Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իր Յղած Ամանորեան Ուղերձին Մէջ «Պարտաւոր Ենք Աւելի Զգօն Եւ Մարտունակ Ըլլալ» Կ՛ըսէ Սէյրան Օհանեան

December 29, 2012
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«2012 թուականին եւս, դրացի պետութիւնը չյաջողեցաւ ձերբազատուիլ մեր պաշտպանութեան մէջ չեղած թոյլ կէտերու ապարդիւն որոնումներուն տրուելու գայթակղութենէն», երէկ յայտարարեց Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան:

«Բոլորս կը յիշենք ամրան սկիզբը անոր կողմէ Հայաստանի Հանրապետութեան սահմաններուն վրայ ձեռնարկուած ամէնէն իսկական արկածախնդրութիւնը եւ այն արժանի հակահարուածը, որ իսկոյն ստացաւ»,  իր ամանորեան ուղերձին մէջ նշեց պաշտպանութեան նախարարը: Ան շարունակեց ըսելով, որ հասկանալի է, թէ երբ Ազրպէյճանի պետութեան իշխանութիւնները հայատեացութիւնը կը դարձնեն ներքին ու արտաքին քաղաքականութեան անկիւնաքար, երբ կը հերոսացնեն մարդասպանը, նմանօրինակ սադրանքներ յառաջիկային եւս կ՛ըլլան: «Ատիկա մեզի կը պարտաւորեցնէ աւելի զգօն ու մարտունակ ըլլալ, վստահօրէն պահպանելու համար Հայաստանի ու Արցախի ապահովութիւնը», ընդգծեց Օհանեան:

Պաշտպանութեան նախարարը շեշտեց, որ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ, զինեալ ուժերու գերագոյն գլխաւոր հրամանատար Սերժ Սարգսեան վերջերս վերստին վստահեցուց, որ Արցախի նկատմամբ որեւէ ոտնձգութեան պարագային վերջինիս թիկունքին պիտի կանգնին ամբողջ Հայաստանն ու հայութիւնը եւ պիտի դիմեն բոլոր միջոցներուն: «Իսկ որ կրնանք, կարծեմ, ասոր մասին լաւագոյնս վկայեցին պետական կառավարման մարմիններուն մասնակցութեամբ ու անձնակազմի լրահամալրումով տեղի ունեցած ռազմավարական ռազմափորձերը, ինչպէս նաեւ փայլուն եւ միջազգային մեծ արձագանգ ստացած մասնակցութիւնը Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած «Փոխադարձ գործակցութիւն – 2012» բազմազգ զօրախաղերուն ու ՕԹԱՆ-ի խաղաղապահ բազմազգ ռազմափորձերուն, որոնք դարձան բոլոր օղակներու պատրաստութեան, զինեալ ուժերու օգտագործման ու գործողութիւններու մշակման հմտութիւններու յղկուածութեան աներկբայ վկայութիւնը»,  ընդգծեց Սէյրան Օհանեան:

«Մեր ունեցած մեծագոյն նուէրն ու ձեռքբերումը յաղթական խաղաղութիւնն է, որ մենք չենք խնդրած, մեզի ոչ ոք տուած է, եւ մենք ոչ մէկէն ստացած ենք: Ատիկա Հայաստանի ու Արցախի համար նուաճած է ու կը պահպանէ հայկական բանակը: Այս խաղաղութիւնը ձեռք բերուած է անօրինակ նուիրումի, խիզախութեան, ինքնազոհողութեան ու անդառնալի կորուստներու գնով, եւ գլուխ խոնարհելով մեր զոհուած մարտընկերներուն անմահ սխրանքին ու պայծառ յիշատակին առջեւ, արժանին մատուցելով պատերազմի ու բանակաշինութեան բոլոր մասնակիցներուն ունեցած աւանդին, կը վստահեցնեմ, որ մենք ամէն ինչ պիտի ընենք 2013 թուականը դարձնելու նոր յաջողութիւններու ձեռքբերման հերթական տարի»,  յայտարարեց Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարը:

Նախորդը

Արամ Յարութիւնեան Դարձաւ 5-րդ Թեկնածուն

Յաջորդը

«Մեր Մօտ Միայն Տնտեսութիւնը Ստուերային Չէ» Կ՛ըսէ Աղուան Վարդանեան

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։