Երէկ կէսօրին «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ի մէջ (Քասլիք) Լիբանանի թենիսի ֆետերասիոնը տուաւ յատուկ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին ներկայացուց տեղեկութիւններ 6-7 մարտին տեղի ունենալիք Լիբանան – Թայլանտ մրցումին մասին, որ կ՛իյնայ Ասիա – Ովկիանիա ցամաքամասին մէջ կատարուելիք թենիսի «Տէյվիս Քափ»-ի մրցաշարքին ծիրին մէջ:
Լիբանանի թենիսի ֆետերասիոնի նախագահ Օլիվըր Ֆայսալ, ինչպէս նաեւ ընդհանուր քարտուղար Ալեն Սայեղ, Թայլանտի դէմ այս մրցումին կարեւորութիւնը շեշտեցին` նկատի ունենալով, որ յաղթանակը կը նկատուի անհրաժեշտ` այս ցամաքամասին մէջ Ա. դասակարգին մէջ մնալ կարենալու համար:
Յայտնենք, որ Լիբանանի տղոց մարզիչն է Ֆետի Եուսեֆ, որ նախապէս մաս կազմած է ազգային խումբին:
Այսօր, միեւնոյն ժամուն եւ միեւնոյն վայրին մէջ, տեղի պիտի ունենայ մրցաշարքին վիճակաձգութիւնը: