Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութիւնը որոշեց առկախել ներկայիս ամերիկեան հողերուն վրայ սէուտցի զինուորներու բոլոր մարզումները:
Ամերիկեան իշխանութիւնները այս որոշումը որդեգրեցին ուրբաթ օր Ֆլորիտա Նահանգի Պենսաքոլա քաղաքի ռազմակայանին մէջ սէուտցի զինուորի մը կողմէ երեք ամերիկացի զինուորներու սպանութենէն ետք:
Միացեալ Նահանգներու օդուժի բանբեր Անտրիանու Ճենուալտի «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնած է, որ անվտանգութեան նկատառումներով երկուշաբթի օր դադրեցուած է սէուտցի ուսանողներու կողմէ թռիչքներու կատարումը:
Ան նաեւ աւելցուցած է, որ թռիչքներու արգելքը կը վերաբերի նաեւ երեք այլ ռազմական կեդրոններու, որոնց շարքին Ֆլորիտա նահանգին մէջ գտնուող ամերիկեան օդուժի Փենսաքոլա եւ Մէյփորթ ռազմակայաններուն:
Նշենք, որ Ֆլորիտայի Փենսաքոլա ռազմակայանին մէջ տեղի ունեցած հրացանաձգութեան հեղինակը Սէուտական Արաբիոյ օդուժի անդամ է: Այս մասին լրագրողներուն յայտնեց Ֆլորիտայի նահանգապետ Ռոն Տեսանթիս:
Նահանգապետին համաձայն, սէուտցին կ՛ուսանէր ռազմակայանին մէջ:
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ իր կարգին յայտնած է, որ իրեն հեռաձայնած է Սէուտական Արաբիոյ Սալման պըն Ապտել Ազիզ թագաւորը եւ իր ցաւակցութիւնը յայտնած: