Երէկ՝ կիրակի, 12 յուլիսին, տեղի ունեցաւ «Ֆորմիւլա»-ի 2020-ի աշխարհի ախոյեանութեան երկրորդ հանգրուանի կրան- փրի-ն, առաջինին նման՝ դարձեալ Աւստրիոյ մէջ:
Սթերիընի այս կրան-փրի-ին յաղթականը եղաւ, գործող ախոյեան անգլիացի Լուիս Հեմիլթըն, որ իր ինքնաշարժին՝ Մերսետես-ի հետ արձանագրեց՝ 1 ժամ 22’ 50’’ արդիւնք մը: Անոր ետին երկրորդ դիրքը գրաւեց անոր խմբակից՝ Վալթերի Պոթթաս, 13” ուշացումով: Իսկ փոտիում բարձրացող երրորդ վարորդը եղաւ Ռետ-Պուլ-ի մաս կազմող հոլանտացի Մաքս Վերսթափեն (33’’ ուշացումով):
Նշենք, որ Ֆեռարիի երկու վարորդները՝ Սեպասթիան Վեթել եւ Շարլ Լեքլերք, այս կրան-փրի-ն չկրցան ամբողջացնել:
Տարեշրջանի յաջորդ կրան-փրի-ն տեղի պիտի ունենայ, յառաջիկայ կիրակի, 19 յուլիսին, Հունգարիոյ մէջ: