Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պահն Է Միա՛յն Զգօնութեան

September 26, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱԿՈԲ ՀԱՒԱԹԵԱՆ

Հակառակ վերջին օրերուն տարուած   լայնամաշտապ քուլիսային աշխատանքներուն, քաղաքական կողմերուն միջեւ երկար բանակցութիւններուն եւ ֆրանսական առաքելութիւնը յաջողցնելու համար թափուած  մեծ ճիգերուն,  նորանշանակ վարչապետ՝ Մուսթաֆա Ատիպ , այսօր, 26 սեպտեմբերին հրաժարեցաւ կառավարութեան կազմութեան առաքելութենէն։

Ստեղծուած ներկայ կացութեան արժեւորումը կը կարօտի շատ աւելի խոր քննարկման, սակայն, կասկածէ վեր է, որ այս պահուան դրութեամբ Լիբանան կը գտնուի բոլոր ժամանակներէ աւելի անորոշ, անկայուն եւ շատ աւելի արմատացող կացութեան մը դէմ յանդիման, որ աւելիով կը մթագնէ անոր ապագան եւ կը սպառնայ  աւելի խորացնելու առկայ ճգնաժամը։

Մաղթենք, որ մինչեւ բարենպաստ լուծումի մը յանգումը եւ փապուղիէն դուրս գալու փուլը, որուն անպայմա՛ն , ուշ կամ կանուխ կարելի պիտի ըլլայ հասնիլ, վերականգնումի գործօնները մնան անխորտակ։

Այո՛, ժողովուրդը վճարեց այս կացութեան գինը եւ ասկէ ետք նաեւ պիտի վճարէ տակաւին։

Այս անմխիթար ու վտանգաւոր կացութիւնը մեզի՝ բոլորիս, կը դնէ աննախընթաց պարտաւորութիւններու դիմաց։ Վտանգին ամբողջական ընկալումը եւ այս կացութեան մէջ լիբանանահայ համայնքի գոյերթը եւ անվտանգութիւնը պահելը այսօր առաջնահերթ գերխնդիրներ են անտարակո՛յս. հետեւաբար՝

1- Հաւաքական պատասխանատուութեամբ եւ ճիգով պիտի շարունակուին համայնքի կարիքները հոգալու եւ վերականգնումի ու վերակազմակերպումի աշխատանքները։

2- Քաղաքական բարդ ու հանգուցաւորուած կացութեան մէջ համայնքի իրաւունքներու պահպանումն ու երաշխաւորումը կը պահանջեն համախմբուածութիւնը դարձնել աւելի ուժեղ ու նպատակասլաց,  մի՛շտ ուղենիշ ունենալով այս ուղղութեամբ գաղութի ձեռք բերած  յատուկ պատմակշիռ կենսափորձը։

3- Համայնքի միասնակամութիւնը խախտելու, մութ ու թաքուն հաշիւներ հետապնդող եւ իրենք զիրենք “բարեգործ” ներկայացնող, բայց բոլորովին ուրիշ նպատակներ հետապնդող անհատներու որդեգրած վարքագիծին դիմաց պէտք է ստեղծել ամուր պատուար ու ցուցաբերել զգաստ վերաբերմունք։

4-Անհատական հաշուարկներով այս կացութիւնը շահագործելու մեր հայորդիներու բարոյահոգեբանական դժուարին ու բարդ իրավիճակը դրամագլուխի վերածելով, ոչ մէկ անհատի  իրաւունք պիտի տրուի  շինծու օրակարգերու ստեղծումով շփոթ ու խուճապ ստեղծելու։

5- Անհրաժեշտ է, որ այս հանգրուանին պատասխանատու մարդոց գրիչները՝ ընկերային ցանցերու վրայ եւ մամուլին մէջ, դառնան աւելի պատասխանատու եւ կառուցողական, եւ ոչ թէ ծառայեն խուճապ ստեղծող, այլապէս առկայ տրամադրութիւններուն, եւ համայնքի ուժականութիւնը ջլատող անիմաստ ու միշտ ձախողած փորձերու։

6- Ընդհանուր գործին շուրջ համախմբուելու եւ այդ գործը ընդարձակելու հրամայականը հարկ է, որ համակէ բոլորը։ Այս գործընթացէն բացակայողներուն առիթ պէտք չէ տալ իրենց հնամաշ ու կեղծ  խրատներով, յերիւրածոյ ամբաստանութիւններով ու անճիշդ տեղեկութիւննեով ժողովուրդին եւ ղեկավարութեան միջեւ խրամատներ ստեղծելու եւ համայնքի արժանապատիւ ընթացքին դիմաց պատնէշներ բարձրացնելու։

7- Լիբանանահայութեան նկատմամբ հայաշխարհի ցուցաբերած զօրակցութիւնը գործնապէս արժեւորելով, պէտք է ձգտիլ ստեղծելու իրարօգնութեան վարակիչ մթնոլորտ այս ժգնաժամին մէջ եւ հաւատալ ու ակնկալել , որ մեր համայնքի բոլոր հայորդիները՝  իրենց ունեցած կարելիութեան սահմաններուն մէջ ,մասնակից դառնան օժանդակութեան ընդհանուր ու վսեմ աշխատանքին։ Պատասխանատուութենէ խուսափումը այս հանգրուանին հայավայել մօտեցում չէ բնա՛ւ։

8- ՀՅ Դաշնակցութեան լիբանանեան կառոյցը այսօր իր շարքերը դրած է ընդհանուր զօրաշարժի մէջ է , եւ ՄԻ՛ՇՏ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ՀԵՏ ՄԻԱՍԻՆ մնալու համոզումով կը շարունակէ տալ գաղափարական կշիռ։ Այս հանգրուանին Դաշնակցութիւնը անիմաստ կը գտնէ նաեւ հակազդել հակադաշնակցական պայքարի նորելուկ ոճին։ Այդ ոճը ի սկզբանէ դատապարտուած է  ձախողութեան։

Մինչ այդ, մաղթենք առողջապահական եւ ապահովական գետնի վրայ անփորձանք օրեր բոլորիս։

 

 

Նախորդը

Ինչո՞ւ Բոլորս Նոյն Ձայնը Չունինք

Յաջորդը

Մրջիւնին Թաղումը

RelatedPosts

Առաջնորդական Պատգամ 2018-2019 Կրթական Տարեշրջանի  Վերամուտին Առիթով
Անդրադարձ

Հայ Դպրոցը Պէտք Ունի Իր Արձանագրած Յաջողութիւնները Նշմարող Ու Գնահատող Ջատագովներու

October 10, 2026
Համազգային Հայ Կրթական Եւ Մշակութային Միութիւնը Կը Հրապարակէ Իր Նշանաբանը` «Լոյսով Լոյսին»
Անդրադարձ

Թարգմանչաց Պատգամը` Ազգային Արժէքային Համակարգի Վերանորոգման Եւ Մեր Գոյերթի Հրամայական

October 10, 2026
Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Իմ Սիւնակը-Ձեր Աշխարհը. Փոխան Երախտիքի Զարմանալի Եւ Տխուր Խօսքեր Հայրենիքէն (Կրթական Վերամուտ Եւ Թարգմանչաց)

October 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.