախորդ օրինագիծի ճակատագիրին:

«Վտանգ մը կայ: Առաջին անգամ ճանչցուեցաւ հակասահմանադրական, ուրեմն երկրորդ անգամ պէտք է անպայման 100 առ հարիւր վստահութիւն ունենանք, այլապէս ուրիշ առիթ չենք ունենար», նշեց Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի համանախագահը:

Նախորդը

Եւրոպական Խորհրդարան – Հայաստան Բարեկամութեան Խումբի Ստեղծում

Յաջորդը

Նախագահական Թեկնածուներու Թիւը Վերջնականացաւ

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.