«Երկիր Մետիա»-ն կը հաղորդէ, թէ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 2 սեպտեմբերին մասնակցած է Արցախի Հանրապետութեան հռչակման 28-րդ տարեդարձին նուիրուած տօնական ձեռնարկներուն:
Նախագահ Սահակեան այցելած է Ստեփանակերտի յուշահամալիր, ծաղկեպսակ եւ ծաղիկներ դրած Արցախի անկախութեան ու ազատութեան համար զոհուած ազատամարտիկներու, Ազգային ժողովի առաջին նախագահ Արթուր Մկրտչեանի շիրիմներուն:
Ձեռնարկներուն կը մասնակցէին նաեւ Արցախի Հանրապետութեան երկրորդ նախագահ Արկադի Ղուկասեան, Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեան, Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեան, Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան, պետական նախարար Գրիգորի Մարտիրոսեան, Արցախի եւ Հայաստանի բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, ներկայացուցիչներ սփիւռքէն եւ հիւրեր արտերկրէն: