Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մրջիւնին Թաղումը

September 28, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵՒԱՆ ԱՍԱՏՈՒՐԵԱՆ-ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Սերոբ քեսապցի, աշխատասէր մանչուկ մըն էր, հինգերորդ կարգի աշակերտ: Անոր հայրը ամառուան արձակուրդին երբ անգործ ու անբան կը տեսնէր Սերոբը, զինք զբաղեցնելու միտումով տան փակին ծառերը ջրել կու տար անոր: Իւրաքանչիւր ծառի տակ ջուր կուտակելու համար, ան մահիկի ձեւով բացուած փոսերուն մէջ ջուրի խողովակը տասնհինգ վայրկեան պիտի պահէր, ապա յաջորդ ծառին պիտի անցնէր ու այդպէս գործը պիտի շարունակէր մինչեւ որ փակի բոլոր ծառերը ջրէր։ Միայն այդպիսով գործը աւարտած պիտի ըլլար:

Հակառակ անոր, որ հողագործութիւնը իր նախասիրութիւններուն մաս չէր կազմեր, այնուամենայնիւ հօրը օգնելու եւ անոր գործը թեթեւցնելու միտումով սիրայօժար ընդունեց գործը՝ առանց դժգոհելու ու տրտնջալու:

Սերոբ առաջին օրուան գործը սկսաւ գետին քովէն, մերթ աչքերը ջուրին յարելով, մերթ ալ աջ ու ձախ պտտցնելով՝ տեւաբար  այլ զբաղում մը գտնելու փնտռտուքի մէջ։ Տան փակի ջրուելիք ծառերը 13 հատ էին, բաւական ժամանակ կը պահանջէին: Ան ժամերը դասաւորեց, վերցուց-դրաւ եւ ջրելու գործը երկու օրերու վրայ բաժնեց, որպէսզի չձանձրանայ: Սկսաւ ծառերուն չորս կողմի քարերը վերցնելով թիք-թաք մէկը միւսին զարնել, պզտիկ քարերը մեծ քարերուն շուրջ շարել ու անոնցմով արեւի շողեր յառաջացնել, ու ամէն անգամ երբ քարերով յայտնագործում մը իրականացնել յաջողէր, ուրախ-զուարթ նորի մը մասին կը մտածէր ու այդպէս ժամանակը կը սահէր․․․:

−Ի՞նչ սիրուն արեւ գծած ես քարերով, Սերո՛բ, երբեք մտքէս չէր անցած, որ քարերով արեւ կրնամ գծել, − ըսաւ Սոնան՝ Սերոբին փոքր քոյրը: Ապա եղբօր կողքին նստաւ, ու ինք ալ փորձեց քարերով բան մը գծել:

−Եկուր մրջիւնին գերեզման շինենք, − ըսաւ Սերոբ:

−Գերեզմա՞ն…, մրջիւնի՞ն…, այդ ինչպէ՞ս կ’ըլլայ, − զարմացած հարցուց Սոնա:

– Այո՛, գերեզման: Ես երէկ, երբ հայրիկին հետ մեր դրացիներուն պապուկին թաղումին գացի, տեսայ ինչպէս կ’ընէին:

Երկուքը միասին սկսան փոս մը փորել, քիչ մը իրենց փոքրիկ մատներով, քիչ մըն ալ անդին նետուած, չորցած ճիւղի մը օգնութեամբ: Գործին վարպետը Սերոբն էր, ան էր ցուցմունքներ տուողը: Երբեմն, երբ Սոնա անտեղի քարեր կը շարէր, Սերոբ համբերութեամբ կը բացատրէր, կը սրբագրէր, աճապարելու բան չունէր, հանդարտ ու մեղմ կը թելադրէր.

– Սոնա՛, քարերը եթէ այս ձեւով շարես, գերեզմանի չէ՝ ճաշարանի կը սկսի նմանիլ շինածդ, կամ ալ մեր դպրոցի շէնքին:

Փոսը բանալու գործը աւարտելու վրայ էին, երբ Սոնա հարցուց եղբօր.

-Սերո՛բ, մեռած մրջիւն ուրկէ՞ պիտի գտնենք:

– Հոգ մի՛ ըներ։ Քիչ առաջ, երբ հայրիկը ջուրին ծորակը բացաւ, խողովակը փրթաւ ու այդտեղ զինուորական, կարգապահ շարքի մը նման տողանցող մրջիւնի շարքէն քանի մը մրջիւն ջուրին մէջ խեղդուեցաւ։

Սերոբ գնաց մրջիւնները բերելու, իսկ Սոնա սուս ու բուս նստած, աչքերով կը հետեւէր Սերոբին, տեսնելու, թէ ինչպէ՛ս պիտի բերէր մրջիւնները: Սերոբ տերեւի մը վրայ տեղաւորեց զանոնք ու այդ տերեւին կոթէն բռնած վերադարձաւ: Տերեւն ու մրջիւնները տեղաւորեց փոսին մէջ ու թաղեց:

Մայրս Քեսապի բառբարով կ’ըսէր «եաշխօքը չուճօխ պըրէ՝ ըննուս», որ կը նշանակէ` «աշխարհին մէջ մանուկ պիտի ըլլաս, որպէսզի այդպիսի բաներ ընես»: Իսկ եթէ մանուկ չըլլաս եւ մանուկներու երեւակայութիւն չունենաս, մտքիդ ո՞ր ծայրէն պիտի անցնի մրջիւնի թաղում կատարելը:

Այդպէս Սերոբ ծառէ-ծառ կ’անցնէր ու ամէն ծառի տակ ինքզինք զբաղեցնելու հնարք մը գործի կը դնէր, իսկ երբ երկու օրուան ծառ ջրելու գործը աւարտեց, քարերու արուեստին տիրապետած էր արդէն:

http://www.kantsasar.com/news/21477-2/

 

Նախորդը

Պահն Է Միա՛յն Զգօնութեան

Յաջորդը

Տեսիլքի Եւ Առաքելութեան Հովիւ Վեր. Մովսէս Ճանպազեանի Յիշատակին

RelatedPosts

Առաջնորդական Պատգամ 2018-2019 Կրթական Տարեշրջանի  Վերամուտին Առիթով
Անդրադարձ

Հայ Դպրոցը Պէտք Ունի Իր Արձանագրած Յաջողութիւնները Նշմարող Ու Գնահատող Ջատագովներու

October 10, 2026
Համազգային Հայ Կրթական Եւ Մշակութային Միութիւնը Կը Հրապարակէ Իր Նշանաբանը` «Լոյսով Լոյսին»
Անդրադարձ

Թարգմանչաց Պատգամը` Ազգային Արժէքային Համակարգի Վերանորոգման Եւ Մեր Գոյերթի Հրամայական

October 10, 2026
Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Իմ Սիւնակը-Ձեր Աշխարհը. Փոխան Երախտիքի Զարմանալի Եւ Տխուր Խօսքեր Հայրենիքէն (Կրթական Վերամուտ Եւ Թարգմանչաց)

October 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.