Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Չեխիայի Ծերակոյտը Դատապարտեց Հայոց Ցեղասպանութեան Գործադրութիւնը

Մայիս 21, 2020
| Newsletter, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Օրեր» կը հաղորդէ, որ 20 մայիսին Չեխիոյ Հանրապետութեան խորհրդարանի վերին պալատը` Ծերակոյտը, իր լիագումար նիստին միաձայնութեամբ ընդունեց Ծերակոյտի փոխնախագահ ընկերվար-ժողովրդավար Միլան Շտյեխի կողմէ ներկայացուած բանաձեւը, որ նուիրուած էր Բ. Համաշխարհային պատերազմի աւարտի 75-ամեակին եւ երկու աշխարհամարտերուն ընթացքին մարդկութեան դէմ գործուած ոճրագործութիւններուն, որոնց կարգին Հայոց ցեղասպանութեան դատապարտման:

Միլան Շտյեխ, ներկայացնելով բանաձեւը, նշած է, որ ծերակուտական Միլուշէ Հորսկայի հետ պատրաստած եւ ներկայացուցած են փաստաթուղթ մը, որուն նպատակն է դատապարտել ոչ միայն Բ. Համաշխարհային պատերազմի, այլ նաեւ Ա. Համաշխարհային պատերազմի տարիներուն մարդկութեան դէմ տեղի ունեցած ոճրագործութիւնները, որոնց կարգին` Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայերու ցեղասպանութեան դատապարտումը:

Բանաձեւի ընդունման համար անհրաժեշտ էր 62 ծերակուտականներու 31-ին թեր քուէները, իսկ նիստին ներկայ 48 ծերակուտականները միաձայնութեամբ թեր քուէարկեցին:

Նշենք, որ 25 ապրիլ 2017-ին Չեխիոյ խորհրդարանի Պատգամաւորներու պալատը արդէն ընդունած էր բանաձեւ մը`  դատապարտելով Հայոց ցեղասպանութիւնը: Ի հարկէ, այս բանաձեւերը իրաւական ուժ չունին, սակայն կրնան փաստել, որ այսպիսով Չեխիոյ խորհրդարանը ամբողջութեամբ` իր երկու պալատներով  դատապարտած է Հայոց ցեղասպանութիւնը:

 

Նախորդը

Հայոց Ցեղասպանութեան Նուիրուած «Արարատ» Ժապաւէնը` Թուրքիոյ Մէջ Արգիլուած Ժապաւէններու Առաջին Հնգեակին Մէջ

Յաջորդը

Հայաստանի Մէջ Արձանագրուած Է «Քորոնա» Ժահրով Վարակուած 230 Նոր Դէպք Եւ 3 Մահ

RelatedPosts

Շինծու Գործերով Ձերբակալուած  ՀՅԴ Երիտասարդներու Փաստաբաններու  Մամլոյ Ասուլիսը
Գլխաւոր լուրեր

Շինծու Գործերով Ձերբակալուած ՀՅԴ Երիտասարդներու Փաստաբաններու Մամլոյ Ասուլիսը

Յուլիս 15, 2025
Թրամփ. «Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Տագնապը  Կարծես Թէ Կը Մօտենայ Յաջող Հանգուցալուծման»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Տագնապը Կարծես Թէ Կը Մօտենայ Յաջող Հանգուցալուծման»

Յուլիս 15, 2025
Եւրոպական Միութիւնը Կ՛ողջունէ Լեռնային  Ղարաբաղի Մէջ Զինուորական  Գործողութիւններու Դադրեցումը
Հայկական

Եւրոպական Միութեան Ղեկավարները Իրենց Աջակցութիւնը Յայտնած Են Հայաստանի Գերիշխանութեան, Տարածքային Ամբողջականութեան Եւ Ժողովրդավարական Բարեփոխումներուն

Յուլիս 15, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?