Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քանատան Եւ Եւրոպական Միութիւնը Կոչ Ուղղած Են Լուքաշենքոյին՝ Ազգային Երկխօսութեան Եւ Երկրին Մէջ Քաղաքական Ճգնաժամի Լուծման Մէջ ԵԱՀԿ- ի Միջնորդութեան Ընդունման

September 8, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Քանատայի արտաքին գործոց նախարար Ֆրանսուա-Ֆիլիփ Շամփան եւ Եւրոպական Միութեան դիւանագիտութեան ղեկավար Ժոզեփ Պորել Պիելոռուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքոյին կոչ ուղղած են ազգային երկխօսութեան եւ երկրին մէջ քաղաքական ճգնաժամի լուծման  մէջ ԵԱՀԿ-ի միջնորդութեան ընդունման։ Այս մասին ըսուած է քաղաքական գործիչներու յայտարարութեան մէջ, որ հրապարակուած է Եւրոպական Միութեան կայքին վրայ։

«Իբրեւ Պիելոռուսիոյ ժողովուրդի բարեկամներ եւ Պիելոռուսիոյ հանրապետութեան գերիշխանութեան եւ անկախութեան կողմնակիցներ՝ մենք կը պաշտպանենք քաղաքացիներուն կողմէ ժողովրդավարական փոփոխութիւններու ձգտումը», յայտարարած են Շամփան եւ Պորել։

Անոնց համաձայն, Օթաուան եւ Պրիւքսելը հետագային եւս պիտի աջակցին Պիելոռուսիոյ ժողովուրդին եւ ամէն ինչ պիտի ընեն, որպէսզի անոնց ձայները լսելի ըլլան, իսկ իրաւունքները՝ պաշտպանուած։

«Մենք բազմիցս եւ ոչ երկիմաստ արտայայտած ենք մեր դիրքորոշումը օգոստոսի 9-ին Պիելոռուսիոյ մէջ կայացած նախագահական ընտրութեան եւ ատոր հետեւանքներուն վերաբերեալ։ Նախագահական ընտրութիւնը ազատ եւ արդար չէր», նշած են անոնք։

Բացի ատկէ, Շամփան եւ Պորել յիշեցուցած են, որ Պիելոռուսիան ունի միջազգային պարտաւորութիւններ, մասնաւորաբար՝ իբրեւ ԵԱՀԿ-ի մասնակից պետութիւն։

«Այդ պատճառով մենք կþաջակցինք Ալպանիոյ առաջարկին, որ ներկայիս կը նախագահէ ԵԱՀԿ-ին, այն է՝ ԵԱՀԿ-ի ապագայ նախագահ Շուէտի հետ այցելութիւն կազմակերպել Պիելոռուսիա՝ երկխօսութեան աջակցելու համար։ Մենք Պիելոռուսիոյ իշխանութիւններուն կոչ կþուղղենք՝ անյապաղ ընդուելու այդ առաջարկը»։

«ՌԻԱ Նովոսթի» հաղորդեց, սակայն, որ Լուքաշենքօ յայտարարած է, թէ ոչ ոք կը պատրաստուի փողոցը հաւաքուած «խռովարար երիտասարդներուն» հետ բանակցութիւններու սեղան նստելու, սակայն ինք պատրաստ է աշխատանքային եւ ուսանողական միութիւններու հետ երկխօսութիւն կատարել, ներառեալ՝ երկրի Սահմանադրութեան փոփոխութիւններուն շուրջ։

«Եթէ ընդդիմութեան մէջ կան առողջ դատողութեան մարդիկ, որոնք իրենց երկիրը կը տեսնեն ազատ ու անկախ, ապա դուք կրնաք արտայայտել ձեր դիրքորոշումը, սակայն ոչ փողոցը։ Պիելոռուսիոյ մէջ փողոցներու ճնշման տակ երկխօսութիւն պիտի չըլլայ» ընդգծած է երկրի նախագահը։

 

Նախորդը

Մոնրէալի Մէջ Բացումը Կատարուեցաւ Կոմիտաս Վարդապետի Կիսանդրիին

Յաջորդը

Գերմանիան Նախազգուշացուցած Է Փութինը «Հիւսիսային Հոսք 2»-ի Կառուցումը Դադրեցնելէ՝ Նաւալնիի Թունաւորման Պատճառով

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.