Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արաբական Աշխարհը Վերջապէս Կը Բացայայտէ Էրտողանի Կեղծաւորութիւնը՝ Իբրեւ Պաղեստինցիներու «Պաշտպան»

Սեպտեմբեր 2, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր

www.TheCaliforniaCourier.com

Ես նախապէս գրած եմ՝ մատնանշելով Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի կեղծաւորութիւնը ՝ իրեն պաղեստինցիներու «պաշտպան» հռչակելու վերաբերեալ, միեւնոյն ատեն պահպանելով Իսրայէլի հետ ռազմական, դիւանագիտական ​​եւ տնտեսական կապերը:

Երուսաղէմ բնակող մրցանակակիր լրագրող Խալետ Ապու Թոամէ, որ Կէյցթոն հիմնարկի Շիլմընի լրագրութեան բաժանմունքի գիտաշխատող է, 25 Օգոստոս 2020ին ծաւալուն յօդուած մը հրապարակած է Կէյցթոն հիմնարկի կայքէջին վրայ՝ «Արաբներն ու մահմետականները՝ Թուրքիոյ Էրտողանին․ «Ինչո՞ւ չես բողոքեր դուն քեզի դէմ» վերնագրով»։

Էրտողան օսմանցի սուլթաններէն ժառանգած է դիւանագիտական ​​լարի վրայէն քալելու հմտութիւնը: Դարեր շարունակ Օսմանեան կայսրութիւնը կատարելագործած է երկու կռուող տէրութիւններու կողմէ ըլլալու քաղաքական արուեստը։ Սուլթանները Ֆրանսայի եւ Անգլիոյ հետ էին՝ ընդդէմ Գերմանիոյ եւ Գերմանիոյ հետ էին՝ ընդդէմ Ֆրանսայի ու Անգլիոյ։ Այժմ նոյն քաղաքականութիւնը կը վարէ Էրտողան՝ կարծես թէ պաղեստինեան կողմը ըլլալով՝ միաժամանակ պահպանելով Իսրայէլի հետ բազմաբնոյթ յարաբերութիւնները: Նմանապէս, Թուրքիա ըլլալով ՆԱԹՕի անդամ, միաժամանակ Ռուսիայէն կը գնէ ժամանակակից հրթիռներ, ինչ որ ՆԱԹՕի քաղաքականութեան խախտում է։ Զարմանալիօրէն, Էրտողան միաժամանակ թէ՛ Թրամփի, թէ՛ Փութինի լաւ ընկերն է․․․

Արաբական եւ իսլամական աշխարհի մէջ այս հակասական եւ կեղծաւոր վարքագիծը վերջապէս բացայայտուեցաւ՝ Իսրայէլի եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու (ԱՄԷ) կողմէ իրենց յարաբերութիւնները կարգաւորելու կապակցութեամբ: 14 Օգոստոս 2020ին, Էրտողան սպառնաց ԱՄԷի՝ դադրեցնել  դիւանագիտական ​​յարաբերութիւնները եւ յետս կոչեց Թուրքիոյ դեսպանը ԱՄԷէն, մինչդեռ Թուրքիա ինք բնական յարաբերութիւններ կը  պահպանէ Իսրայէլի հետ, ուր դեսպանատուն ունի, իսկ Իսրայէլ իր դեսպանատունը ունի Անգարայի մէջ․․․

Ներկայիս բազմաթիւ արաբներ կը յիշեցնեն Էրտողանի, որ «Թուրքիա մահմետական մեծամասնութիւն ունեցող առաջին երկիրն էր, որ ճանչցաւ Իսրայէլի պետութիւնը: Անոնք նաեւ կը յիշեցնեն՝ 2005ին Իսրայէլ կատարած Էրտողանի պաշտօնական այցի եւ Թուրքիոյ ու Իսրայէլի միջեւ տասնամեակներու ռազմական, ռազմավարական եւ դիւանագիտական ​​համագործակցութեան մասին», գրած է Ապու Թոամէ:

Ահա քանի մը յայտարարութիւններ, զորս Ապու Թոամէ մեջբերած է արաբական եւ մահմետական աղբիւրներէ՝ բացայայտելով Էրտողանի կեղծաւոր դիրքորոշումը:

Էրտողան «տարածաշրջանին մէջ ահաբեկչական խմբաւորումներու պաշտօնական հովանաւորն է: Ան այդ խմբաւորումները կ՛օգտագործէ արաբական երկիրները, որոնց շարքին՝ Սուրիան, Իրաքը, Լիպիան եւ Եգիպտոսը ապակայունացնելու համար…: Կը թուի թէ Էրտողան կը տառապի շիզոֆրենիայէ, զոր կը զարմացնէ եւ կը շփոթեցնէ նոյնիսկ իր կողմնակիցները», գրած է եգիպտացի լրագրող Ատել Ալ Սանհուրի youm7.com կայքի մէջ, 21 Օգոստոս 2020ին։

Յորդանանցի գրող Նուրա Ալ Մոթեարի հարցուցած է․ «Արդեօք Էրտողան հոգեկան հիւանդութի՞ւն ունի եւ կը տառապի անձի երկատուութեա՞մբ, կամ ան հաստատապէս գիտէ՞, որ ճնշուած թուրք ժողովուրդին եւ «Մահմետական եղբայրներ»ու իր հետեւորդները կոյր հաւատարմութեամբ կը հետեւին իրեն եւ չեն տեսներ իրենց քիթէն անդին։ Ինչպէ՞ս կ՛ըլլայ, որ Էրտողան կը սպառնայ յետս կոչել իր դեսպանը Ապու Տապիէն՝ Իսրայէլի հետ պատմական խաղաղութեան համաձայնագիրի պատճառով, այն պարագային, երբ Իսրայէլի դեսպանատունը կը գործէ Թուրքիոյ մէջ»։

Սէուտական Արաբիոյ քաղաքական գործիչ Մոնզեր Ալ Շէյխ Մուպարաք գրած է. «Ես համոզուած եմ, որ Էրտողան հոգեբոյժի կարիք ունի: Կը Հաղորդեն, որ Թուրքիա պիտի ծառայէ Իսրայէլի՝ իսրայէլցիները ԱՄԷ տեղափոխելով այն պահուն, երբ Էրտողան դէմ է (Իսրայէլի հետ) յարաբերութիւններու կարգաւորման: Յիմարութիւնը բուժում չունի»:

Սէուտական Արաբիոյ քաղաքական գործիչ Ապտուլլահ Ալ Պանտեր ընկերային ցանցի վրայ իր տեղադրած տեսանիւթին մէջ ըսած է, որ Էրտողան նշանաւոր է իր խօսքով, ոչ թէ իր գործողութիւններով: «Ծիծաղելին այն է, որ Էրտողան նաեւ առաջին մահմետական առաջնորդն էր, որ այցելեց (սիոնիզմի հիմնադիր Թէոտոր) Հերցլի գերեզմանը Իսրայէլի մէջ եւ հանդիպեցաւ (այդ օրերու Իսրայէլի վարչապետ Արիէլ) Շարոնի հետ: Էրտողան առեւտուր կ՛ընէ պաղեստինեան հարցով։ Թուրքիա աւելի քան 70 տարիներ յարաբերութիւններ ունեցած է Իսրայէլի հետ, սակայն այս տարիներու ընթացքին ոչ մէկ լաւ բան ըրած է պաղեստինցիներու համար»:

Սէուտական Արաբիոյ գրող Ռաուաֆ Ալ Սոային նոյնպէս ընկերային ցանցերու հարթակներու վրայ տեղադրած է տեսանիւթ մը՝ հարցնելով․ «Ինչո՞ւ դուն (Էրտողան) յետ չես կոչեր քու դեսպանդ Թել Աւիւէն եւ չես վռնտեր Թուրքիոյ մէջ գործող Իսրայէլի դեսպանը, որպէսզի քեզ  հերոս եւ պաղեստինեան հարցի պաշտպան կոչենք։ Մեղադրելով Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները՝ Էրտողան կը դառնայ անմիտ եւ արհամարհելի»։

Սէուտական Արաբիոյ «Օքազ» թերթը իր խմբագրականին մէջ գրած է․ «Էրտողանի վարչակարգը չի փախցներ առիթ՝ պաղեստինեան հարցով սակարկելու եւ խաբելու բոլորը: Հակառակ Էրտողանի կեղծաւորութեան, որ բացայայտուեցաւ արաբական եւ իսլամական հասարակական կարծիքին համար, անոր վարչակարգը, սակայն, կը շարունակէ խաղալ մահմետականներու զգացումներուն հետ: Այնպէս կ՛երեւի, որ Թուրքիոյ նախագահը երկակի չափանիշեր կը կիրարկէ՝ անտեսելով Թել Աւիւի մէջ իր դեսպանին ներկայութիւնը»:

Ապու Թոամէ եզրափակած է․ «Շատ արաբներու խիստ արձագանգը Էրտողանի սպառնալիքին՝ նշան է այն բանին, որ անոնք կը հասկնան, թէ Թուրքիոյ նախագահը արաբական եւ մահմետական խաղաքարտ խաղցնող նենգ արկածախնդիր մըն է, որ կը փորձէ վերակենդանացնել իսլամական խալիֆայութիւնը իր իշխանութեան ներքոյ: Դատելով Էրտողանի սպառնալիքին առիթով լսուած արաբական լայն արձագանգէն՝ Թուրքիոյ ղեկավարը կ՛ընդունուի ոչ թէ իբրեւ խալիֆայ մը, այլ՝ իբրեւ խելագար ամբոխավար եւ ահաբեկչութեան հովանաւոր մը»:

Աւելին, թուրք լրագրող Պուրաք Պեքտիլ 27 Օգոստոս 2020ին BESA կեդրոնի կողմէ հրապարակուած յօդուածին մէջ ներկայացուցած է դիւանագիտութեան նկատմամբ Թուրքիոյ երկերեսանի մօտեցման պատմական անցեալը։

Պեքտիլ գրած է․ «1948ին արաբ-իսրայէլեան պատերազմի ժամանակ Թուրքիա չէզոք մնաց: Պատերազմի աւարտէն ետք, այդ օրերու Թուրքիոյ երիտասարդ հանրապետութիւնը դարձաւ առաջին մահմետական երկիրը, որ 28 Մարտ 1949ին ճանչցաւ Իսրայէլի նորաստեղծ պետութիւնը։ Յունուար 1950ին, Անգարա մասնագիտութեամբ դիւանագէտ Սէյֆուլլահ Էսինը ուղարկեց Թել Աւիւ՝ իբրեւ Իսրայէլի մէջ առաջին թուրք ժամանակաւոր հաւատարմատար։ 1951ին, Թուրքիա միացաւ արեւմտեան երկիրներու խումբին՝ բողոքելով Գահիրէի՝ Սուէզի ջրանցքով իսրայելեան նաւերու անցումը արգելող որոշման դէմ: Մոսատ (Իսրայէլի հետախուզական գործակալութիւնը) 1950ականներու սկիզբը կեդրոն բացաւ թրքական հողի վրայ: 1954ին, Թուրքիոյ վարչապետ Ատնան Մենտերես Միացեալ Նահանգներ կատարած այցելութեան ընթացքին արաբական երկիրներուն կոչ ըրաւ ճանչնալ Իսրայէլը»:

Հաւանաբար, Թուրքիոյ կեղծաւորութենէն աւելի վատը այն է, որ արեւմտեան եւ արաբական երկիրները դիւրահաւատօրէն խաբուելով թրքական խորամանկութիւններէն՝ կը կարծեն, որ Թուրքիա իրենց բարեկամն ու դաշնակիցն է։

Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

 

Նախորդը

«Չափորորիշիչ»-ին Դատարկ Նժարը

Յաջորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոսին Շնորհաւորական Նամակը Արցախի Նախագահին` Հանրապետութեան Անկախութեան Տօնին Առիթով

RelatedPosts

Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
Անդրադարձ.  Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադիր Արամ Մանուկեանի Կիսաքանդ Բնակարանի Ճակատագիրը Ո՞վ Կ՛որոշէ
Անդրադարձ

Ինչո՞ւ Այս Երկրին Յաջորդ Յեղափոխութիւնը Կրնայ Վանքէ Մը Սկսիլ

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?