ԱՐՇՕ ՊԱԼԵԱՆ
Լիբանանի անկախութեան տօնն է դարձեալ:
Անկախութեան տօն, որ սկզբունքով պէտք է քաղաքացիին ուրախութիւն, հպարտութիւն ու կորով ներշնչէ: Երկրին դրօշը պէտք է ամէնուրեք ծածանի, քայլերգի կշռոյթը ողողէ մայրաքաղաքը, տարբեր թաղամասերն ու իւրաքանչիւր բնակարան:
Լիբանանեան բանակը պէտք է տողանցէ, պիտի արձանագրուի սպաներու շրջանաւարտ նոր սերունդ:
Պշամունը, Ռաշայան, հանրապետութեան նախկին նախագահներուն ու վարչապետներուն, այլ խօսքով` անկախութիւնը կերտած լիբանանցի անձնաւորութիւններուն անունները պիտի հնչեն տեղեկատուական մարզի բոլոր միջոցներուն ընդմէջէն:
Ծաղկեպսակներ, յարգանքի տուրք, յիշատակի պանծացում, ազատ ու անկախ մնալու ուխտի վերանորոգում, պետականութեան ամրապնդում, օտար պետութեանց շնորհաւորութիւններ, բարեմաղթութիւններ, մէկ խօսքով` մթնոլորտ մը, որ ազգային հպարտութեամբ կը լեցնէ քաղաքացիին հոգին ու զայն աւելի եւս կը կապէ հայրենիքին:
Այս պարբերութիւնը կարդալէ ետք ընթերցողը կրնայ երկրորդ ակնարկ մը նետել յօդուածին մէջ օգտագործուած լուսանկարին եւ վերադառնալ յօդուածին առաջին բառին…
Այո՛, Լիբանանի անկախութեան մասին է: Անկախութիւն մը, որ այդպէս ալ մնաց տխուր եւ երբեք չեղաւ լիբանանցի քաղաքացիին հպարտութիւն ներշնչող առիթ:
Նախորդ երկու տասնամեակներուն անկախութիւնը եղաւ առիթ մը, որուն ընթացքին բացայայտօրէն դրսեւորուեցաւ իշխանութեան երեք պետերուն անհամերաշխութիւնը:
Երկիրը ապրեցաւ այնքան հսկայական ցնցումներ, որոնք քաղաքացիները դարձուցին յուսալքուած մարդ արարածներու: Լիբանանեան դրօշին բոսորն ու մայրին ոչ մէկ կերպով ուրախութիւն ներշնչեցին լիբանանցիին, իսկ լիբանանցի երիտասարդ սերունդները, յատկապէս` իրենց ապագայով մտահոգ տղաք ու աղջիկներ, ունէին մէկ հասցէ` յարգուած պետութիւններու դեսպանատուները, որոնց դիմաց ուրուագծուած երկար շարքերուն միանալէ եւ ուսման արտօնութիւն ստանալէ ետք մէկ ուղղութեամբ օդանաւային տոմս մը ապահովել դէպի այդ երկիրները:
Ահաւասիկ արտագաղթի օրինակը` իր պայծառագոյն վիճակով:
Այսօր երկիրը իր անկախութեան 77-ամեակը կը դիմաւորէ կատարեալ դժբախտութեան մէջ:
Նախորդ տարեվերջէն արդէն Լիբանանի մէջ շօշափելի դարձած էր տնտեսական տագնապը:
17 հոկտեմբեր 2019-ին տնտեսական տագնապին եւ ահռելի իրավիճակին դէմ Պէյրութի փողոցներուն մէջ դրսեւորուեցան բողոքի ժողովրդային ցոյցեր, որոնց շարժառիթը եղաւ «ուաթսափ»-ի ծառայութիւն ստանալու համար յաւելեալ 6 ամերիկեան տոլար վճարելու առաջարկը:
«Քորոնա»-ի համաճարակով յղի աշխարհին մէջ Լիբանան իր նորածինը ստացաւ 2020-ի փետրուարին: «Քորոնա» ժահրով չվարակուելու արշաւները, երկիրը փակելու որոշումները, ընդհանուր զօրաշարժն ու փոխադրութեան սահմանափակումները, տնտեսական տագնապին զուգահեռ, խեղդեցին քաղաքացին:
Ընդհանուր զօրաշարժին համար որդեգրուած նախազգուշական քայլերը` ճամբու մարած լոյսեր, մթութիւն եւ ամայութիւն, սպաննող լռութիւն, ինքնամեկուսացում եւ դիմացինէն ժահրով չփոխանցուելու համար «զգուշ»-ի կոճակին վրայ լարուած մարդուն միտքը զայն դարձուցին եսակեդրոն արարած:
Այս բոլորին կողքին, լիբանանեան դրամանիշին արժեզրկումն ու անոր դիմաց լիբանանեան պետութեան կողմէ ոչ մէկ հատուցումի, այլեւ առօրեայ որոշ կարիքներու պարագային նիւթական ճղճիմ նպաստ տրամադրելու խաբկանքը նուաստացուցին լիբանանցի քաղաքացին:
Հինգ ամիս իր վէրքերով տառապող քաղաքացիին համար բացուեցաւ նոր` դառն էջ մը, երբ օգոստոսի երեքշաբթի երեկոյ մը ցնցուեցաւ ամբողջ մայրաքաղաքը: Ռումբ էր, օդանաւ էր, հրդեհ էր, երկրաշարժ էր. տակաւին յստակ չէ, եւ կարելի ալ չէ ճշմարտութեան բացայայտում ակնկալել, գէթ` մօտիկ ապագային:
Յստակ մէկ բան կար, որ այդ ցնցումը, որուն հետքերը տակաւին երկար պիտի զգանք, Պէյրութի նաւահանգիստին պայթումն էր. անոր պատճառով անմեղ քաղաքայիններ, արդէն իսկ խեղդուած քաղաքացիներ, տնտեսապէս տառապող մարդիկ կորսնցուցին նաեւ իրենց ունեցածը, ամբողջ կեանքին ընթացքին վաստկածը` մնալով անտուն ու անմխիթար վիճակի մէջ եւ սգալով իրենց հարազատներուն կորուստը:
Անկախ պետութիւն մը, նման մղձաւանջային պարագայի, կը հասնի իր քաղաքացիներուն` նիւթապէս, բարոյապէս եւ մարդկային առումով:
Լիբանան այս բոլորէն ոչինչ կրցաւ կատարել, բարեբախտաբար լիբանանեան բանակը, որ ցարդ երկրին ու քաղաքացիին վստահութիւնը վայելող միակ կառոյցը կը մնայ, ան է, որ պետութեան «հոգատարութիւն»-ը կը շարունակէ փոխանցել ժողովուրդին:
1943-էն ի վեր լիբանանցիները կը փորձեն պետականութիւն կերտել, սակայն չեն յաջողիր երկրին համայնքային դրուածքին պատճառով:
Ճիշդ է, որ Լիբանան նաեւ համերաշխութեան եւ ազգային գոյակցութեան երկիր է, սակայն ուրիշը ընդունելու կարողութիւնն ու իրարու հանդէպ հանդուրժողութիւնը, նուազագոյնը այս փուլին, գոյութիւն չունին եւ առիթ չեն տար, որ կառավարութեան կազմութեան առումով խորհրդակցութիւնները բնականոն կերպով ընթանան խորհրդարանը բաղկացնող քաղաքական ուժերուն միջեւ:
Հիմնականին մէջ, սակայն, այս բոլորը Լիբանանին կը պատահի, որովհետեւ ան գերիշխանութեան խնդիր ունի:
Իր անկախութեան առաջին օրէն իսկ օտար պետութիւններ միջամուխ դարձած են` Լիբանանի ներքին հարցերուն, քաղաքական որոշումներուն, մարտահրաւէրները դիմագրաւելու միջոցներուն, մեծ կամ փոքր ամէն տեսակի իրադարձութեան կամ զարգացումի:
Լիբանան իր որոշումին տէրը չէ, փաստօրէն այսօր ան կառավարութիւն իսկ չունի, որովհետեւ սպասողական վիճակի մէջ է: Կը սպասէ այս կամ այն մեծ պետութեան` արաբական կամ օտար, կանաչ լոյսին, հաւանութեան ազդանշանին:
Այս իմաստով օրինակները շատ են եւ բացայայտ: Կ՛արժէ միայն հետեւիլ Լիբանան այցելող օտար պետութիւններու ներկայացուցիչներուն եւ բարձրաստիճան պաշտօնատարներուն, կամ հետեւիլ Լիբանանի մասին այս կամ այն երկրի ղեկավարին կատարած յայտարարութեան, որպէսզի յստակ դառնայ, թէ ինչպէ՛ս տարբեր պետութիւններ Լիբանանը իր օձիքի քանի մը կողմերէն կը փորձեն իրենց կողմ բերել, եւ ինքնաբերաբար Լիբանան կայուն չի մնար, կ՛երերայ` իր վիզին շուրջ ուժ բանեցնող ձեռքերուն մէջ, իսկ քաղաքացին կ՛ապրի մնայուն անկայունութեան մէջ` իր աչքերը սեւեռած պղտոր հեռանկարի մը վրայ:
Ժողովրդավարական վարչակարգը կ՛ենթադրէ, որ ժողովուրդը ընտրէ իր քաղաքական ներկայացուցիչները, որոնք, իրենց կարգին, պաշտպանեն ժողովուրդին շահերը եւ ամրապնդեն երկրին գերիշխանութիւնը:
Անկախ այն իրականութենէն, որ Լիբանանի մէջ ստեղծուած է համախոհական ժողովրդավարութեան հերետիկոսութիւն, տակաւին պետական պաշտօններ կը զբաղեցնեն լիբանանցի քաղաքական անձնաւորութիւններ, որոնք կախեալ են արտաքին նշաններէ եւ մեծաւ մասամբ փտած են:
Գերիշխանութիւնը կ՛ենթադրէ, որ երկրին խորհրդարանն ու քաղաքական գործիչները գործեն տիւ ու գիշեր` ամրապնդելու համար զայն եւ պաշտպանելու համար անկախութիւնն ու ժողովուրդին շահերը, բայց վերոնշեալ քաղաքական գործիչներու տեսակով անկարելի է երկրին անկախութիւնը, գերիշխանութիւնն ու քաղաքացիին արժանապատուութիւնն ու հպարտութիւնը պահպանել:
Անկախ քաղաքականէն` Լիբանան ամիսներէ ի վեր կը գտնուի Իսրայէլի հետ սահմանագծում կատարելու անուղղակի բանակցութեանց սեղանին շուրջ:
Թէեւ սահմանագծումի խորհրդակցութիւններուն մասին դրական մթնոլորտ կը դրսեւորուի, սակայն պէտք է զգուշ ըլլալ, որ յանկարծ այդ բանակցութիւններէն կորուստ չժայթքի, որովհետեւ այդ սեղանին շուրջ նաեւ կայ Իսրայէլի շահերուն համար ոգի ի բռին պայքարող միջնորդ մը:
Ինչպիսի՞ գերիշխանութիւն, երբ քաղաքացիները ամէնօրեայ դրութեամբ կ՛ապրին իսրայէլեան օդուժի կողմէն լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ գործուած ոտնձգութիւնները եւ Լիբանանը գետնի հաւասարեցնելու սպառնալիքները:
Կը հասկնանք, որ ամէն իմաստով Լիբանանի անկախութիւնն ու գերիշխանութիւնը վտանգուած է: Կրնանք նաեւ քաջ ըլլալ եւ մենք մեզ չխաբել` ընդունելով, որ եթէ գերիշխան չենք, ուրեմն անկախ չենք:
Երկրին անկախութեան, գոյութեան, գերիշխանութեան, հայրենիք ունենալուն, պատկանելութիւն ունենալուն, քաղաքացիական արժանապատուութեան կշիռը զգալուն մասին այս մտածումներն ու ապրումները աւելի եւս կը շեշտուին ու շօշափելի կը դառնան, երբ լիբանանահայ ես:
Իբրեւ լիբանանցի այդ բոլոր տառապանքը ապրելու կողքին, դուն ստացար այլ զօրաւոր ապտակ մը, եւ եթէ Լիբանանի մէջ ապրելու գոյապայքար կը մղէիր, ստացար այլ հարուած մըն ալ, որ լրիւ անդամալուծեց սիրտդ, հոգիդ ու միտքդ:
Այս օրերուն, իբրեւ հայ, կորսնցուցած ես հողեր, հայրենիք: Իբրեւ սփիւռքի սիրտը նկատուող գաղութ` շունչ, ներուժ ու կորով կը ստանայիր Հայաստանէն ու Արցախէն, այսօր մնացած ես անհայրենիք եւ հողի պահպանման համար տասնեակ տարիներու պայքարը հողին հաւասար դարձած է:
Կ՛ուզես, որ այդ ամէնը անցողակի մղձաւանջ մը ըլլայ: Ուղեղդ յանկարծ քեզ ետ կը տանի եւ կը տեսնես, որ Արցախը եւս կողքիդ կանգնած էր Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն ետք` շատերու կողքին մարդասիրական օժանդակութիւն տրամադրելով:
Արցախի դրօշը կրող արկղերը, որոնք Պէյրութ հասած էին օրին, հպարտութիւն ներշնչած էին մեզի եւ դարձեալ հաստատած` Արցախի ու լիբանանահայութեան միջեւ գոյութիւն ունեցող հզօր կապը:
Այսօր Արցախը գրեթէ չկայ հայրենի իշխանութիւններուն անձնատուութեան պատճառով: Զարմանալի չէ այն, որ միջազգգային ընտանիքը հիմա քայլեր կ՛առնէ ճանչնալու Արցախի անկախութիւնը: Ինչո՞ւ հիմա: Որովհետեւ գերիշխանութիւն չկա՞յ: Հոն ալ բացայայտ է այլեւս, որ ո՛վ կ՛իշխէ:
Յոռետեսութիւն չէ սա, այլ` իրապաշտութիւն:
Փոքր պետութիւնները պէտք է իրարմէ դասեր եւ օրինակներ քաղեն ու փորձառութիւններ բաժնեկցին:
Ազգային գերիշխանութիւնը վերականգնելու նպատակով ճիգ եւ ջանք պէտք չէ խնայել` արժանի դառնալու համար անկախ կոչուելու: Այդ ճիգն ու ջանքը կը ներառեն նաեւ մտային եւ հոգեկան պարտուողականութենէն հեռու մնալու կամքը:
Աստուած մի՛ արասցէ, որ անձնատուութեան հոգեբանութեամբ շարունակենք առաջնորդուիլ զոյգ երկիրներուն մէջ, որովհետեւ երկուքին պարագային ալ պիտի կորսնցնենք ամէն ինչ: