Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կառավարութիւնը Գումարեց Այս Տարուան Իր Անդրանիկ Նիստը` Որդեգրելով Սուրիացի Գաղթականներուն Վերաբերող Միջոցառումներու Շարք Մը

January 4, 2013
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Կառավարութեան նիստէն պահ մը

Կառավարութիւնը երէկ կէսօրէ ետք ժամը 4:30-ին, Պաապտայի մէջ գումարեց այս տարուան իր անդրանիկ նիստը` նախագահութեամբ հանրապետութեան նախագահ, զօր. Միշել Սլէյմանի եւ ներկայութեամբ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի:

Նախքան նիստին գումարումը, նախագահ Սլէյման դռնփակ հանդիպում մը ունեցաւ վարչապետ Միքաթիի հետ: Քննարկուեցան երկրին մէջ տիրող հարցերը:

Կառավարութեան նիստին ընթացքին քննարկուեցաւ Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականներուն թղթածրարը:

Նիստին սկիզբը նախագահ Սլէյման մաղթեց Լիբանան հասնող սուրիացի գաղթականներուն թղթածրարին նկատմամբ իմաստուն կեցուածք, ինչպէս նաեւ առարկայական եւ գործակցութեան ոգի ցուցաբերել եւ ոչ թէ անոնց հարցը մրցակցութեան վերածել:

Ան կոչ ուղղեց 2013-ի ամավարկը պատրաստելու եւ գործադրելու, ինչպէս նաեւ դրուատեց ու գնահատեց ապահովութեան ուժերուն ջանքերը, որոնք ի գործ դրուեցան տօնական օրերուն ընթացքին:

Նախագահ Սլէյման մաղթեց, որ տօնական օրերուն տիրող ապահովական կայուն մթնոլորտը ըլլայ տիրական 2013-ին:

Կառավարութեան նիստին ընթացքին իւրաքանչիւր նախարար իր պատկերացումը ներկայացուց` Լիբանան հասած 170 հազար սուրիացի գաղթականները ընդունելու ծրագիրին շուրջ:

Նիստին ընթացքին Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախարարները պահանջեցին վերջ տալ Լիբանանի մէջ սուրիացի գաղթականներ ընդունելու քայլին եւ կոչ ուղղեցին Լիբանան հասած գաղթականներուն մեծ մասը փոխադրել դէպի արաբական այլ երկիրներ, կամ դէպի Սուրիոյ ապահով վայրերը:

Նիստին աւարտին կառավարութեան որոշումները լրագրողներուն տեղեկացուց տեղեկատուութեան նախարարի պաշտօնակատար, ընկերային հարցերու նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր, որ նշեց, թէ Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականներու հարցերուն լուծման գծով համաձայնութիւն գոյացած է որդեգրելու շարք մը միջոցառումներ, որոնց շարքին` կոչ ուղղել նուիրատու երկիրներուն, որ յարգեն լիբանանեան պետութեան իրենց տուած խոստումները, ճշդորոշուած չափանիշներու հիման վրայ արձանագրել իրական գաղթականները, որպէսզի դիւրանայ օժանդակութեան աշխատանքը, ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպելին յանձնարարել ստեղծել ապահովական բջիջ մը` կազմուած բանակէն, ներքին ապահովութեան ուժերէն, ընդհանուր ապահովութեան եւ պետական անվտանգութեան ուժերէն, մշակելու համար ապահովական ծրագիր մը` գաղթականներու հարցերուն հետեւելու համար:

Ապու Ֆաուր նշեց, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախարարները ընդդիմացան որդեգրուած միջոցառումներուն:

Նախքան նիստին գումարումը, պետական նախարար Ալի Քանսօ յայտնեց, որ ինք նիստին ընթացքին պիտի արծարծէ Լիբանան-Սուրիա սահմանները հակակշիռի տակ առնելու կարեւորութիւնը` նկատի ունենալով Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը պահպանելու անհրաժեշտութիւնը:

Իր կարգին, ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպել, պատասխանելով առեւանգուած լիբանանցիները ազատ արձակելու բանակցութիւններուն մասին Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի կատարած յայտարարութեան, շեշտեց, որ լիբանանեան պետութիւնը ուղղակի բանակցութիւններ կը վարէ Ազեզի մէջ գտնուող լիբանանցիները առեւանգող կողմին հետ:

Պետական նախարար Ահմետ Քարամէ նշեց, որ սուրիացի գաղթականներուն հարցով կառավարութեան մշակած ծրագիրը պիտի վաւերացուի, սուրիացի գաղթականներուն դէմ սահմանները պիտի չփակուին եւ անոնց համար գաղթակայաններ պիտի չկառուցուին:

Ելեւմուտքի նախարար Մոհամետ Սաֆատի յայտնեց, որ սուրիացի գաղթականներուն համար ֆինանսաւորումը պէտք է ապահովուի բարեսիրական հաստատութիւններու եւ արտաքին նպաստներու կողմէ:

Նախորդը

«Կոչ Կ՛ուղղեմ Ուղղակի Բանակցելու Լիբանանցիները Առեւանգող Կողմերուն Հետ» Շեշտեց Սէյիտ Նասրալլա

Յաջորդը

Շաւարշ Քոչարեան Կ՛արձագանգէ Իլհամ Ալիեւի Ամանորեան Յայտարարութիւններուն

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.