Այսօր՝ ուրբաթ, 7 օգոստոսին, մեկնարկը տրուեցաւ Հայաստանի ըմբշամարտի երիտասարդական ախոյեանութեան: Անոր իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն ազատ ոճի 60 ըմբիշներ՝ Հայասստանի բոլոր մարզերէն և Արցախէն։
Հայաստանի ընբշամարտի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց ըսելով, որ ախոյեանութեան մասնակցող բոլոր մարզիկները, ինչպէս նաեւ՝ մարզիչները, բժիշկները եւ այլ անդամներ, ենթարկուեցան «Քորոնա» ժահրի քննութիւններուն:
Ախոյեանութիւնըպիտի կատարուի առանց հանդիսատեսներու. նոյնիսկ՝ առանց մարզական լրագրողներու: