Միացեալ Նահանգներու Նիւ Մեքսիքօ նահանգէն դեմոկրատական քոնկրեսական Տեպ Հաալանտ դարձած է Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւի համահեղինակ: Այս մասին «Թուիթըր»-ի վրայ կը տեղեկացնէ ՀՅԴ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը` շնորհակալութիւն յայտնելով անոր:
ՀՅԴ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը կը նշէ նաեւ, որ Տեպ Հաալանտ բնիկ ամերիկացի առաջին երկու կիներէն մէկն է, որ երբեւէ ընտրուած է Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի անդամ: