Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարեց. «Իտլիպի մէջ սուրիական վարչակարգին յարձակումներուն իբրեւ հետեւանք արձանագրուած թրքական բանակի կորուստներուն թիւը հասաւ 14 զոհի եւ 45 վիրաւորի»:
«Վարչակարգը, ինչպէս նաեւ անոր հետ գործող ռուսական ուժերն ու Իրանի աջակցութիւնը վայելող միլիսները Իտլիպի մէջ շարունակ յարձակում կը գործեն քաղաքայիններու վրայ, ջարդեր կը կատարեն ու արիւնահեղութիւն կը պատճառեն, եւ եթէ նոյնիսկ բոլոր իրենց աչքերը փակեն, կռնակ դարձնեն եւ իրենց խիղճը սառեցնեն` Թուրքիան դիտողի դիրքի վրայ պիտի չմնայ», աւելցուց ան:
Էրտողան մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին նշեց. «Նպատակը շրջանը ամբողջովին դատարկել է` բնակչութիւնը ստիպելով դէպի մեր սահմանը շարժիլ, որպէսզի Իտլիպը դիւրութեամբ գրաւուի»:
«Մենք վճռած ենք մինչեւ փետրուարի վերջը վարչակարգը հեռացնել Սոչիի փաստաթուղթի սահմաններէն, այսինքն մեր հսկողութեան կէտերուն ետին, եւ գետնի վրայ ու օդին մէջ հարկ եղած ամէն բան պիտի ընենք առանց տատամսումի կամ խուսափողականութեան»:
«Եթէ Իտլիպի մէջ ոեւէ այլ թուրք զինուոր վիրաւորուի, պիտի հարուածենք սուրիական կառավարութեան ուժերը որեւէ տեղ: Եթէ թրքական արիւն հեղուի, մեր պատասխանը տասնապատիկը պիտի ըլլայ», շեշտեց Թուրքիոյ նախագահը:
Աղբիւրներ «Սքայ Նիուզ»-ի արաբական ծառայութեան յայտնած են, թէ թրքական ուժերը Իտլիպի հիւսիսային գիւղական շրջանի Պանշ եւ Թաաում գիւղերուն միջեւ զինուորական նոր կէտ մը հաստատած են, մինչ թրքական յաւելեալ ուժեր եւ զինուորական շարասիւններ շարունակ մուտք կը գործեն Սուրիա:
Մարդկային իրաւանց սուրիական դիտարանը իր կարգին նշեց, թէ թրքական բանակը Հասաքէի շրջանին մէջ իր դիրքերը լքած է` առանց այդ քայլին պատճառը նշելու:
Իտլիպի Հարցով Ռուս-Թրքական Բանակցութիւնները Ձախողած Են
Անգարայի մէջ Իտլիպի հարցով տեղի ունեցած ռուս-թրքական բանակցութիւններու ընթացքին կողմերը չեն յաջողած համաձայնութիւն գոյացնել: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Կազեթէ Տուվար» օրաթերթը:
Կը հաղորդուի, որ բանակցութիւններուն ընթացքին կողմերը չեն յաջողած հասարակ յայտարարի գալ, եւ ռուսական կողմը լքած է Անգարան:
Թուրքիոյ մայրաքաղաք մեկնած ռուսական պատուիրակութիւնը թրքական կողմին հետ ունեցած է երկու հանդիպումներ, որոնցմէ մէկը դռնփակ եղած է եւ տեւած աւելի քան 3 ժամ:
Թրքական պատուիրակութիւնը գլխաւորած է արտաքին գործոց փոխնախարար Սետաթ Էօնալը, ռուսական պատուիրակութիւնը` արտաքին գործոց փոխնախարար Սերկէյ Վերշինինը: Բանակցութիւններուն մասնակցած են երկու երկիրներէն բարձրաստիճան զինուորականներ: Քննարկուած է Իտլիպի մէջ ստեղծուած իրավիճակը:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու երէկ յայտնեց, որ իր երկիրը պիտի շարունակէ Իտլիպի մէջ զինադադարի հաստատման հոլովոյթը` նշելով. «Սոչիի համաձայնութիւնը տակաւին կանգուն է, հակառակ արգելքներուն, սակայն այսուհետեւ ամէն ինչ պէտք է մնայուն ըլլայ»:
«Որեւէ արդիւնքի չհասնելնուս պարագային մեր վճռակամութիւնը յստակ է, եւ անհրաժեշտը պիտի տնօրինենք», յայտարարեց ան:
Ան նշեց, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան իր ռուս պաշտօնակիցին` Վլատիմիր Փութինի հետ ունեցած է Սուրիոյ հարցին շուրջ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը` նշելով, որ Անգարայէն պատուիրակութիւն մը յառաջիկայ օրերուն պիտի այցելէ Մոսկուա:
Քրեմլին երէկ յայտարարեց, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին իր թուրք պաշտօնակից Էրտողանի հետ հեռաձայնով քննարկած է սուրիական թղթածրարի զարգացումներն ու Իտլիպի մէջ իրադարձութիւնները, եւ անոնք համաձայնած են Սուրիոյ վերաբերեալ հաղորդակցութիւնները շարունակելու առնչակից գործակալութիւններուն ճամբով, ինչպէս նաեւ համաձայնած են Սուրիոյ վերաբերեալ միացեալ համաձայնութիւններու գործադրութեան կարեւորութեան շուրջ:
Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը` մեկնաբանելով Էրտողանի կողմէ Մոսկուայի եւ Դամասկոսի ուղղուած ամբաստանութեան` Իտլիպի մէջ քաղաքայիններու դէմ յարձակումներ կատարելու, յայտնեց. «Իտլիպի ապազինեալ գօտիին մէջ տագնապին իսկական պատճառը այն է, որ մեր թուրք գործընկերները չկատարեցին ընդդիմադիր զինեալները Ժապհաթ Նուսրայի եւ Հուրրաս Տինի ահաբեկիչներէն անջատելու յանձնառութիւնը»:
Միացեալ Նահանգներ Պիտի Չմիջամտեն
Սպիտակ տան Ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդատու Ռապըրթ Օ՛Պրայըն յայտարարած է, թէ Իտլիպի մէջ իրավիճակը իր երկրին համար հաճելի չէ:
«Իտլիպի մէջ վատ իրավիճակ է: Մենք ռուսերուն եւ թուրքերուն ըսած ենք, որ ատիկա մեզի համար հաճելի չէ: Սակայն չկայ կախարդական փայտիկ, որ ատոր վերջ տանք», յայտարարեց Օ՛Պրայըն:
Ան նաեւ աւելցուց, որ Միացեալ Նահանգներ չի պատրաստուիր իր զօրքերով լուծել խնդիր մը, զոր իրենք չեն ստեղծած:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէոն ալ իր կարգին յայտարարած էր, թէ Սուրիոյ հարցով Միացեալ Նահանգներու յատուկ ներկայացուցիչ Ճէյմս Ճեֆրին ուղարկուած է Թուրքիա` Սուրիոյ բանակին կողմէ թրքական բանակին վրայ յարձակումներուն Անգարայի եւ Ուաշինկթընի պատասխանը համակարգելու համար:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը մէկ օր առաջ յայտարարած էր. «Սուրիական բանակին կողմէ Իտլիպի շրջանին մէջ թրքական ուժերուն վրայ յարձակումները բոլոր սահմանները կը շրջանցեն»` աւելցնելով, որ Ուաշինկթըն կ՛աջակցի Թուրքիոյ` ՕԹԱՆ-ի մէջ իր դաշնակիցին:
Թուրքիան, նախքան այդ, յայտարարած էր, որ Իտլիպի մէջ ստեղծուած լարուածութեան առնչութեամբ ՕԹԱՆ-ի աջակցութիւնը կ՛ակնկալէ:
Պորել Կը Զգուշացնէ Թուրքիոյ Եւ Ռուսիոյ Միջեւ Բախումէ Մը
Եւրոպական միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ժոզեփ Պորել նշեց. «Սուրիոյ մէջ ականատես կը դառնանք սուրիական վարչակարգին ու թրքական ուժերուն միջեւ ճակատումի մը` առանց նշելու թրքական եւ ռուսական ուժերուն միջեւ բախումի մը վտանգը»:
Ան Եւրոպական խորհրդարանին առջեւ իր արտասանած խօսքին մէջ զգուշացուց. «Այս լարուածութիւնները կրնան պատճառ դառնալ շրջանային աւելի մեծ հակամարտութեան»:
«Հարկ է գործադրել Անգարայի եւ Մոսկուայի միջեւ կնքուած զինադադարի համաձայնութիւն», ըսաւ Պորել` աւելցնելով. «Եւրոպական միութեան` սուրիական տագնապին վրայ ազդելու անկարողութիւնը յուսաբեկութեան զգացում կը յառաջացնէ, որովհետեւ Եւրոպական Միութիւնը անկարող է»: