Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Անգարան Հանդիպումի Հրաւիրուելու Կոչ Կ՛ուղղէ Մոսկուային` Սաստկացնելով Պատերազմը

Հոկտեմբեր 14, 2020
| Newsletter, Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայ-ազրպէյճանական ուղղակի թէ անուղղակի բանակցութիւնները ցոյց կու տան, որ Պաքուն եթէ մինչեւ սեպտեմբերեան պատերազմը անվստահելի ոչ կառուցողական կողմ էր եւ ամէն առիթի կը խախտէր համաձայնութիւնները, այս պարագային այլեւս պարզ է, որ Պաքուն ի վիճակի չէ իր երկրին կողմէ որոշում կայացնելու կամ  այս պարագային Ռուսիոյ միջնորդութեամբ կայացած պայմանաւորուածութիւն գործադրելու:

Պատերազմը հրահրուած է Թուրքիոյ կողմէ. Թուրքիոյ ո՛չ միայն զինուժը, այլ նաեւ զինուորական բարձրաստիճան սպայակոյտը` անօդաչու սարքերէն մինչեւ ռազմական կործանիչներ ներկայ են Արցախի դէմ յայտարարուած պատերազմին: Այսօր ո՛չ միայն միջազգային հանրային կարծիքը, այլ նաեւ միջազգային հանրութիւնը կը խօսին, Անգարայի կողմէ ահաբեկիչներու պատերազմի ներմուծման մասին:

Ռազմական մակարդակի վրայ այս բացայայտ ներգրաւուածութիւնը Անգարան կ՛ուզէ տեղափոխել նաեւ բանակցային դաշտ: Եւ ինչպէս որ Ազրպէյճանի տարածքը կ՛օգտագործուի Անգարայի ռազմաքաղաքական գործարքներուն համար, այնպէս նաեւ հիմա փորձ կը կատարուի ազրպէյճանական կողմը լրիւ շահարկելու Թուրքիոյ ներգրաւումը ապահովելու համար հակամարտութեան լուծման գործընթացին:

Երկու ուղղութեամբ բեկումնային որեւէ ճեղքում չէ կրցած ապահովել Անգարան: Այս պատճառներով է նաեւ, որ ուղղակի կաթուածահար վիճակի մէջ է որեւէ բանակցութիւն, սկսելու համար` զինադուլի հաստատման որեւէ պայմանաւորուածութիւն: Ազրպէյճան ի վիճակի չէ զինուորական գործողութիւնները կասեցնելու. իրաւասութիւն չունի նոյնիսկ մարդասիրական ժամանակաւոր զինադադարի համաձայնութիւնը գործադրելու:

Յստակ է ուղերձը Պաքուին: Պաքուին փոխարէն խօսեցէ՛ք Անգարային հետ: Այդպէս թելադրուած է իրեն: Այլապէս որեւէ հրադադար չի կայանար, որեւէ մարդասիրական զինադուլային կանգառ տեղի չ՛ունենար:

Անգարան սպասողական վիճակի մէջ է, որ Մոսկուան հակամարտութեան կարգաւորման իրողական ձեւաչափը ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներէն տեղափոխէ Անգարա-Մոսկուա գիծին վրայ: Այդ առաջարկը առ այս պահը արձագանգ չի գտներ Մոսկուայի կողմէ: Ընդհակառակն, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը կը յստակացնէ, որ միջնորդական ձեւաչափը պէտք է մնայ նոյնը, եւ Թուրքիան դեր չունի այստեղ կատարելիք:

Այս չընդառաջումին դիմաց յարձակումը կը սաստկանայ` խորքին մէջ հարուածելով Մոսկուայի մէջ կայացած եռակողմ պայմանաւորուածութիւնը: Անգարան կը սկսի հարուածել Մոսկուան` դարձեալ Ազրպէյճանը օգտագործելով: Ռազմաքաղաքական իրադարձութիւնները կը յուշեն, որ սկսելու համար կայուն զինադուլի տեսանելիութիւնը կ՛արձանագրուի, երբ տեղի ունենան միջգերատեսչական, գուցէ աւելի ուշ նոյնիսկ Փութին-Էրտողան հանդիպում մը:

Ականահարելէ ետք ԵԱՀԿ-ի համապատասխան համակարգը` Անգարան այսպիսով կը ձախողցնէ նաեւ Մոսկուայի կողմէ առնուած մարդասիրական զինադուլ հաստատելու քայլը: Այս բոլորին մէջ Պաքուն պարզապէս ամբողջական հնազանդութեամբ կը կատարէ Անգարայէն իրեն փոխանցուող հրահանգները: Լիարժէք կ՛աշխատի «մէկ պետութիւն եւ իրեն ամբողջական ենթակայ մարզ» բանաձեւը` փոխան «մէկ ազգ երկու պետութեան»:

Անգարայի առաջարկին` Մոսկուայի դիւանագիտական մերժումին կը յաջորդէ պաշտպանական մակարդակի վրայ կատարուած յայտարարութիւնը: Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը յայտարարէր, որ իր իրաւասութեան ծիրին մէջ կը մասնակցի Արցախի մէջ կացութիւնը կարելի եղածին չափ շուտ կայունացնելու նախաձեռնութիւններուն:

Ռուս եւ թուրք պաշտպանութեան նախարարներու հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը, ըստ լրատուութեան, չէր վերաբերեր միայն արցախեան պատերազմին: Ամփոփ  լրատուութիւնը կը նշէր, որ անոնք խորհրդակցած են Արցախի, Լիպիոյ եւ Իտլիպի մասին: Ահա այստեղ է կարեւորագոյն հանգուցակէտը: Անգարան երրորդ թէժ կէտ բանալով ռազմաքաղաքական փաթեթային գործարքներու  առաջարկ կը կատարէ Մոսկուային: Գործարքային առաջարկներ կատարելու համար միջոցներ եւ գործիքակազմեր պէտք են: Այդ միջոցներուն հիմնականը Ազրպէյճանն է:

 «Ա.»

 

Նախորդը

Բոլորիս Կարէնը

Յաջորդը

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարը Անընդունելի Կոչած Է Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Զինադադարի Դրութեան Խախտումները

RelatedPosts

Հայրենիքի  Հաւատքը  Պահապան   Մեր Ինքնութեան
Անդրադարձ

Փաշինեանի «Իրական Հայաստան» Գաղափարախօսութիւնը- Ի՛նչ Է Եւ Ի՛նչ Չէ

Յուլիս 12, 2025
Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?