Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սլէյման Նախագահեց Կառավարութեան 2012-ի Վերջին Նիստին. Ընտրական Օրէնքը, Առեւանգեալները Եւ Քարիւղի Թղթածրարը Առանցքը Կազմեցին Կառավարութեան Վերջին Նիստի Քննարկումներուն

December 28, 2012
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Կառավարութեան նիստէն պահ մը

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ հաստատեց, որ պիտի շարունակէ իր ճիգերը այն իշխանութեանց հետ, որոնք կարող են ազդեցութիւն բանեցնել ու նպաստել Սուրիոյ մէջ լիբանանցի առեւանգեալներու հարցին բարւոք լուծման, առանց դատապարտելու որեւէ կողմ, յատկապէս` Թուրքիան, կամ սպառնալիքներ ուղղելու արաբ թէ բարեկամ երկիրներու լիբանանաբնակ քաղաքացիներուն դէմ:

«Լիբանանցիներուն վիճակուած է երկխօսութիւնը եւ Լիբանան իր բաղկացուցիչ այլազանութեամբ այլ ընտրանք չունի, բացի երկխօսութենէն, որ միակ դարմանն է իր այլազանութեամբ յատկանշուող լիբանանեան բացառիկ կառոյցի հարցերուն», ընդգծեց նախագահ Սլէյման: Երկխօսութիւնը, շարունակեց Սլէյման, առանցքն էր միջլիբանանեան բոլոր համաձայնութեանց` սկսելով համակեցութեան ուխտէն մինչեւ Թաէֆի ու ապա Տոհայի համաձայնագիրները, հասնելով «Պաապտայի յայտարարութեան»:

Նախարարաց խորհուրդի նիստին նախագահելու ընթացքին կատարած իր յայտարարութեամբ, նախագահ Սլէյման շեշտեց, որ «սպառնալիքը արգիլուած է Լիբանանի մէջ եւ պէտք է վերացուի մեր բառարաններէն»:

Միւս կողմէ, նախագահ Սլէյման վերահաստատեց իր զօրակցութիւնը պետական մարզի բարձրաստիճան պաշտօնեաներու նշանակման գծով որդեգրուած մեքանիզմին` միաժամանակ ամբողջական հասկացողութիւն ցուցաբերելով Լիբանանեան համալսարանի դասախօսներու պահանջներուն գծով:

Իսկ յառաջիկայ 2013-ին նախատեսուող ընտրութեանց գծով նախագահ Սլէյման յայտնեց, որ այս գծով անհրաժեշտ է որդեգրել 1960-ի ընտրական օրէնքի բարեփոխուած տարազ, այլապէս` փոխել կառավարութեան մշակած ընտրական օրինագիծը:

Կառավարութիւնը 2012-ի իր վերջին նիստին վաւերացուց կարգ մը որոշումներ, որոնցմէ հիմնականը կը նկատուի քարիւղի մարզին գծով տրուած որոշումը, որ վաւերացուեցաւ չնչին բարեփոխումէ ետք:

Կառավարութեան յաջորդ նիստը պիտի գումարուի յառաջիկայ 3 յունուարին, ուր քննարկումներու առանցքը պիտի կազմէ Լիբանանի մէջ սուրիացի գաղթականներուն հարցը:

ՆՇԵՆՔ, որ նախագահ Սլէյման պիտի մեկնի Լիբանանէն` Ամանորի արձակուրդը արտասահմանի մէջ անցընելու համար:

 

Նախորդը

Կեդրոնական Ափրիկէի Մէջ Ծայր Առած Բախումներուն Լոյսին Տակ Նախարար Մանսուր Կը Հանգստացնէ, Թէ Պանկիի Լիբանանցիները Լաւ Են

Յաջորդը

Չորս Թեկնածուներ Ներկայացուցին Իրենց Առաջադրման Դիմումները

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.