Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. 105-ը 100-ով Պայմանաւորուած. Սեւրի Տրամաբանութեան Տեսանելիութիւնը

Ապրիլ 23, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի նշումը անպայման քաղաքական թելերով կը կապուի Սեւրի պայմանագիրի եւ Ուիլսընի Իրաւարար վճիռի 100-ամեակին: Այս փոխկապակցուածութիւնը կը նպաստէ նաեւ ճանաչումէն հատուցում անվերադարձ անցում կատարելու իրաւաքաղաքական որոշումին:

Համազգային մակարդակով աշխատանքային նոր գերակայ ուղղութիւններ ճշդելու հրատապ օրակարգի առջեւ ենք: Մանաւանդ որ հռչակագրային-հայեցակարգային փաստաթուղթը իբրեւ աշխատանքային ուղեցոյց մշակած եւ ստորագրած ենք ազգովին` Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով: Խօսքը բնականաբար Համահայկական հռչակագիրին մասին է, որ թէ՛ պետական եւ թէ՛ հասարակական հարթութիւններու վրայ գործնապէս իմաստաւորելու խնդիր ունինք:

Օրախնդիրը միայն ներազգային տարողութիւն չունի: Քաղաքական իրադարձութիւնները, նոյնիսկ աշխարհաքաղաքական գործընթացները առանց Սեւրի անունը նշելու խորքին մէջ Սեւրի տրամաբանութեան մասին կը խօսին` տարածաշրջանին եւ աւելի մասնակիօրէն Թուրքիոյ ուղղութեամբ ճնշումները սաստկացնելու առումով: Էրտողանի քաղաքականութիւնը յայտնապէս կը նպաստէ սեւրեան քաղաքական տրամաբանութեան վերարծարծման:

Պահ մը շրջանցելով հայկական գործօնը նկատենք, որ Թուրքիոյ տարածաշրջանային քաղաքականութիւնը կը բախի եւրոպական, ամերիկեան, արաբական, քրտական դիմակայակէտերու` նշելու համար միայն ամէնէն բացայայտ եւ գործնական դրսեւորում ունեցող պարագաները: Անգարան չէ յաջողած ձեւաւորել  իր առաջադրած անվտանգութեան գօտին Սուրիոյ մէջ, իր յայտարարած նպատակները Լիպիոյ մէջ հեռու են իրականացուելէ, կը կրէ հանգրուանային պատժամիջոցներ համաեւրոպական կառոյցներէն, կը ստանայ յստակ քաղաքական ուղերձներ Ուաշինկթընէն եւ արաբական երկիրներու հետ խնդրոյ առարկայ կը դարձնէ երկկողմ յարաբերութիւններու զարգացման միտումները: Անոնք տեսք կը ստանան սուրիական խորհրդարանին թէ Արաբական ծոցի «սկսելու համար» տեղեկատուական եւ վերլուծական կեդրոններու մէջ:

Կեդրոնանանք Ցեղասպանութեան ճանաչման սպառնալիքին գործնականացման երեւոյթին վրայ` Ուաշինկթընի մէջ: Ներկայացուցիչներու տան եւ Ծերակոյտի քուէարկութիւնները ամերիկեան պաշտօնական ճանաչումի արձանագրութիւն կը կատարեն ըստ էութեան: Որքան ալ վարչակառավարումը կը յապաղի նման քայլ առնելէ կամ կը փորձէ շրջանցել եզրի օգտագործումը, կատարուածը պարզօրէն Միացեալ նահանգներու պաշտօնական ճանաչումն է:

Ահա այստեղ է, որ ամերիկեան «սկսելու համար» օրէնսդիր շրջանակները կրնան յիշել իրենց նախորդ նախագահներէն` Ուիլսընի կատարած իրաւարարութիւնը տարածքային սահմանագծումներու առումով: Սեւրին միջազգային հնչեղութիւն տալը եւ այդ շրջածիրին մէջ իրաւարարութեան որոշումին հրատապութիւն հաղորդելը հայ քաղաքական միտքին անյետաձգելի օրակարգն է:

Աշխարհաքաղաքական եւ համազգային բոլոր հանգամանքները նկատի ունենալով հատուցման իրաւական փաստաթուղթերու մշակման նախապէս կայացած որոշումները գործադրելու ազդանշանի պահն է:

Ամբողջ համակարգ մը տասնամեակներ պատրաստեց ճանաչման ենթահողը. երբ քաղաքական պահը հասաւ, գործնական տեսք ստացան այդ թղթարծարները: Այժմ հատուցման թղթծարարի պատրաստութեան եւ միջազգային հնչեղութեան պահն է: Բոլոր նախադրեալները նկատի ունենալով:

Նախորդը

Ակնարկ. Բովանդակային Բանակցութիւններ` Միայն Ստեփանակերտով

Յաջորդը

Նետերլանտներն Ու Ֆրանսան Կը Նախատեսեն Վերաբանալ Նախակրթարանները

RelatedPosts

Հաղորդագրութիւն
Գաղութային

Հաղորդագրութիւն

Յուլիս 15, 2025
Ակնարկ.  «Պիլատ Շամ»-ի Սպառնալիքը
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. «Պիլատ Շամ»-ի Սպառնալիքը

Յուլիս 15, 2025
Շինծու Գործերով Ձերբակալուած  ՀՅԴ Երիտասարդներու Փաստաբաններու  Մամլոյ Ասուլիսը
Գլխաւոր լուրեր

Շինծու Գործերով Ձերբակալուած ՀՅԴ Երիտասարդներու Փաստաբաններու Մամլոյ Ասուլիսը

Յուլիս 15, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?