Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պատմական Մեծ Դէմքեր. Խրիմեան Հայրիկ Եւ Իր Ժամանակները

Փետրուար 12, 2020
| Պատմական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Սուրբ Էջմիածնի Գանձարանի Հարստութիւններուն
Պետական Պաշտօնական Կողոպուտը

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Սուրբ Էջմիածին

Իշխան Նակաշիձէի եւ ընդունող յանձնախումբին կողմէ Սուրբ Էջմիածնի Գանձարանին դուռը կնքուելէն եւ մայրավանքէն անոնց հեռացումէն ետք (15 սեպտեմբեր 1903-ին), Հայրիկ հոգեկան ծանր տագնապի մատնուեցաւ:

Վեհափառը անվերջ կը ծխէր եւ ման կու գար դահլիճին մէջ:

Կաթողիկոսը առանձին չձգելու համար Կորիւն, Կոմիտաս եւ Խորէն վարդապետները եւ վեհափառին եղբօրորդի Խորէն Խրիմեան հերթով կամ միասին կը մնային Հայրիկի մօտ:

Հայրիկ գանձապահ Եղիշէ վարդապետ Ահարոնեանին հրամայեց գանձարանին բանալիներն ու մատեանները վեհարան բերել:

Երեւանէն օրը օրին զօրքեր կը հասնէին Վաղարշապատ եւ մայրավանքին շուրջ զինուորական օղակը աւելի ու աւելի կը սեղմուէր:

***

22 սեպտեմբեր 1903-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին Հայրիկ իր մօտ կանչեց լուսարարապետ Ղեւոնդ եպիսկոպոսը եւ ըսաւ անոր.

– Է՛հ, Ղեւոնդ սրբազան, այս գիշեր մայր տաճարին մէջ Հսկումն եւ Եկեսցէ պիտի ընենք. իմաց տուէք միաբանութեան եւ ժողովուրդին, զանգակները տխուր հնչեցուցէք, անուշ եւ յուզիչ ձայնով երգեցէք Տէր Ողորմեայի այս տուն – Արի Աստուած հարցն մերոց, որ ապաւէնդ ես նեղելոց, հաս օգնութիւն ծառայից քոց, լեր օգնական ազգիս հայոց: Ասիկա ալ տեսակ մը ժողովրդական կրօնական ցոյց մըն է, վասնզի սիրտ թագաւորաց` ի ձեռն Աստուծոյ են:

Երեկոյեան ժամը 7:00-ին Էջմիածնի մայր տաճարին զանգակը ընդհատ ընդհատ եւ տխուր կը ղօղանջէր: Բոլոր միաբանները եւ անգամ հիւանդ հոգեւորականները տաճար իջան: Վաղարշապատէն եւ շրջակայքէն ալ ահագին ժողովուրդ խռնուեցաւ: Վերջը մտաւ Հայրիկ, բայց հայրապետական գահին վրայ չբազմեցաւ, այլ մինակ, տխուր ու յուզուած կանգնեցաւ ատեանը:

Հսկումի հոգեզմայլ եւ հոգեպարար արարողութիւնը սկսաւ: Հայրիկ գլխաբաց կ՛աղօթէր եւ յոգնած ատեն ծունկի կու գար: Դպիրք, միաբանք ու ժողովուրդ լալագին կ՛երգէին եւ հայկական հին շարականները կ՛արձագանգէին բոլորի շուրթերէն:

Կրօնական արարողութիւնը շատ յուզիչ ու խորհրդաւոր անցաւ:

Տաճարէն դուրս գալու պահուն հազարաւոր ժողովուրդ բարձրաձայն աղաղակեց.

«Կեցցէ՜ Հայրիկ, կեցցէ՜ հայութիւն»:

Ծանր ու խորհրդաւոր գիշեր մըն էր:

Դուրսը ռուս պահակ զինուորները կը սուլէին եւ կը խանգարէին գիշերային լռութիւնը:

***

Աղջամուղջը հետզհետէ կը բացուէր: Արեգակը իր առաջին շողերը արձակեց:

Սեպտեմբեր 23-ի առաւօտը հազիւ բացուած, լուրեր տարածուեցան, թէ` այսօր վանքի գանձարանին դուռը ջարդելով պիտի բանան եւ գանձերը պիտի տանին:

Ռուս զօրքերը շարժման մէջ դրուեցան: Վանքի դուռերուն առջեւ պահակներ դրուեցան եւ Ղազարապատի ու Ճեմարանի բակերն ու անցքերը զինուորներով լեցուեցան:

Իշխան Միխայիլ Ալեքսանտրովիչ Նակաշիձէ

Ժամը 11:00-ին հասաւ իշխան Նակաշիձէ: Անոր կ՛ընկերակցէին երկու հարիւր ձիաւոր կոզակներ:

Կոզակները սուինները հրացաններուն վրայ ամրացնելու հրաման ստանալէ ետք պաշարեցին վեհարանը:

Իշխան Նակաշիձէ հրամայեց որ ոչ ոք ներս մտնէ, իսկ ինք, ընդունող յանձնախումբի, սինոտի պրոկուրոր Կանչելիի, անոր օգնական Ռուստամ բէկ Մադաթեանցի եւ զինուած կոզակներու հետ Տրդատայ դուռէն ներս մտնելով գնաց դէպի գանձարան:

Ռուստամ բէկ վեհարան բարձրացաւ եւ Հայրիկի ներկայանալով ըսաւ.

– Վեհափառ Տէր, եթէ կարելի է բանալիները շնորհ ընէք, թող Ձեր կամքով լինի, հակառակ դէպքում կը ջարդեն գանձարանի դուռը:

Հայրիկ ձեռքը սեղանին զարկաւ եւ գոռաց.

– Կորի՛ր, հեռացի՛ր այստեղից, բանալիները չեմ տար, ինչ որ գիտեն թող ընեն:

Հայրիկի վերջնական պատասխանը լսելէ ետք Նակաշիձէ հրամայեց խորտակել գանձարանին դուռերը:

Ռուս վարպետներ գործի լծուեցան եւ մուրճերով ու երկաթեայ բիրերով խորտակեցին գանձարանին առաջին եւ երկրորդ դուռերը:

Նակաշիձէ եւ իր հետեւորդները ներս մտան եւ կանգնեցան երկաթեայ մեծ գանձարկղներուն առջեւ:

Մուրճերու ուժգին հարուածներու տակ գանձարկղներն ու դրամարկղը փշրուեցան:

Աշխարհի քրիստոնէական ամենահին եւ ամենանուիրական յարկի կամարներուն տակ, մեծազօր կայսրութեան մը ամենաողորմած կայսեր ներկայացուցիչները, Խաչելութեան պատկերին առջեւ հանդիսաւորապէս խողխողեցին հայութեան եւ ամբողջ քրիստոնեայ աշխարհին համար նուիրական մշակութային գանձերը եւ հոգեւոր սրբութիւնները:

***

Հայրիկ, հոգեկան անհուն տառապանքի մէջ, լուռ ու մտախոհ կ՛երթեւեկէր դահլիճին մէջ ու կը ծխէր: Դէմքը գունատ էր եւ անհուն վիշտով ու թախիծով պատուած:

Միաբաններ, մտահոգ, որ Հայրիկ հոգեկան տառապանքին կրնայ չտոկալ, անոր առաջարկեցին Սուրբ Գայեանէի վանքը երթալ:

Հայրիկ ընդունեց առաջարկը եւ Խորէն վարդապետին ու իր եղբօրորդի Խորէնի հետ սանդուխէն վար իջաւ:

Գանձարանին կողմէն մուրճերու հարուածները կ՛որոտային: Հայրիկ ամբողջ մարմնով կը սարսռար ու կը հառաչէր:

Հայրիկի թեւերէն բռնելով տարին թանգարանի դրան առջեւ, ուր կառքը կը սպասէր:

Սուրբ Գայեանէի վանքը հասնելէն ետք Հայրիկ սուրճ ապսպրեց: Սուրճը բերուեցաւ: Վեհը անվերջ կը ծխէր, կը խոկար եւ ի խորոց սրտի կը հառաչէր:

Հայրիկ յետոյ փափաքեցաւ Սուրբ Հռիփսիմէի վանքը երթալ: Կառքը բերուեցաւ:

Երկրորդ կառք մնալ ալ` իրեն ուղեկիցներուն համար: Կառքերը անցան Վաղարշապատի փողոցները, որոնք բռնուած էին ձիաւոր կոզակներով, իսկ ժողովուրդը սարսափի մատնուած, դուռերը փակած եւ ներս մտած էր:

Սուրբ Հռիփսիմէի վանքը հասնելէն ետք Հայրիկ փափաքեցաւ վանապատկան Ղռի այգին երթալ: Կառքը ծառուղիներու մէջէն անցնելով հասաւ չինարի ծառերուն մօտ: Հայրիկ կառքէն իջաւ եւ խոտերու վրայ փռուած գորգի վրայ նստելով կռթնեցաւ չինարի դարաւոր ծառին,  աչքերը ուղղեց դէպի երկինք եւ դէպի Մասիսի ձիւնապատ գագաթը ու լուռ խոկաց: Այգեպանները զամբիւղ մը խաղող բերին, բայց Հայրիկ չկերաւ, այլ միայն ծխեց:

Քիչ ետք Հայրիկ փափաքեցաւ Շողակաթի վանքը երթալ: Երբ հոն հասան Հայրիկ թէյ ուզեց: Վանահայր Գրիգոր վարդապետ կրակը վառեց, բայց Հայրիկ, տեսնելով որ թէյը կ՛ուշանայ, ուզեց մայրավանք վերադառնալ:

Վեհափառին եւ ընկերակիցներուն կառքերը ճամբայ ելան եւ հասան Ճեմարանի դրան առջեւ: Շաթիրը կառքէն վար իջաւ: Պահակ ռուս զինուորը սուինաւոր հրացանը ձեռքին պոռաց. «Նելիզիա» (կարելի չէ):

Կառքերը շարժեցան դէպի Վաղարշապատի հրապարակը եւ կանգ առին Տրդատայ դրան առջեւ, ուր ձիաւոր կոզակներ եւ զօրքեր խռնուած էին: Հայոց կաթողիկոսին արգիլուեցաւ մայրավանք մտնել:

Կառքերը այս անգամ ուղղուեցան Սուրբ Գայեանէի վանքը, ուր իջան կաթողիկոսն ու իր ընկերակիցները:

Վաղարշապատի գաւառապետ Լեմերման, որ երկար տարիներ հայութեան մէջ ծառայած էր եւ հայերէն ալ կը խօսէր, տեսնելով որ զօրքին կողմէ կաթողիկոսին վանք մտնելու դէմ յարուցուած արգելքը կրնայ ժողովրդական բողոքի եւ ծանր դէպքերու առիթ տալ, Նակաշիձէի կամքը առնելէ ետք Սուրբ Գայեանէի վանք այցելեց եւ Հայրիկի ներկայանալով ըսաւ.

– Ձերդ սրբութիւն, այդ տգեղ թիւրիմացութեան համար ներողամիտ եղէք. կը խնդրեմ որ երթաք մայր աթոռ, որուն դուռերը Ձեր առջեւ միշտ բաց են:

Հայրիկ զայրացկոտ դէմքով անոր նայելէ ետք ձեռքը սեղանին զարկաւ եւ պոռաց.

– Կորսուէ՛:

Լեմերման ամօթահար հեռացաւ:

Երեկոյեան ժամը 5:30-ին Հայրիկ եւ իր ընկերակիցները դուրս ելան Սուրբ Գայեանէի վանքէն եւ ուղղուեցան դէպի վեհարան: Թանգարանի դուռէն ներս մտնելով իջան վեհարանի բակը: Անցան գանձարանին առջեւէն: Պետական պաշտօնական կողոպուտը դեռ կը շարունակուէր: Գանձարանի ներսէն խօսակցութեան ձայներ կը լսուէին եւ սուինաւոր զինուորներ կ՛երթեւեկէին բակին մէջ եւ տանիքներուն վրայ:

Հայրիկ եւ իր հետեւորդները վեհարան բարձրացան: Հայրիկ դահլիճ մտաւ եւ բազկաթոռին վրայ նստելով ձեռքը գլխուն դրաւ եւ խոր մտածումներու մէջ թաղուեցաւ:

***

Սուրբ Էջմիածնի վեհարանի կաթողիկոսական գահը

Քրիստոնեաներու պաշտպան ամենաողորմած կայսեր պաշտօնեաները գանձարանէն ձեռք ձգեցին, աւելի ճիշդ` կողոպտեցին, տասնչորս հազար ռուբլի թղթադրամ, վեց ֆունտ արծաթ հին դրամներ, մէկ ֆունտ օսմանեան հնչուն ոսկի եւ ռուսական ոսկեդրամ, հին պատմական դրամներ, հայ բարերարներու կողմէ Էջմիածնի կտակուած չորս հարիւր հազար ռուբլի արժեթուղթեր եւ զանազան փաստաթուղթեր:

Այս բոլորը անոնք արկղի մը մէջ դասաւորեցին, կնքեցին, կառքի մէջ դրին եւ զինուորական ամենախիստ հսկողութեամբ երեւան տարին:

Իշխան Նակաշիձէ եւ ընդունող յանձնախումբը, ինչպէս նաեւ կոզակներն ու զօրքերը հեռացան Վաղարշապատէն եւ Երեւան վերադարձան:

Երեկոյ էր: Մայրավանքը խոր ու սգաւոր լռութեան մէջ խորասուզուած էր:

***

Իշխան Նակաշիձէի, ընդունող յանձնախումբի եւ զօրքի ու կոզակներու հեռացումէն ետք Ռուստամ բէկ Մադաթեանց վեհարան բարձրացաւ եւ Հայրիկի ներկայանալով գլուխ տուաւ եւ ըսաւ.

– Վեհափառ Տէր, ինչ որ պէտք էր վերցրին եւ գնացին. մնացածներին տէր եղէք:

Հայրիկ պահ մը լուռ մնաց եւ ապա Կորիւն, Կոմիտաս եւ Խորէն վարդապետներուն դառնալով ըսաւ.

– Գացէ՛ք եւ սինոտի անդամներէն մէկ քանիներ ալ կանչելով մտէք գանձարանը. ինչ որ թողած են հաւաքեցէք արկղներու մէջ եւ տարէք տաճարի թանգարանը:

Ականատես վկայ Խորէն վարդապետ Լազարեան կ՛ըսէ. «Սինոդի անդամներու հետ մտանք գանձարանը եւ ի՜նչ տեսնենք. Աստուած իմ, երկու դռները կրնկահան եղած եւ մէկ կողմ դրուած էին, երկաթեայ երեք գանձարկղներն ալ ջարդ ու փշուր եղած, ոսկեայ եւ ադամանդազարդ խաչեր, լանջախաչեր, մատանիներ եւ թանկագին իրերը յատակի վրայ փռուած: Վայրագ ձեռքերը ամէն տեսակ աւերմունք գործեր էին: Այս բոլորը հաւաքեցինք տախտակեայ արկղերու մէջ, կնքեցինք եւ տարանք տաճարի թանգարանը»:

***

Ներքին գործոց նախարարութեան Պետերբուրգէն ուղարկուած ներկայացուցիչը Էջմիածնի գանձարանէն ձեռք ձգուած գումարներու եւ արժեթուղթերու ցուցակները կազմեց եւ երկու օրինակ արձանագրութիւն կազմեց:

Արձանագրութեան տակ ստորագրեցին իշխան Միխայիլ Ալեքսանտրովիչ Նակաշիձէ, Կանչելի,  եւ ընդունող յանձնախումբի անդամները:

Ներկայացուցիչը արձանագրութիւնները իր թղթապանակին մէջ դնելէ ետք հարցուց.

– Իշխան Նակաշիձէ եւ պարոն Կանչելի. Էջմիածնի դրամական հարստութիւնը այսքա՞ն է միայն, այո՛:

– Այո՛, այսքան է, պատասխանեց Կանչելի:

– Պարո՛ն պրոկուրոր, մեր այս արձանագրած գումարները սինոտի հաշուեմատեաններուն համապատասխա՞ն են, հարց տուաւ ներկայացուցիչը:

– Ի հարկէ, պատասխանեց պրոկուրորը:

Ներկայացուցիչը ըսաւ.

– Ուրեմն կը հարցնեմ ձեզի, իշխան Նակաշիձէ եւ պարոն պրոկուրոր, ըսէք խնդրեմ, մեր պետական օրէնքով ինչ անուն տանք մեր կատարած այս գործին, որ օրը ցերեկով, փականքները կոտրելով, դրամարկղները ջարդելով այսքան աննշան գումարներ կը խլենք հայոց վանքէն: Ո՞ւր են հապա երկար ժամանակէ ի վեր ձեր ակնարկած միլիոնները: Ո՞ւր են Էջմիածնի դրամական հարստութիւնները, որոնց համար կը պնդէիք, որ հայկական յեղափոխութեան տարածման կը ծառայեն: Դուք չլսեցիք հայոց ծերունի կաթողիկոսի իրաւացի բողոքը, թէ` մահմետական պետութեանց կողմէ յարգուած հայոց եկեղեցւոյ իրաւունքները` քրիստոնեայ Ռուսաստանը բռնութեամբ կը խլէ:

Ներկայացուցիչը գունատ ու խռոված դուրս ելաւ, գնաց Թիֆլիս եւ առանց փոխարքայ իշխան Կալիցինի հանդիպելու Պետերբուրգ վերադարձաւ:

 

 

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (12 Փետրուար 1970)

Յաջորդը

Հայրենի Կեանք

RelatedPosts

Հայկական Բանակին Յարձակողականը Եւ Նահանջը Կարմիր Բանակին Կորուստները Խոտանանի Մէջ.   Արցախի Հարցով Զեկուցում Հայաստանի Խորհրդարանին Մէջ
Պատմական

Հայկական Բանակին Յարձակողականը Եւ Նահանջը Կարմիր Բանակին Կորուստները Խոտանանի Մէջ. Արցախի Հարցով Զեկուցում Հայաստանի Խորհրդարանին Մէջ

Յունիս 25, 2025
Արցախի Մէջ Պայքարը Վերսկսելու Առաջադրանք Հայաստանի Կառավարութեան Կոչը Համայն Մարդկութեան  Լեգրանի Վերջնագիրը Եւ Հայոց Դիմադրութիւնը Ճնշելու Մարտական Հրաման
Պատմական

Արցախի Մէջ Պայքարը Վերսկսելու Առաջադրանք Հայաստանի Կառավարութեան Կոչը Համայն Մարդկութեան Լեգրանի Վերջնագիրը Եւ Հայոց Դիմադրութիւնը Ճնշելու Մարտական Հրաման

Յունիս 18, 2025
Կարմիր Բանակին Յարձակումները Սիւնիքի Վրայ.  Կապանի Ազատագրումը Եւ Արցախը Զանգեզուրին Միացնելու Աշխատանքներ
Պատմական

Կարմիր Բանակին Յարձակումները Սիւնիքի Վրայ. Կապանի Ազատագրումը Եւ Արցախը Զանգեզուրին Միացնելու Աշխատանքներ

Մայիս 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?