Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեան՝ Եուվենթուսի ղեկավարութիւնը երէկ յայտնեց ըսելով, որ ակումբին մաս կազմող արժանթինցի յառաջապահ՝ Կոնցալօ Հիկուային հեռացաւ կազմէն:
32 տարեկան ֆութպոլիստը, թէեւ մինչեւ յունիս 2021 պայմանագրութիւն մը ստորագրած էր, սակայն այդ մէկը խզուեցաւ՝ երկկողմանի համաձայնութեամբ մը:
Հիկուային, որ համաձայնութեան մը եկաւ ամերիկեան Ինթեր Մայեմիի հետ, յառաջիկայ օրերուն պիտի մեկնի Միացեալ Նահանգներ, երկու տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրելու համար անոր հետ: Անոր փոխանցումը կը գնահատուի՝ 15 միլիոն եւրոյով:
Նշենք, որ ան Եուվենթուսի հետ իր կատարած 149 մրցումներուն ընթացքին, նշանակած է 66 կոլ եւ կատարած՝ 16 էսիսթ: