Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արցախի Պաշտպանութեան Բանակը Յաջողութեամբ Կը Դիմակայէ Թշնամիի Բոլոր Յարձակումները

Սեպտեմբեր 29, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Հայկական Կողմը Վերահաստատեց
Իր Վերահսկողութիւնը Կարգ Մը Դիրքերու Վրայ

27 սեպտեմբերի առաւօտեան ժամը 7:00-ին Արցախ-Ազրպէյճան շփման գիծի ամբողջ երկայնքին Ազրպէյճանը լայնածաւալ յարձակում սկսած էր: Պատերազմական վիճակը շարունակուեցաւ նաեւ երէկ` 28 սեպտեմբերին, երբ արցախեան սահմանի ամբողջ երկայնքին տեղի ունեցան մարտեր: Հայ-ազրպէյճանական սահմանին ազրպէյճանական կողմը սադրանքներու  դիմած է` առայժմ միայն Վարդենիսի ուղղութեամբ: Հայաստանի եւ  Արցախի մէջ յայտարարուած է ռազմական դրութիւն, տեղի կ՛ունենայ ընդհանուր զօրահաւաք:

Արցախի Հանրապետութեան Մարտունի քաղաքի հատուածին մէջ ազրպէյճանական պատերազմական օդանաւ մը ջախջախուած է: Հայաստանի հանրային պատկերասփիւռի կայանին այս մասին յայտնած է Արցախի Հանրապետութեան նախագահի մամլոյ բանբեր Վահրամ Պօղոսեան:

«Այսօր արդէն կրնանք յստակ ըսել, որ հաստատ  Մարտունի քաղաքի հատուածին մէջ թշնամիի օդանաւ մը ջախջախուած է», ըսած է Պօղոսեան:

Երէկ երեկոյեան Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչ Արծրուն Յովհաննիսեան դիմատետրի իր էջին վրայ գրած է, որ թշնամին սկսած է լայնածաւալ յարձակողական նոր գործողութիւն Արաքսի հովիտի հատուածին վրայ եւ Մատաղիս-Թալիշ հատուածներուն մէջ:

«Արցախի պաշտպանութեան բանակը յաջողութեամբ կը դիմակայէ բոլոր յարձակումներն ու գրոհները եւ հակառակորդին կը հասցնէ անձնակազմի եւ զինամթերքի զգալի կորուստներ: Այս պահու դրութեամբ ոչնչացուած է հակառակորդի 22 միաւոր հրասայլ եւ 10 միաւոր այլ զրահամեքենայ: Ոչնչացուած է աւելի քան 370 զինուորական: Ունին մեծ քանակով վիրաւորներ: Ստացուած տեղեկատուութեան համաձայն, վիրաւորներուն մէջ ծանր վիրաւոր զինուորներուն քանակը կը կազմէ 35 առ հարիւր», գրած է Յովհաննիսեան:

Երէկ երեկոյեան, Արցախի պաշտպանութեան բանակի փոխհրամանատար Արթուր Սարգսեան տեղեկացուցած է, որ դիրքային  փոփոխութիւններ բնականաբար եղած են: Գիշերուան ընթացքին տեղի ունեցած են յամառ մարտեր, որոշ հատուածներու վրայ դիրքերը վերականգնուած են: Սարգսեան ըսած է. «Համազօրային ժամանակակից մարտին մէջ` օգտագործելով արդի սպառազինութիւնը, ընթացքը անընդհատ կ՛աճի եւ ժամ առ ժամ դիրքային փոփոխութիւն տեղի կ՛ունենայ»:

27-էն 28 սեպտեմբերի լուսցող լոյս 28-ի գիշերը մարտական գործողութիւնները շարունակուած են: Թշնամին առաւօտեան կիրարկած է նաեւ ՏՕՍ ծանր հրանետ:

Արցախի պաշտպանութեան բանակի ձեռնարկած հակայարձակումին հիմամբ հայկական կողմը ետ վերցուցած է 27 սեպտեմբերին կորսնցուցած շարք մը դիրքեր, եւ հայկական կողմը մնացած են ազրպէյճանական բանակի տասնեակ սպաննուածներ:

Իսկ առաւօտեան թշնամին հրետանային կրակ վարած է Մարտակերտ քաղաքին ուղղութեամբ:

27 սեպտեմբերէն սկսած մարտական գործողութիւններուն պատճառով հայկական կողմը ունի մօտ 200 վիրաւոր:

Պաշտպանութեան բանակը կը յայտնէ, որ հայկական կողմի ընդհանուր կորուստներուն թիւը 59 է:

Երէկ կէսօրէ ետք հարաւարեւելեան ուղղութեամբ համեմատաբար թեթեւ  մարտեր տեղի ունեցած են, մնացած ուղղութիւններով կռիւները  շարունակուած են: Հրետակոծուած են հիւսիսային բնակավայրերը` մասնաւորապէս Մարտակերտ քաղաքը: Հրետակոծութեան ընթացքին հոն եղած են լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներ:

 

Նախորդը

Նախագահ Յարութիւնեան. «Պէտք Է Պատրաստ Ըլլանք Երկար Մարտական Գործողութիւններու»

Յաջորդը

Դաւիթ Բաբայեան. «Եթէ Պարտուինք` Ատիկա Կ՛ըլլայ Հայոց Պետականութեան Կործանում Եւ Նոր Ցեղասպանութիւն, Զորս Թոյլ Պիտի Չտանք Պատմութեան Եւ Աստուծոյ Առջեւ»

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?