Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զուրապիշվիլի. «Վրաստանը Կարելիութեան Պարագային Պատրաստ Է Հիւրընկալելու Փաշինեան – Ալիեւ Հանդիպումը Մինսքի Խմբակի Համանախագահութեան Ձեւաչափով»

October 6, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վրաստանի նախագահ Սալոմէ Զուրապիշվիլի մտադիր է հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունենալ Հայաստանի վարչապետին եւ Ազրպէյճանի նախագահին հետ: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն:

Վրաստանի նախագահը պատրաստակամութիւն յայտնած է կարելիութեան պարագային ընդունելու ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու հովանիին տակ ղարաբաղեան հիմնախնդիրի լուծման հարցով հանդիպում:

«Ժամանակն է զրոյցներ ունենալ երկու երկիրներու ղեկավարներուն հետ, ատոնք նախատեսուած են այս շաբաթ: Անհրաժեշտ է, որ Վրաստանը հաւատարիմ մնայ դրացի երկու երկիրներու նկատմամբ չէզոքութեան: Մեր երկիրներու տնտեսութիւններն ու զարգացումը աշխարհի վրայ խաղաղութենէն կախեալ են», յայտարարած է Վրաստանի նախագահը` «Ռուսթաւի 2» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին:

Զուրապիշվիլիի համաձայն, Վրաստանը հակամարտող կողմերուն կրակոցը դադրեցնելու կոչ ուղղած է` խուսափելու համար հետագայ զոհերէ:

«Երկու կողմէն ալ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ծիրին մէջ աշխատելու պատրաստակամութեան նախադրեալներ կը նկատուին: Կը կարծեմ` մենք պէտք է նպաստենք հանդիպման կայացման, թէկուզ` Վրաստանի մէջ: Մենք ամէն բան պիտի ընենք եւ պատրաստ ենք այն ամէնուն, ինչ որ ընդունելի պիտի ըլլայ անոնց համար», յայտարարած է Զուրապիշվիլի:

 

Նախորդը

Արցախի Պաշտպանութեան Բանակը Կիրարկած Է Մարտավարական Հնարքներ` Ծուղակը Ձգելով Թշնամին

Յաջորդը

«Ազրպէյճանն Ու Հայաստանը Պէտք Է Վերադառնան Բանակցութիւններու Սեղան Առանց Նախապայմաններու» Կ՛ըսէ Ռումանիոյ Նախագահը

RelatedPosts

Ռուպիօ. «Միացեալ Նահանգները Անընդունելի,  Իսկ Որոշ Պարագաներու` Վրդովեցուցիչ  Եւ Անիրատեսական Կը Նկատեն Կարգաւորման  Վերաբերեալ Իրենց Ուղղուած Իրանի Պահանջները»
Գլխաւոր լուրեր

Ռուպիօ. «Միացեալ Նահանգները Անընդունելի, Իսկ Որոշ Պարագաներու` Վրդովեցուցիչ Եւ Անիրատեսական Կը Նկատեն Կարգաւորման Վերաբերեալ Իրենց Ուղղուած Իրանի Պահանջները»

November 10, 2026
Այսօր Ապու Տապիի Մէջ Ընթացք Կ՛առնէ  Մոսկուա-Ուաշինկթըն-Քիեւ Եռակողմ Հանդիպումը
Միջազգային

Այսօր Ապու Տապիի Մէջ Ընթացք Կ՛առնէ Մոսկուա-Ուաշինկթըն-Քիեւ Եռակողմ Հանդիպումը

November 10, 2026
Այզենքոթ Իսրայէլի «Անվերադարձ Կէտ»  Հասնելէն Կը Զգուշացնէ
Միջազգային

Այզենքոթ Իսրայէլի «Անվերադարձ Կէտ» Հասնելէն Կը Զգուշացնէ

November 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.