2012-էն ի վեր Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին մաս կազմող յետսապահ Կամօ Յովհաննիսեան ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը թէեւ պիտի շարունակէ Ղազախստանի մէջ, սակայն մաս կազմելով այլ ակումբի մը:
Նախորդ շաբաթավերջին ան 2 տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց Քայրաթ Ալմաթիի հետ, լքելէ ետք իր նախկին ակումբը` Ժեթիսուն: