ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի նախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան յայտնեց, որ Իսրայէլի հետ խաղաղութեան համաձայնագիր ստորագրելը դաւաճանութիւն է` աւելցնելով, որ նման քայլեր Դիմադրութեան կամքը պիտի չտկարացնեն` ազատագրութեան պայքարը շարունակելու առումով:
ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ ընդունեց երեսփոխան Ֆարիտ Հայքալ Խազենը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս կառավարութեան կազմութեան անբաւարար ճիգերուն իրականութիւնը:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան տեղեկատուական գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ անծանօթներ երէկ առաւօտեան կուսակցութեան Սայֆիի կեդրոնին ուղղութեամբ կրակած են: Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ այս հարցին մասին հետաքննութիւն բացուած է` ճշդելու համար պատասխանատուները:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն հիման վրայ 98 եւ 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակը 300 լ. ոսկիով սղած է, իսկ պիւթակազի շիշին սակը` 500 լ. ոսկիով:
ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Պիլալ Ապտալլա հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ ֆրանսական նախաձեռնութիւնը ձախողութեան սեմին կը գտնուի: Ան կոչ ուղղեց քաղաքական հիմնական օրակարգերը մէկդի դնելու, որպէսզի կարելի ըլլայ փրկել այն, ինչ որ մնացած է Լիբանանէն:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Միշել Մուսա յայտնեց, որ վարչապետ Մուսթաֆա Ատիպ պէտք է վերատեսութեան ենթարկէ կառավարութեան կազմութեան համար իր որդեգրած ոճը:
ՊԱԱԼՊԵՔԻ Շլիֆա շրջանին մէջ անծանօթներ առեւանգած են սուրիացի մը:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարեկարգում պլոքի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ յայտնեց, որ իրենք կառչած կը մնան ելեւմուտքի նախարարութեան` պահպանելու համար որոշում տալու իրաւունքն ու գործակցութիւնը:
ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Հատի Ապուլ Հասան հաստատեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի հետ կառավարութեան կազմութեան խորհրդակցութիւնները աւելորդաբանութիւն են` աւելցնելով, որ վարչապետ Մուսթաֆա Ատիպը պէտք է կազմէ կառավարութիւնը: