Երեւանի ճատրակի ֆետերասիոնին նախագահ՝ Մխիթար Հայրապետեան, նախանցեալ օր, Ազգային Ժողովի պատգամաւոր՝ Երջանիկ Յակոբեանի եւ Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին փոխնախագահ՝ Նորայր Քալանթարեանի հետ, այցելեց Նոր Նորքի եւ Աւանի ճատրակի դպրոցները:
Իր այս այցելութիւններուն ընթացքին, պահը յարմար նկատելով Հայրապետեան ըսաւ, որ Երեւանի մարզադպրոցները ամէն գնով պէտք է նոր կեանք ստանան:
Ան աւելցուց ըսելով նաեւ, որ ճատրակի այժմու այս մարզադպրոցները, բաւականին նորոգութեան պէտք ունին, որովհետեւ անոնց պարզած ներկայի վիճակը ցոյց կու տայ, որ անոնք գրեթէ լքուած վիճակի մը մէջ կը գտնուին, թէեւ քանի մը հատը որոշ չափով նորոգութիւններու սկսած են:
Անոնց վերանորոգութենէն ետք, անկասկած որ անոնք թիւով աւելի շատ աշակերտներ կրնան ընդունիլ, եզրափակեց Հայրապետեան: