Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Սարաժի Հրաժարելու Մտադրութիւնը Ցաւալի Է» Կ՛ըսէ Էրտողան

Սեպտեմբեր 19, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան ցաւ յայտնեց Լիպիոյ Ազգային համաձայնութեան կառավարութեան վարչապետ Ֆայեզ Սարաժի` իր պաշտօնէն հրաժարելու մտադրութիւնը յայտարարելուն նկատմամբ: Այս մասին կը հաղորդէ «Անատոլու» լրատու գործակալութեան արաբերէն ծառայութիւնը:

Թուրքիոյ նախագահը այդ մասին յայտարարած է ուրբաթ օրուան նամազէն ետք` մեկնաբանելով Սարաժի` իր պաշտօնը յաջորդ գործադիր իշխանութեան յանձնելու մտադրութեան յայտարարութիւնը:

Էրտողան աւելցուց, որ Սարաժի հետ անցեալ շաբաթ հանդիպում ունեցած է Պոլսոյ մէջ` աւելցնելով. «Անշուշտ այսպիսի զարգացում մը եւ ատկէ (հանդիպումէն) ետք այս լուրը ստանալը մեզի համար ցաւալի էր»:

Էրտողան յիշեցուց, որ Թուրքիա Լիպիոյ մէջ միջամտած է եւ օրինական կառավարութեան աջակցած ընդդէմ զօր. Խալիֆա Հաֆթարի` աւելցնելով, որ «յեղաշրջական» Հաֆթարը օրէ օր շարունակ նահանջի մէջ է` նշելով. «Յեղաշրջական Հաֆթարը ուշ կամ կանուխ պարտութեան պիտի մատնուի»:

Էրտողան յայտնեց, որ այս շաբաթ Թուրքիոյ եւ Լիպիոյ Ազգային համաձայնութեան կառավարութեան պատուիրակութիւններուն միջեւ հանդիպումներ տեղի պիտի ունենան` յոյս յայտնելով, որ այդ հանդիպումներուն ընթացքին կարելի կ՛ըլլայ հարցերը յստակացնել:

Նախորդը

«Ռուսիան Պատրաստ Է Աշխատելու Միացեալ Նահանգներու Ոեւէ Նախագահի Հետ» Կ՛ըսէ Լաւրով

Յաջորդը

Մոսատի Ղեկավարը Չի Բացառեր Մօտ Ժամանակէն Սէուտական Արաբիոյ Հետ Յարաբերութիւններու Բնականոնացումը

RelatedPosts

Լաւրով Եւ Ռուպիօ Կրկին Զրուցած Են`  Այս Անգամ «Ոտքի Վրայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Եւ Ռուպիօ Կրկին Զրուցած Են` Այս Անգամ «Ոտքի Վրայ»

Յուլիս 12, 2025
Քաց. «Իսրայէլ Կրկին Պիտի Հարուածէ Իրանը,  Եթէ Թեհրանի Կողմէ Սպառնալիքի Ենթարկուի»
Միջազգային

Քաց. «Իսրայէլ Կրկին Պիտի Հարուածէ Իրանը, Եթէ Թեհրանի Կողմէ Սպառնալիքի Ենթարկուի»

Յուլիս 12, 2025
ՔԱԿ-ի Զինեալները Հիւսիսային Իրաքի Մէջ  Խորհրդանշական Արարողութեամբ  Սկսած Են Զէնքերը Վար Դնել
Միջազգային

ՔԱԿ-ի Զինեալները Հիւսիսային Իրաքի Մէջ Խորհրդանշական Արարողութեամբ Սկսած Են Զէնքերը Վար Դնել

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?