Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նիւթերը Պահպանուած Են. Ազգային Գրադարանի Տնօրէնը` Սըրվըրներուն Հետ Կապուած Արկածի Մասին

May 15, 2020
| Newsletter, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի ազգային գրադարանի սըրվըրային սարքերուն մէջ գտնուող թուայնացուած եւ արխիւացուած նիւթերը պահպանուած են նաեւ առանձին «Եու.Էս.Պի.»-ներով,  հետեւաբար` սըրվըրներուն վնասուելուն պատճառով նոյնիսկ  արխիւացուած նիւթերու կորուստ տեղի չէ ունեցած եւ թուային նիւթերու ամբողջականութեան վտանգ չի սպառնար: Այս մասին «Արմէնփրես»-ի թղթակիցին հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ Հայաստանի ազգային գրադարանի տնօրէնի պաշտօնակատար Հրաչեայ Սարիբէկեան` անդրադառնալով գրադարանի սըրվըրներու այրած վիճակի մէջ յայտնաբերուելու մասին լուրին:

«Արտակարգ դրութեան պայմաններուն մէջ գրադարանը աշխատած է միայն առցանց, իսկ սըրվըրները կարգաւորուած են հեռավար ձեւով: 10 մայիսին համացանցի կապի խափանման եւ Հայաստանի ազգային գրադարանի ելեկտրոնային շտեմարաններու առցանց անհասանելիութեան պատճառները պարզելու նպատակով գրադարանի աշխատակիցները շէնքի պահպանութիւնը իրականացնող ոստիկաններէն մէկուն ընկերակցութեամբ որոշ ելեկտրական սարքեր յայտնաբերած են այրած վիճակի մէջ: Այնուհետեւ հասած է նաեւ շէնքին մէջ ծառայութիւն իրականացնող արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան աշխատակիցը», պարզաբանեց տնօրէնը:

Գրադարանի տնօրէնութիւնը տեղի ունեցածին բնոյթը եւ հանգամանքները պարզելու նպատակով անմիջապէս դիմում ներկայացուցած է արտակարգ իրավիճակներու նախարարին:

Անդրադառնալով սըրվըրային սարքերու թեքնիք վիճակին` Սարիբէկեանն ըսաւ, որ գրադարանի մասնագէտին կողմէ անոնց արտաքին տեսքի գնահատումով վիճակը յուսադրող է, սակայն լիարժէք գնահատական կարելի պիտի ըլլայ տալ ստուգումներէն ետք, ինչ որ պիտի ըլլայ արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան կողմէ դէպքի քննութեան եւ անոր վերաբերեալ արձանագրութեան տրամադրումէն ետք: Այժմ գրադարանը կը նախաձեռնէ թուայնացուած ամբողջ նիւթը տեղափոխել այլ համակարգ եւ զայն կրկին հասանելի դարձնել ընթերցող հանրութեան:

 

Նախորդը

Կառավարութիւնը Մէկ Ամիսով Երկարաձգեց Արտակարգ Դրութիւնը

Յաջորդը

Զոհրապ Մնացականեան Եւ Սերկէյ Լաւրով Անդրադարձան Լեռնային Ղարաբաղի Խաղաղ Հոլովոյթին

RelatedPosts

Եւրոպական Խորհրդարանը Պաքուէն Կը Պահանջէ  Անյապաղ Ազատ Արձակել Հայ Գերիները
Գլխաւոր լուրեր

Եւրոպական Խորհրդարանը Պաքուէն Կը Պահանջէ Անյապաղ Ազատ Արձակել Հայ Գերիները

October 10, 2026
Աւելի Քան 100 Քոնկրեսականներ Կը Պահանջեն  Կասեցնել Պաքուին Ամերիկեան  Զինուորական Աջակցութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Աւելի Քան 100 Քոնկրեսականներ Կը Պահանջեն Կասեցնել Պաքուին Ամերիկեան Զինուորական Աջակցութիւնը

October 9, 2026
«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները  Հանդիպած Են Հայաստանի Մէջ Միացեալ Նահանգներու  Գործերու Ժամանակաւոր Հաւատարմատար Տէյվիտ Ալենի Հետ
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Հանդիպած Են Հայաստանի Մէջ Միացեալ Նահանգներու Գործերու Ժամանակաւոր Հաւատարմատար Տէյվիտ Ալենի Հետ

October 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.