Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Դրամատուներու միութեան նախագահ Սելիմ Սֆէյրը, ներկայութեամբ` անոր խորհրդատուին Անթուան Հապիպի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան դրամատնային իրադարձութիւնները, Սֆէյրի Միացեալ Նահանգներ կատարած այցելութիւնն ու արտաքին գործոց նախարարութեան եւ ելեւմուտքի նախարարութեան, ինչպէս նաեւ կարգ մը դրամատուներու պատասխանատուներու հետ անոր ունեցած հանդիպումներուն արդիւնքները:
Աուն. «Երկիրը Վերականգնելու Բոլոր Միջոցներուն Պիտի Դիմենք, Նաեւ Միջազգային Մեր Գործընկերներուն Հետ Պիտի Աշխատինք` Իւրացուած Գումարները Վերադարձնելու»
Նախագահ Աուն «Վալէօր աքթիւել» ֆրանսական թերթին հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին շեշտեց, որ ներկայիս Լիբանան կը դիմագրաւէ դժուար կացութիւն մը` աւելցնելով, որ երկիրը կը տառապի տնտեսական ծանր իրավիճակէ:
Ան հաստատեց, որ տնտեսական տագնապին հիմնական պատճառը այն է, որ երկիրին տնտեսական համակարգը 90-ականներէն ի վեր վերածուած էր ծառայութիւններու հիման վրայ մուտքեր ապահովող տնտեսութեան:
«Այս տեսակի տնտեսութիւնը երկրին պետական գանձարկղին մէջ նիւթական բացեր յառաջացուց եւ պատճառ դարձաւ, որ երկրին տնտեսութիւնը արտադրողական չըլլայ, եւ երկրին նիւթական բացը բազմապատկուի», ըսաւ ան:
Նախագահ Աուն նշեց նաեւ, որ Լիբանանի հարեւան արաբական երկիրներուն մէջ բռնկած պատերազմները, իրենց կարգին, պատճառ դարձան Լիբանանի տնտեսական տագնապի վատթարացման` նկատի ունենալով, որ այդ երկիրներուն միջոցով Լիբանանէն արտածուող երկրագործական արդիւնաբերութիւնը եւս դադրեցաւ:
Նախագահ Աուն յայտնեց, որ Լիբանան հասած սուրիացի տեղահանուածներուն թղթածրարը իր կարգին սպառեց Լիբանանը` լուսարձակի տակ առնելով այն, որ ներկայիս անոնց եւ պաղեստինցի գաղթականներուն թիւը հաւասար է Լիբանանի բնակչութեան կէսին:
Ան նշեց, որ օրական դրութեամբ Լիբանանի դիմագրաւած տառապանքը մեծ է` յայտնելով, որ, ըստ Միջազգային դրամական ֆոնտին եւ Միջազգային դրամատան, Լիբանանի տնտեսական տագնապը 25 միլիառ տոլարի բաց ստեղծած է:
Նախագահ Աուն յայտնեց, որ լիբանանեան պետութիւնը ելեւմտական լուրջ միջոցառումներ պիտի որդեգրէ` երկրին տնտեսութիւնը վերականգնելու համար: «Այդ պատճառով ալ մենք կարիքը ունինք արտակարգ աջակցութեան, ինչպէս նաեւ միջազգային մեր գործընկերներուն հետ պիտի աշխատինք` իւրացուած գումարները վերադարձնելու Լիբանան», հաստատեց ան:
Նախագահը յայտնեց, որ կարգ մը երկիրներ պատրաստակամութիւն յայտնած են Լիբանանին օժանդակելու` նշելով, որ անոնցմէ է Ֆրանսան:
Ան ըսաւ, որ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի հետ ունեցած իր հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին Մաքրոն շնորհաւորած է զինք նոր կառավարութեան կազմութեան առիթով, ինչպէս նաեւ քննարկուած է Լիբանանի դիմագրաւած տագնապը:
Հանրապետութեան նախագահը աւելցուց, որ յառաջիկայ օրերուն Մաքրոնի հետ դարձեալ զրոյց մը պիտի ունենայ:
Հըզպալլայի մասին հարցումի մը պատասխանելով` նախագահ Աուն յայտնեց, որ Հըզպալլան չէ, որ նորակազմ կառավարութիւնը կը ղեկավարէ:
«Նորակազմ կառավարութեան պարտականութիւնն է երկրին դիմագրաւած տնտեսական տագնապին վերջ մը դնել, առ այդ, կառավարութեան մշակած աշխատանքային ծրագիրը հիմնականին մէջ կ՛անդրադառնայ տնտեսական եւ ելեւմտական միջոցառումներու որդեգրման», յայտնեց ան:
Զօր. Աուն ըսաւ, որ Հըզպալլա իրանեան-ամերիկեան տագնապին առումով միջամտութիւններ պիտի չկատարէ, այլ պիտի յարգէ հարաւային Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութիւնը:
Ան նկատել տուաւ նաեւ, որ Հըզպալլա տապալած է Իսրայէլը եւ յաղթանակ արձանագրած Լիբանանի դէմ Իսրայէլի սանձազերծած պատերազմին ընթացքին` աւելցնելով, որ լիբանանեան որոշ տարածքներ տակաւին բռնագրաւուած կը մնան Իսրայէլի կողմէ:
Նախագահ Աուն անդրադարձաւ Լիբանանի մէջ փտածութեան դէմ պայքարելու կարեւորութեան` ընդգծելով, որ անիկա կառավարութեան հիմնական աշխատանքներէն մէկը կը նկատուի:
Ան շեշտեց նաեւ, որ լիբանանեան վարչակարգը համայնքային դրութեան վրայ հիմնուած է` աւելցնելով, որ պէտք է փոփոխութիւն յառաջացնել` հասնելու համար քաղաքացիական վարչակարգի հիմնումին:
Նախագահ Աուն նշեց, որ Լիբանանի դիմագրաւած տնտեսական ներկայ տագնապին պատճառը սուրիացի տեղահանուածներն են` աւելցնելով, որ անոնք պէտք է գործադրեն տունդարձի իրենց իրաւունքը:
«Մեզի համար անհասկնալի է, որ արեւմտեան երկիրներ կը մերժեն սուրիացի տեղահանուածներուն տունդարձը», եզրափակեց ան: