Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հոգեվարքի Մէջ Եղող Անկախութեան Մը Անվերջանալի Պատումը (Լիբանան, 1943)

Նոյեմբեր 21, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

Լիբանանը` մեծ սուտ մըն է:
ԱՆԹՈՒԱՆ ՖՐԱՆՍԻՍ
(Լիբանանցի պատմաբան)

Ամիսներ առաջ (2-4-2020), երբ պատեհ առիթի մը կ՛ունկնդրէի վերոյիշեալ պատմաբանին խօսքերը, որոնք կ՛առնչուէին Մեծն Լիբանանին, տարօրինակ ու տարբեր հնչեցին հետեւեալ բառերը` «մեծ սուտ», որ, ի դէպ, կ՛ակնարկուէր 1920-ին, այսպէս ըսած, ստեղծուած Լիբանանին:

Այո՛, այդ օրերու Լիբանանին, անշուշտ, որ ի յայտ եկած էր որոշակի տարածքի մը վրայ, չըսելու համար կտոր մը հողաշերտի, որ, հետագային, իբրեւ թէ հիմք պիտի հանդիսանար անկախ, գերիշխան, երազուած ու միշտ փայփայուած «Լուպնան էլ ախտարին», այսինքն` քաղաքակրթութիւններու բովէն անցած, գիր ու գրականութիւն ունեցած, պատմութիւն կերտած, մշակոյթ տարածած եւ օր մըն ալ Միջին Արեւեքի Փարիզը յորջորջուած երկրին, որուն հիմնական առաքելութիւնը պիտի ըլլայ (եղեր) լոյս ու յոյս սփռել իր շրջապատին, համակեցութեան եւ երկխօսութեան «փարոս» դառնալ բոլորին:

Իրօք, ատենի, գաղութատէրերու, յատկապէս` Ֆրանսայի ու Մեծն Բրիտանիոյ կողմէ արձանագրուած թուղթի վրայի խօսքերը լոկ քաղաքական փուջիկներ էին, լաւագոյնս օգտուելու առկայ կացութենէն եւ կարկտանի լուծումներ փոխանցելու կամ պարտադրելու Միջին թէ մերձարեւելեան նորափթիթ երկիրներու հաշուոյն:

Դեռ 1943-ին լիբանանցի ժողովուրդը կը յաջողի ձեռք ձգել իր անկախութիւնը: Փաստօրէն, գաղութարար բայց «սիրասուն» ֆրանսացին` պէս-պէս քաղաքական նկատառումներէ մեկնած, Լիբանանին «կը շնորհէ» ազատութիւն եւ անկախութիւն, իսկ լիբանանցիներուն` համայնքային բարեկեցութիւն, համերաշխ ապրելու եւ գործելու հնարաւորութիւն, սեփական պետութիւն կառուցելու կարելիութիւն, իբրեւ ժողովուրդ` հաւաքաբար զարգանալու հնարաւորութիւն, քաղաքական միտք ու կամք  ձեւաւորելու առիթ եւ ամէնէն էականը` ինքնիշխանութիւն եւ այլն, եւ այլն:

Ճիշդ է, որ այնուհետեւ, նորահաս սերունդներ պատմութեան գիրքերու մէջ միայն կարդացին «Մեծն Լիբանան» բառակապակցութիւնն ու անկէ բխող երազական ակնկալութիւններու շքերթը, սակայն հետագայ տարիները ցոյց տուին, թէ այս հողաշերտին վրայ ապրողներուն զլացուած էր ամէնէն կարեւոր յատկութիւնը` քաղաքացիական կրթութիւնը, այլ խօսքով` պատկանելիութեան զգացողութիւնը, որ մինչեւ մեր օրերը կը շարունակէ տուայտիլ, շփոթի ու տարակուսանքի մատնուիլ, պարզապէս որովհետեւ 100 տարիէ լիբանանցին չէ կրցած հասկնալ եւ ըմբռնել, թէ անձեր ու ժողովուրդի շերտեր պէտք է քաղաքացիական իրենց հպարտութիւնը ագուցեն բացառաբար հայրենիքին, պետականութեան, դրօշին ու քայլերգին:

Այլ խօսքով` պատկանելիութեան զգացողութիւնը, ընկերային հոգեվիճակ թէ ազգային արժէք ըլլալու առընթեր, անիկա գիտակցական մակարդակ է` տիրութիւն ընելու հողին, մշակոյթին, պատմութեան եւ ապագայ սերունդներու ճակատագիրին:

Եւ ահա, այս պարունակին մէջ հարկ է կշռադատել անցեալի թէ ներկայի այն բոլոր գործելաոճերը (պետական, քաղաքական, տնտեսական, ընկերային), որոնք պատուհաս դարձան այս հողին վրայ ապրող ժողովուրդին, որ, իր կարգին, կառչած մնաց իր համայնքայնութեան եւ մերժեց դուրս գալ այս ախտէն, որոգայթէն, ստրուկի հոգեբանութենէն:

Աւելի՛ն. ժողովուրդի տարբեր շերտեր իրենք զիրենք հանգիստ զգացին տուեալ համայնքին մէջ բանտարկուած ըլլալու իրողութեամբ, յայտնապէս գերադաս համարելով վախը, այո՛, իրենց արուեստականօրէն սրսկուած վախը, այսպէս ըսած, համայնքի շահերը կամ իրաւունքները կորսնցնելու մտահաճութիւնը:

Ու այդ օրէն ի վեր շոյուած «Մեծն Լիբանան»-ի երազին թէ սիրասուն գաղութարարի յորդորներու տարափին ներքեւ, Լիբանան երկիրը կը շարունակէ տառապիլ յանուն ոչինչի, մե՛րթ եղբայրասպան կռիւներու, մե՛րթ քաղաքացիական պատերազմի, մե՛րթ համայնքային պառակտիչ գզվռտուքներու պատճառով, բայց առհասարակ` օտարի կործանարար քաղաքական փորձութիւններու զոհը դառնալով:

Այս պարագային մեզ հետաքրքրողը գերիշխան Լիբանանն է, որուն լիրաւ քաղաքացին ըլլալով, պարտք կը զգանք իւրաքանչիւր պատեհ առիթի մեր ձայնը լսելի դարձնելու եւ ի հարկին քաջաբար մատնանշելու ախտերն ու ահռելի սխալները, որոնք քանդեցին այս երկրին ներքին կառուցուածք, որուն ամէնէն դիպուկ օրինակն է, ցաւ ի սիրտ, 4 օգոստոսի Պէյրութի նաւահանգիստին պայթումը, չըսելու համար ինքնասպանութիւնը, որուն զոհ դարձաւ անմեղ ժողովուրդ մը համակ:

Մեր հայրերը յաճախ ըսած են, թէ Լիբանանի կառոյցը «ծուռ» է, չի՛ շտկուիր: Այո՛, չի՛ շտկուիր, որովհետեւ ժառանգուած քաղաքական անլրջութիւնը, պետական մակարդակի կաշառակերութիւնը, հաւաքական փտածութիւնը, օտարին ծառայելու պատրաստակամութիւնը, համայնքային ստրկամտութիւնը, երկփեղկուածութիւնը, հասարակական տկլոր ու տխեղծ մօտեցումները, պետական գանձարկղի թէ երկրին պատկանող հարստութիւններու «օրինական» ու բացայայտ կողոպուտը, մենաշնորհեալ ու վաճառուած լրատուացանցերու առկայութիւնը, իրաւ քաղաքացիի ազնիւ պոռթկումի ու ցասումի բացակայութիւնը, ծրագրուած ու հեռատես աշխատանքի չգոյութիւնը եւ այլն եւ այլն կան ու կը յամենան:

Ու այս բոլորը մեզ կը յուշեն, մեր հայրերու պատգամը, թէ առանց համոզումի, հաւատամքի, նուիրումի, տքնաջան աշխատանքի եւ քաղաքացիական բարեկիրթ գիտակցութեան ապահով երկիր ու բարձր մակարդակի պետական կարգ ու սարք կարելի չէ ունենալ, չունեցանք:

Թերեւս ունենանք յաջորդ հարիւրամեակին, ոգեկոչելով կամ յիշատակելով «Մեծն Լիբանան»-ի (1920-2020) գեղահունչ բառակապակցութիւնը եւ անոր յաջորդող Լիբանանի անկախութեան տօնը:

Դառն է ըսել, բայց յայտնենք, որ ծծումբով փակցուած համայնքներու երկիրը գերիշխան պետութիւն ու քաղաքական քարտէս չի կրնար ունենալ:

 

Նախորդը

Ֆրանսան Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Զինադադարի Գործադրման «Միջազգային Վերահսկողութիւն» Կ՛ուզէ

Յաջորդը

Անկախութիւնը Հաւասար Է Գերիշխանութեան

RelatedPosts

Հայրենիքի  Հաւատքը  Պահապան   Մեր Ինքնութեան
Անդրադարձ

Փաշինեանի «Իրական Հայաստան» Գաղափարախօսութիւնը- Ի՛նչ Է Եւ Ի՛նչ Չէ

Յուլիս 12, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?