Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տարեվերջի Խմբագրական Նիւթեր (Գ.) Գաղափարական

Դեկտեմբեր 30, 2019
| Newsletter, Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Ազդակ»-ի երկրորդ փորձը գաղափարաբանական յաւելուած հրատարակելու կարգ մը երեւոյթներ պարզեց, որոնց կ՛արժէ անդրադառնալ այս սիւնակներով: Ռոստոմի մահուան 100-ամեակը առիթ էր, Դաշնակցութեան գաղափարաբանական հայեցակարգի մշակման մէջ հիմնական դեր ունեցած գործիչին խոհափիլիսոփայական, բայց նաեւ ամէնէն գործնականութեամբ յատկանշուած օրինակին անդրադառնալու: Բնականաբար Ռոստոմ երեւոյթէն զատ յօդուածագիրները հրաւիրուած էին արծարծելու զուտ տեսական-գաղափարաբանական թէ գաղափարաբանական բնոյթի այժմէական հարցեր:

Պէտք է խոստովանիլ, որ նախապատրաստական աշխատանքին հետ կապուած դժուարութիւնները չեն քաջալերեր անմիջապէս ետք յաջորդ յաւելուածին ձեռնարկելու: Յատկապէս յօդուածագիրներու ոչ արագ արձագանգումները եւ մանաւանդ ներկայ պայմաններուն մէջ նիւթեր ընտրելու խորհրդակցութիւնները հրատարակութիւններու միջեւ ժամանակը կ՛երկարաձգեն:

Այլ հարց եւս գոյութիւն ունի յատկապէս գաղափարաքաղաքական այժմէական նիւթեր արծարծելու եղանակի յստակացման առումով: Խնդիրը կը վերաբերի կուսակցութեան քաղաքականութեան հետ որոշակի անհաշտութիւն ներառած յօդուածներու հրատարակութեան: Մէկ կողմէ կայ կուսակցութեան որդեգրած քաղաքականութեան հակադիր կեցուածքներ չհրապարակելու մօտեցումը, միւս կողմէ կայ սակայն ազատ ու անկաշկանդ մտածողութեան տեղ տալու, բազմակարծութիւնը չարգիլելու եւ այդ ճամբով ինչու չէ բանավէճ ստեղծելու կարեւոր առաջադրանքը:

Այս օրակարգը յաճախ քննարկուած է մեր խմբագիրներու ժողովներուն: Քննարկուեցաւ նաեւ յաւելուածի ծրագրման նախորդած յօդուածագիրներու հետ հանդիպումներու ընթացքին: Այս հարցը հետզհետէ շեշտակի ձեւով կը դրուի կուսակցական մամուլի պատասխանատուներուն առջեւ: Աւանդութիւնը այն է, որ կուսակցական մամուլը չէ վարանած կուսակցութեան քաղաքականութիւնը չբաժնող կամ նոյնիսկ զանոնք սուր քննադատութեան ենթարկած յօդուածները տպելու: Կա՛մ խմբագրական նոթ ընկերակցած է անոնց եւ կա՛մ քովի սիւնակով պատասխան յօդուած  եղած է. մինչ խմբագրականով թէ առաջնորդող ակնարկներով կուսակցական մամուլը միշտ գերակայութիւն տուած է բնականաբար կուսակցութեան քաղաքականութեան հիմնաւորման:

Երկրորդ առաջարկը այն էր, որ իւրաքանչիւր գաղափարաբանական յաւելուած յատկացուած ըլլայ մէկ թեմայի, որ դասական առումով թէ ներկայ գաղափարաբանութեան յղացքներով առանցք կը կազմէ տուեալ թիւին: Յօդուածագիրները կը հրաւիրուին ճշդուած թեմայի տարբեր երեսներուն մասին գրելու. նոյնիսկ եթէ հակադիր տեսակէտներ պարզուին, ապա խմբագրութեան կը վերապահուի իր պաշտօնական տեսակէտը տալը բոլոր արծարծուած հարցերուն մասին: Այստեղ էր, որ նկատուեցաւ, որ գաղափարաբանական դիմագիծի դասական ընկալումը ո՛չ միայն հայկական դաշտին մէջ, այլ նաեւ համաշխարհային մակարդակի վրայ երբեմնի հրատապութիւնը կորսնցուցած է: Այլ խօսքով` աւանդական իզմերը չեն քննարկուիր այլապէս եւ այլուր: Գաղափարաբանական խնդիր կը նկատուին կենսոլորտային հարցերը, սեռային իրաւահաւասարութեան խնդիրները, քաղաքացիական իրաւունքները, դէպի Եւրոպա համարկման համար տարբեր հռչակագիրներ ստորագրել կամ վաւերացնելու առաւելութիւններն ու անպատեհութիւնները:

Գաղափարաբանական անապատացումին մէջ ովասիսներ ձեւաւորելու համեստ նախաձեռնութիւն է  «Ազդակ»-ին ըրածը: Վստահ չենք, որ պահանջարկ պիտի գտնեն նման ուղղութիւններ զարգացնելու մեր յառաջիկայ տարուան փորձերը: Վստահ ենք սակայն, որ «Ազդակ» պիտի շարունակէ իր իսկ նախաձեռնած այս երթը:

«Ա.»

Նախորդը

Վարչապետը Այցելած Է «Եռաբլուր» Զինուորական Պանթէոն

Յաջորդը

Ժիրինովսքի Առաջարկած Է Ռուսիոյ Նախագահի Բեռը Թեթեւցնել

RelatedPosts

Ակնարկ.  «Պիլատ Շամ»-ի Սպառնալիքը
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. «Պիլատ Շամ»-ի Սպառնալիքը

Յուլիս 14, 2025
Ընդդիմութիւնը Պէտք Է Նուազագոյն Ազգային Համաձայնութիւնը Ձեւակերպէ
Անդրադարձ

Ընդդիմութիւնը Պէտք Է Նուազագոյն Ազգային Համաձայնութիւնը Ձեւակերպէ

Յուլիս 14, 2025
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն  Մարմինի Յայտարարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Յայտարարութիւն. Ահաբեկչութեան Կազմակերպման Մասին Պնդումները Ի Սկզբանէ Եղած Են Անհիմն

Յուլիս 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?