Ֆրանսայի 15 քաղաքներու եւ համայնքներու ղեկավարները հրապարակած են Արցախի Հանրապետութեան ճանաչման հռչակագիր մը` Ֆրանսային եւ միջազգային ընտանիքին կոչ ուղղելով հետեւելու իրենց օրինակին: Այս մասին կը հաղորդէ մեր պաշտօնակից «Ասպարէզ»-ը:
Բանաձեւին մէջ կը նշուի. «27 սեպտեմբեր 2020-ին Ազրպէյճան վերսկսած է ղարաբաղեան տագնապը, որ սառեցուած էր 1994 թուականի անկայուն զինադադարով` սկսելով աննախադէպ լայնածաւալ յարձակում ինքնորոշուած հանրապետութեան վրայ:
«Ազրպէյճանական բանակի գործողութիւնները, որոնց մէջ ընդգրկուած էին սուրիական ժիհատական խմբաւորումներու զինեալներ, պատճառ դարձած են Լեռնային Ղարաբաղի (Արցախ) մէջ մարդասիրական ճգնաժամի, որուն ուղեկցուած են զինեալ տագնապին վերաբերեալ միջազգային ուխտերու լուրջ խախտումներ:
«Ռմբակոծուած են թէ՛ մայրաքաղաք Ստեփանակերտը, թէ՛ ալ սահմանամերձ համայնքները: Բազմաթիւ խաղաղ բնակիչներ սպաննուած են, իսկ արցախցի հազարաւոր մարդիկ արտաքսուած են իրենց տուներէն:
«10 նոյեմբերի կէս գիշերին 44 օրուան արիւնալի մարտերէ ետք ուժի մէջ մտած է զինադադարի պայմանագիրը, որ կնքուած է Ռուսիոյ իշխանութիւններուն հովանիին տակ` ամրագրելով հակամարտող կողմերու դիրքերը:
«Հակառակ անոր որ այս համաձայնագիրի կէտերը բոլորովին գոհացուցիչ չեն, այսուհանդերձ անոնք կը նպաստեն երկու կողմերէն ալ կեանքեր փրկելուն: Տարածքներու կորուստը կրնայ յանգեցնել ծայր աստիճան անբարենպաստ կացութեան` մասնաւորաբար հարիւրաւոր հնադարեան եկեղեցիներու եւ տաճարներու պահպանման առումով:
«Այս առումով, Արցախի երկրորդ քաղաք Շուշիի անկումը յղի է Արցախի ժողովուրդը սեփական պատմական յիշողութենէն զրկելու վտանգով` հաշուի առնելով քաղաքին մէջ տեղի ունեցած բոլոր աննախադէպ աւերածութիւնները, ներառեալ` վերջերս վերանորոգուած Ս. Ամենափրկիչ եկեղեցւոյ մէջ կատարուածը:
«Այսուհետեւ մեր պարտքն է չթաքնուիլ զգուշաւոր չէզոքութեան ետին, ինչ որ կը նշանակէ հաւանութիւն տալ ազրպէյճանական յարձակումին: Մենք պէտք է վերահաստատենք մեր լիակատար աջակցութիւնը բարեկամ ժողովուրդին` աջակցելով հայ ժողովուրդի իր նախնիներու հողեր վերադարձին»:
Յայտարարութեան մէջ նաեւ կը նշուի, որ անկախութեան հռչակումէն ի վեր Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը իր ժողովուրդին երաշխաւորած է հաստատութենական կայունութիւն` հիմնուած երբեւէ կասկածի տակ չդրուած ժողովրդավարական հիմքերու, տարածքային ամբողջականութեան եւ պաշտպանութեան, ինչպէս նաեւ տնտեսական եւ մշակութային բարգաւաճման վրայ:
«Արցախի պետութեան տարածքին մէջ համախմբուած ժողովուրդը արմատապէս կապուած է իր նախնիներու հողին` հասարակաց լեզուով, հասարակաց պատմութեամբ, ժառանգական մշակոյթով ու դաւանանքով: Հաշուի առնելով այս կարեւոր գործօնները, մեզ առաւել քան երբեւէ կը թուի, որ Արցախի անկախութիւնը իրաւականօրէն ուժեղ է, օրինական եւ արդար», կը նշուի յայտարարութեան մէջ` Ֆրանսայի կառավարութիւնը եւ միջազգային ընտանիքը յորդորելով ճանչնալու նաեւ Արցախի անկախութիւնը իբրեւ միակ արդիւնաւէտ միջոց` պաշտպանելու Արցախի ժողովուրդը ցեղային զտումէն, որ մինչեւ այժմ կը սպառնայ անոնց:
Միացեալ հռչակագիրը ստորագրած են Վալանսի, Տեսին Շարփի, Վիենի, Սեն Շամոնի, Քոմփիենի, Պուք Պել Էրի, Լէ Փեն Միրապոյի, Շաւիլի, Ալֆորվիլի, Շամ սիւր Մառնի, Ռոման սիւր Իզերի, Պուր տէ Վալանսի, Պուր տէ Փիաժի, Շաթուզանիէ լը Կուպէի, Կիլերան Կրանժի ղեկավարները: