Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Սահմանագօտիի Հրահրումով Անգարան Նոր Գործարք Կ՛առաջարկէ Մոսկուային

Յուլիս 18, 2020
| Newsletter, Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Մէկ ազգ երկու պետութիւն» առաջադրանքին ընդառաջ Պաքուի եւ Անգարայի վարիչներուն կատարած յայտարարութիւններուն մէջ ռազմավարական մօտեցումի առումով առանցքային զուգահեռները ակներեւ են:

Ալիեւի համար ազրպէյճանցի ժողովուրդը յոգնած է ղարաբաղեան տագնապի լուծման շուրջ անիմաստ բանակցութիւններէն, եւ միջնորդները ատիկա պէտք է հասկնան: «Ազրպէյճանցի ժողովուրդը յոգնած է այս անիմաստ բանակցութիւններէն: Այդ իսկ պատճառով, բոլոր անոնք, որոնք այս օրերուն իրենց միջնորդական առաջարկները կը կատարեն, թող մտածեն այս մասին, ազրպէյճանցի ժողովուրդի համբերութիւնը անսահման չէ»:

Իսկ Թուրքիոյ նախագահը այլ ըսելաձեւերով պարզապէս նոյն բովանդակութիւնը կրկնած է. «Անշուշտ Հայաստանը բռնագրաւող է: Հայաստանի գրաւումը տասնեակ տարիներ կը շարունակէ տեւել: Նախիջեւանը բռնագրաւուած է եւ Մինսքի եռեակը 25-30 տարի է այդ գործը սեղանին վրայ ձգած է»: Թէկուզ տարածքի անուան սխալ օգտագործումով  (Արցախի փոխարէն Նախիջեւան), Էրտողանը պարզապէս կրկնած է Ալիեւի միտքը:

Պարզ է, որ Պաքուն եւ Անգարան որոշած են սաստկացնել ճնշումը` հակամարտութեան նոր տարողութիւն հաղորդելու եւ մանաւանդ բանակցային ձեւաչափը փոխելու:

Տաւուշի գործողութիւնները լիարժէք օգտագործելով  Անգարան ազդանշան տուած է եւրոպական տարբեր քաղաքներու մէջ հակահայ ցոյցեր կազմակերպելու: Որքան ալ որ լայնածաւալ պատերազմական գործողութիւններ չնախատեսուին, այդուհանդերձ քաղաքական տրամաբանութիւնը կը յուշէ, որ պետական սահմանը անհանգիստ եւ լարուած պահելը բանակցային ձեւաչափի փոփոխութեան նպաստող ռազմավարական քայլ է:

Հակամարտութեան աշխարհագրական դիրքերը կը փոխուին այս ձեւով. Ազրպէյճան-Արցախ յարաբերակցութիւնը կը վերածուի Ազրպէյճան-Հայաստանի հանրապետութիւն հակամարտութեան, շփման գիծը կը վերածուի պետական սահմանագօտիի: Իսկ Թուրքիոյ արագ հակազդեցութիւնն ու  նման ներգրաւուածութեան չափը, կամ  խնդիրը թէժ պահելու քաղաքականութիւնը կը յուշեն հակամարտութեան բանակցային լուծման նոր գործընթացի միտում եւ այդ գործընթացին մէջ Թուրքիոյ դերակատարութեան ստանձնում:

Այս եղանակով եռեակը փոխարինելու օրակարգ առաջ կը քշեն Անգարան եւ Պաքուն: Թէ՛ Ալիեւը եւ թէ՛ Էրտողանը կը խօսին փաստօրէն Մինսքի եռեակի սպառման, անարդիւնաւէտութեան եւ հետեւաբար միջնորդական նոր ձեւաչափի կայացման անհրաժեշտութեան մասին:

Ահա այստեղ է, որ Անգարան քաղաքական նոր առեւտուր կ՛առաջարկէ Մոսկուային: Աշխարհաքաղաքական հնչեղութիւն ունեցող հակամարտութեան վերահսկելիութեան դաշտէն դուրս մղել Միացեալ Նահանգներն ու Ֆրանսան եւ երկկողմ` Մոսկուա-Անգարա նոր պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերել:

Օրակարգը կ՛առնչուի անշուշտ նոր օսմանականութեամբ յատկանշուող Անգարայի արտաքին քաղաքականութեան յաւակնոտ քայլերուն հետ եւ անմիջականօրէն Լիպիոյ հետ, ուր հակասական տրամագծութեամբ դիրքաւորուած են Մոսկուան եւ Անգարան: Նոր ճակատի հրահրումով  ռազմաքաղաքական նոր գործարքի համար շահարկման նիւթեր ստեղծելու քայլն է, որ կ՛առնէ Անգարան:

Հիւսիսարեւելեան սահմանգօտիի թէժացումը կը հետապնդէր ուրեմն հետեւեալ թիրախները.

Ա.- Ազրպէյճան-Արցախ հակամարտութիւնը իրողապէս եւ ապա իրաւական առումով վերածել Ազրպէյճան -Հայաստան հակամարտութեան:

Բ.- Շփման գիծը տեղափոխել պետական  սահմանագօտի:

Գ.- Հակամարտութեան նոր գօտի ձեւաւորելով առ ոչինչ կարգավիճակ հաղորդել 1994-հրադադարին, որ կը վերաբերէր հիմնականին մէջ շփման գիծին:

Դ.- Հակամարտութեան նոր տարողութիւն եւ էութիւն հաղորդելով ճնշել միջազգային ընտանիքին վրայ բանակցային նոր ձեւաչափ ճշդելու` սպառած նկատելով ԵԱՀԿ-ի Մինսքի եռեակի առաքելութիւնը:

Ե.- Ազրպէյճան -Հայաստան հակամարտութիւնը թէժացնելով Ռուսիոյ հետ ռազմաքաղաքական նոր գործարքներ առաջարկել:

Ծրագիրը դժուար թէ գործնական դրսեւորում ունենայ: Արցախեան թղթածրարը աշխարհի այն սակաւաթիւ հակամարտութիւններէն է, ուր ներգրաւուած են թէ Միացեալ Նահանգները, թէ՛ Ռուսիան եւ թէ՛ այս պարագային Եւրոպական Միութեան յենասիւներէն Ֆրանսան: Այս ձեւաչափը աշխարհաքաղաքական ներկայ պայմաններուն մէջ դժուար թէ Անգարայի խուսանաւումներուն ընդառաջ զիջումներ կատարէ:

«Ա.»

 

Նախորդը

Մինսքի Մէջ Փաշինեան-Լուքաշենքօ Հանդիպում

Յաջորդը

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը Կոչ Կ՛ուղղէ` Շտապ Կերպով Դադրեցնելու Հայ-Ազրպէյճանական Սահմանին Տագնապի Սրումը

RelatedPosts

Հաղորդագրութիւն
Գաղութային

Հաղորդագրութիւն

Յուլիս 15, 2025
Ակնարկ.  «Պիլատ Շամ»-ի Սպառնալիքը
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. «Պիլատ Շամ»-ի Սպառնալիքը

Յուլիս 15, 2025
Շինծու Գործերով Ձերբակալուած  ՀՅԴ Երիտասարդներու Փաստաբաններու  Մամլոյ Ասուլիսը
Գլխաւոր լուրեր

Շինծու Գործերով Ձերբակալուած ՀՅԴ Երիտասարդներու Փաստաբաններու Մամլոյ Ասուլիսը

Յուլիս 15, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?