Վենեզուելայի դէմ Միացեալ Նահանգներու սպառնալիքները «Վայրի Արեւմուտքի» ժամանակներու գործողութիւններ են, եւ եթէ երկրի ղեկավարութեան ներկայացուցիչներէն մէկուն գլխէն մազ պակսի, ժողովուրդն ու զինուորականները ոտքի պիտի կանգնին ու անոնց զօրակցին: Ռուսական «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Վենեզուելայի նախագահ Նիքոլաս Մատուրօ:
«Մեր գլուխներուն համար գին առաջարկուած է, կարծես մենք կը գտնուինք Վայրի Արեւմուտքի (անգլերէնով Ուայլտ Ուեստթ, «Ա.») ժամանակներուն մէջ: Սակայն մեզ չի վախցներ ամերիկեան որեւէ յարձակում: Եթէ ոեւէ մէկուս գլուխէն մազ պակսեցաւ, մեր ժողովուրդը ծրագիր ունի, այն է` ռազմաքաղաքացիական միաւորում: Ոստիկանութիւնը ծրագիրներ ունի, եւ դուք գիտէք, որ ժողովուրդը արդէն անուն տուած է այդ ծրագիրին` «Պոլիվարեան կատաղութիւն», ըսած է Մատուրօ:
«Ատիկա պիտի ըլլայ մեր ազգային պատասխանը որեւէ յարձակումի, եւ անոնք այդ մասին գիտեն», աւելցուցած է ան:
Նախապէս հաղորդուած էր, որ Միացեալ Նահանգներու արդարադատութեան նախարարութիւնը դատական գործ յարուցած է Վենեզուելայի նախագահ Նիքոլաս Մատուրոյի եւ երկրի 14 այլ ղեկավարներու դէմ` պնդելով, որ անոնք առնչութիւն ունին թմրեցուցիչներու ապօրինի վաճառքի հետ:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը Մատուրոն ձերբակալելու անհրաժեշտ տեղեկութեան համար 15 միլիոն տոլար պարգեւավճար խոստացած է: Բացի ատկէ, գերատեսչութիւնը 10-ական միլիոն տոլար խոստացած է երկրին մէջ կարեւոր պաշտօններ վարած եւ վարող պաշտօնատարներու ձերբակալման հարցին մէջ պիտանի տեղեկութեան տրամադրման համար:
Ընդհանուր առմամբ, Միացեալ Նահանգներ 55 միլիոն տոլար պարգեւավճար հաստատած են:
Ընդհանուր դատախազ Ուիլիըմ Պար յիշեցուցած է, որ Միացեալ Նահանգներ Մատուրոն Վենեզուելայի նախագահ չեն նկատեր, եւ զայն համեմատած է Փանամայի նախկին ղեկավար Մանուէլ Նորիեկայի հետ, զոր ամերիկացիները տապալած են 1989 թուականին` թրմեցուցիչի վաճառականութեան առնչուած նմանատիպ մեղադրանքներէ ետք: