Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գերմանիան Նախազգուշացուցած Է Փութինը «Հիւսիսային Հոսք 2»-ի Կառուցումը Դադրեցնելէ՝ Նաւալնիի Թունաւորման Պատճառով

Սեպտեմբեր 8, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Գերմանիան Ռուսիան նախազգուշացուցած է, որ «Հիւսիսային հոսք 2» կազի խողովակաշարի կառուցումը կրնայ դադրեցնել՝ Քրեմլինի քննադատ Ալեքսէյ Նաւալնիի թունաւորման պատճառով։ Այս մասին կը հաղորդէ «Տէյլի Մէյլ» օրաթերթը։

Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել յայտարարած է, որ Նաւալնիի թունաւորումը Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի մեծագոյն քննադատներէն մէկը լռեցնելու փորձ էր։

Բրիտանական օրաթերթը նկատել կու տայ, թէ Գերմանիոյ վարչապետը սկիզբը կը հրաժարէր Նաւալնիի գործը կապել «Հիւսիսային հոսք 2» կազի խողովակաշարի կառուցման հետ. այս խողովակաշարի միջոցով ռուսական կազը ուղիղ ճամբով պիտի հասցնէ Գերմանիա՝ անցնելով Պալթիկ ծովէն։

Բայց եւ այնպէս, Գերմանիոյ վարչապետ Հայքօ Մաաս կիրակի օր Մոսկուային կոչ ուղղեց՝ համագործակցելու հետաքննութեան հետ՝ յայտարարելով. «Ես յոյս ունիմ, որ ռուսերը մեզ չեն ստիպեր փոխել կազի խողովակաշարի առնչուած դիրքորոշումը։ Եթէ ռուսական կողմէն որեւէ ներդրում չըլլայ, մենք ստիպուած պիտի ըլլանք խորհրդակցիլ մեր գործընկերներուն հետ»։

Մաաս նաեւ չէ բացառած պատժամիջոցներու հաստատումը Փութինի «վարչակարգին» դէմ, որ կը հերքէ Նաւալնիի թունաւորման իր մեղսակցութիւնը։

Յիշեցնենք, որ Նաւալնիի առողջութիւնը շեշտակի կերպով վատացած էր 20 օգոստոսին՝ Թոմքէն Մոսկուա թռիչքի ընթացքին։ Զինք տեղափոխող օդանաւը արտակարգ էջք կատարած է Օմսք քաղաքը, ուր զինք հիւանդանոց փոխադրած էին։ Այդտեղ մասնագէտները Նաւալնիի մարմինին մէջ թոյնի հետքեր չէին յայտնաբերած։ Ըստ անոնց, հետազօտութիւնները միայն ալքոլի եւ քաֆէինի հետքեր ցոյց տուած են։ Յայտնի է, որ Նաւալնին թռիչքէն առաջ օդակայանի սրճարանին մէջ թէյ խմած է։

Նաւալնի 22 օգոստոսին տեղափոխած են Պերլինի «Շարիթէ» հիւանդանոցը, որուն մէջ գործող մասնագէտները աւելի ուշ յայտարարած էին վերջինիս թունաւորման մասին, իսկ Գերմանիոյ զինեալ ուժերու մասնագէտները մաշկի, արեան եւ մէզի նմուշներու մէջ «Նովիչոք» խումբին պատկանող թունաւոր նիւթի հետքեր յայտնաբերած էին։

 

Նախորդը

Քանատան Եւ Եւրոպական Միութիւնը Կոչ Ուղղած Են Լուքաշենքոյին՝ Ազգային Երկխօսութեան Եւ Երկրին Մէջ Քաղաքական Ճգնաժամի Լուծման Մէջ ԵԱՀԿ- ի Միջնորդութեան Ընդունման

Յաջորդը

«Ռուսիոյ Յարձակողական Կեցուածքը Կրնայ Նոր «Պաղ Պատերազմ» Պատճառել», Կ՛ըսէ Սթոլթենպերկ

RelatedPosts

Լաւրով Եւ Ռուպիօ Կրկին Զրուցած Են`  Այս Անգամ «Ոտքի Վրայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Եւ Ռուպիօ Կրկին Զրուցած Են` Այս Անգամ «Ոտքի Վրայ»

Յուլիս 12, 2025
Քաց. «Իսրայէլ Կրկին Պիտի Հարուածէ Իրանը,  Եթէ Թեհրանի Կողմէ Սպառնալիքի Ենթարկուի»
Միջազգային

Քաց. «Իսրայէլ Կրկին Պիտի Հարուածէ Իրանը, Եթէ Թեհրանի Կողմէ Սպառնալիքի Ենթարկուի»

Յուլիս 12, 2025
ՔԱԿ-ի Զինեալները Հիւսիսային Իրաքի Մէջ  Խորհրդանշական Արարողութեամբ  Սկսած Են Զէնքերը Վար Դնել
Միջազգային

ՔԱԿ-ի Զինեալները Հիւսիսային Իրաքի Մէջ Խորհրդանշական Արարողութեամբ Սկսած Են Զէնքերը Վար Դնել

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?