Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (27 Օգոստոս 1969)

Օգոստոս 27, 2019
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter
Մեր Խօսքը

«Ազդակ»-ի շաբաթ, 16 օգոստոսի թիւին մէջ կարդացինք «Յառաջդիմութիւ՞ն, թէ տեղքայլ» գրութիւնը` Մ. Իշխանի ստորագրութեամբ: Յօդուածագիրը, ընդհանուր առմամբ, ժխտական եւ յոռետես կեցուածք ունի մեր ներկային եւ ապագային հանդէպ: Հարցերուն մօտենալուն այս ձեւը արդէն քիչ մը ընդհանրացած է մեր կեանքէն ներս, եւ յաճախ կ՛անտեսուի մետալին միւս երեսը` աւելի փայլուն եւ յուսադրիչ:

«Յառաջդիմա՞ծ ենք, թէ՞ տեղքայլ կ՛ընենք» հարց կը դրուի յօդուածին սկիզբը եւ քանի մը «արարողական երեւոյթներու» մատնանշումէն ետք, կու գանք այն եզրակացութեան, թէ` «հարիւր տարի առաջուան մտայնութիւնն է» գերիշխողը ներկայ հայ կեանքէն ներս: Եղածը ընդհանրացում մըն է, որ արդարանալի չէ եւ կը կարօտի կարգ մը լուսաբանութեանց:

Չե՛նք ընդունիր բնաւ որ սփիւռքի մեր կեանքը տեղքայլ կ՛ընէ. չե՛նք ընդունիր մանաւանդ ի տես վերջին տասնամեակին հայ հոգիէն ներս եղած բացայայտ փոփոխութեան: Հայութիւնը հետաքրքրող կենսական հարցերուն մօտենալու նոր ձեւ մը կը զարգանայ օրէ օր մեր մէջ: Վերջապէս, հասած ենք տեղ մը, ուր կը գիտակցինք, որ «երեմիական ողբեր կարդալով» եւ ուրիշներուն գութը շարժելով չէ, որ կը լուծուին հարցեր, այլ` առարկայական եւ առողջ մօտեցումով եւ աշխատանքով: Ընդհանուր երեւոյթ մըն է այս հայ կեանքէն ներս եւ դժուար թէ վրիպի այդ կեանքին մօտէն հետեւողի մը աչքերէն:

Յօդուածի մեծ մասին մէջ Մ. Իշխան կը ծանրանայ հայ կրթական եւ մշակութային կեանքէն ներս «տեւականացող այս հին մտայնութեան» վրայ: Հոս կ՛ուզենք անմիջապէս շեշտել, որ հայ դպրոցը, տեղական չափանիշներով գոնէ պատուաւոր տեղ մը կը գրաւէ մակարդակի եւ ձեռք բերուած արդիւնքներու տեսակէտէն: Տեղին չէ հոս թուել մեր դպրոցներուն յաջողութիւնը պետական քննութեանց մէջ, ըստ մեր տուեալներուն, յաճախ իննսուն առ հարիւր տոկոսով յաջողութիւններ: Կայ նաեւ իրողութիւն մը, որ հայ դպրոցէն շրջանաւարտը, օտար լեզուներու խօսակցական բաժնէն դուրս, բնաւ ետ չի մնար իր ընկերներէն:

Մեր առօրեայէն ներս դպրոցի «շէնքի ու կահաւորման» տրուած կարեւորութիւնը, ըստ Մ. Իշխանի, ի վնաս հայ ուսուցչին լաւ վարձատրութեան, խորթ կը թուի իրեն եւ արտաքին փայլ: Ամբողջ աշխարհի մէջ, սակայն, հետզհետէ աւելի զարկ կը տրուի դպրոցները հանգստաւէտ եւ գրաւիչ շէնքերու մէջ փոխադրելու գործին, առողջապահական եւ մանկավարժական մտահոգութիւններէ տարուած: Քանի մը տարի առաջ տակաւին

Ֆրանսական կառավարութիւնը մշակեց դպրոցական բարեկարգումի ծրագրի մը, որուն կարեւոր կէտերէն մէկն էր շէնքերու արդիականացման անհրաժեշտութիւնը: Կ՛ուզենք շեշտել ուրեմն, որ «շէնքը եւ կահաւորումը» արտաքին փայլ չեն միայն, այլ ստիպողական պահանջ մը:

Համաձայն չենք նաեւ, «հաստատութեան մը պատերուն ու քարերուն ցոյց տրուած գուրգուրանքը» մոռցնել կու տայ անոր համար աշխատող մշակներուն տարրական իրաւունքները: Հայ ուսուցիչը այսօր, կրկին տեղական չափանիշներով` իր պաշտօնակիցներուն համահաւասար իրաւունքներ կը վայելէ. պետական սակեր կը կիրարկուին մեր վարժարաններէն ներս. աւելիին ձգտիլը անշուշտ պատիւ պիտի բերէր հայութեան, բայց միշտ նկատի պէտք է առնել մեր նիւթական կարողութիւնները:

Այս առնչութեամբ յօդուածին մէջ կ՛ըսուի. «Մեր նախակրթարաններուն անձնակազմը արդէն իսկ ինկած է իգական սեռի բացարձակ տիրապետութեան ներքեւ»: Զարմանալի եւ հակասական կը գտնենք հոս հին մտայնութեան դէմ պայքար բանալ եւ միւս կողմէն անտեսել այն իրողութիւնը, որ ներկայիս իգական սեռի ներկայութիւնը եւ գործունէութիւնը կեանքի բոլոր մարզերէն ներս հետզհետէ կը շեշտաւորուի ամէն կողմ. այս տեղաքայլ յատկանշող երեւոյթ չէ. նոյնիսկ կարելի է ըսել, որ վերջին տասնամեակներուն, հայ կեանքէն ներս եղած բարեշրջումներուն կարեւորագոյնն է իգական սեռին մասնակցութիւնը հայ առօրեային: Դաստիարակչական մարզէն ներս, եւ մանաւանդ նախակրթարականի յարկէն ներս, ան ունի իր կարեւոր տեղը այսօր, ինչ որ բարենպաստ եւ օգտակար երեւոյթ է` մանկավարժական տեսանկիւնէն դիտած:

Մեր ուսուցչուհիները վիրաւորուելու իրաւունք պիտի չունենային սակայն, եթէ իրենց ուսուցչական կոչումը կասկածի տակ առնելէ ետք, Մ. Իշխան չվարանէր ըսելու. «Դժբախտաբար (անոնց) մեծ մասին համար դպրոցը ճամբայ մըն է` վկայականէն դէպի ամուսնութիւն: Պատահական եւ ժամանակաւոր ասպարէզ»: Հրապարակաւ եղած արտայայտութեան մը համար անյարմար կը գտնենք վերը մէջբերուած հաստատումը, եթէ նոյնիսկ կը ծառայէ յօդուածը հիւմուրով համեմելու նպատակին:

Խօսելով ապագայ հայ կեանքին մասին` Մ. Իշխան կ՛ըսէ. «Այսօր դեռ կան մատի վրայ հաշուող քանի մը «խենթ»-եր, որոնք կը տոկան եւ կը շարունակեն ծառայել մեր ժողովուրդին. վաղը այսքանն ալ պիտի չգտնենք»: Այս հաստատումը, պէտք է ըսել, յաճախակի դարձած է մեր թերթերէն ներս եւ բեմերուն վրայ: Հարցը եթէ վերաբերէր միայն «գիր ու գրականութեան», թերեւս իրաւունք ունենար յօդուածագիրը: Բայց ան քիչ մը ետք կ՛աւելցնէ, որ` կարելի չէ մտաւորական պատրաստել, նոր սերունդները հայ արժէքներու սիրով խանդավառել, մեր Դատին ու պայքարին համար նուիրեալ գործիչներ պատրաստել, եթէ պիտի շարունակենք հոգեկան եւ մտաւոր արժէքները չափել շուկայի կշիռներով»: Յոռետես այս մօտեցումով ան կը մոռնայ սակայն բացարձակ իրողութիւն մը, որ մանաւանդ վերջին տասնամեակին աւելի շեշտաւորուած է. կը մոռնայ, որ հայ նոր սերունդը, հակառակ օտար ազդեցութիւններու, աշխատանքի իր բաժինը կը կատարէ եւ կը պատրաստուի վաղուան համար: Օդային դղեակ չէ, որ կը փորձենք շինել այս հաստատումով, այլ մեր աչքին առջեւ ունինք մեր անմիջական շրջանակը եւ` Եւրոպայի, Ամերիկայի հայ ուսանողութիւնը, որուն ուրիշ յօդուածով մը անդրադարձած էր Մ. ԻՇխան այս սիւնակներէն: Ամէն կողմ վերազարթնումի խրախուսիչ նշաններ կը յայտնուին, օտար ափերու վրայ մեծցած հայ տղաք քով-քովի կու գան, թերթ կը հրատարակեն, հայկական հարցերով կը հետաքրքրուին: Այս երեւոյթը ինքնին յուսադրիչ է, մանաւանդ եթէ կարելի ըլլայ համակարգել այս աշխատանքները` զանազան երկիրներու հայ ուսանողութեան միջեւ կապեր ստեղծելով:

Այսօրուան «խենթ»-երուն տեղ մենք կը հաւատանք, որ պիտի գան նոր «խենթ»-եր, նոր չափանիշներով բնորոշուող հայ գործիչներ: Այսինքն` լաւ պատրաստուած եւ իւրաքանչիւրը իր գործին մասնագէտ գործիչներ: Այս ճամբով արդէն աշխատանքի ձեռնարկուած է, եւ գոնէ յոռետես պէտք չէ ըլլալ անոր արդիւնքին նկատմամբ:

ԲԵՆՕ ԹՈՆԴԵԱՆ

Նոր Սերունդ

Վիքթոր Հիւկօ իր գործերուն մէջ տեղ մը կը հարցնէ. «Ի՞նչ  է երիտասարդութիւնը»: Եւ ինքն իսկ կը պատասխանէ իր հարցումին. «Երիտասարդութիւ՞նը. վաղը կոչեցէք զայն»:

Վաղը` այս չի նշանակեր վաղուան օրը, ո՛չ ալ յաջորդ տարին, թերեւս` ո՛չ իսկ գալիք դարը:

Մենք բարեկամը, ջատագովն ու մեծարողն ենք երիտասարդութեան, որ տարիք չէ, բովանդակութիւն է: Նիւթ չէ, ոճ է: Կրնանք չըլլալ երիտասարդներուն հետ, որոնք տարիք են, սակայն բովանդակութիւն չեն անհրաժեշտօրէն:

Մեր փնտռածը տարիքը չէ, բովանդակութիւնն է. նիւթը չէ, ոճն է:

Երիտասարդները հաւատաւոր տղաք են անկասկած, սակայն իրենց հաւատքը աւելի շատ ուղղուած է դէպի ներս, քան` դէպի դուրս: Հաւատք ունին, շա՛տ մեծ հաւատք, իրենք իրենց վրայ, իրենց ըրածին ու ընելիքին վրայ, իրենց առաւելութիւններուն եւ առաքինութիւններուն վրայ: Եւ եթէ բան մը աւելնայ, այդ աւելցածն ալ բարեսիրաբար կ՛ընծայեն երէցներուն, տարեցներուն, ծերերուն, իրենց բառով` հիներուն:

Շատ անգամ կը պատահի, որ բան մը չաւելնայ իրենց հաւատքէն, ինչպէս` խանդավառութենէն ալ, որովհետեւ նոյնքան խանդավառ են իրենց ըրածով ու ընելիքով, որքան հաւատացողն են իրենց ըրածին, մանաւանդ` ընելիքին:

Հինե՜րը… այս բառին մէջ կայ հեգնանքէ աւելի բան մը, գրեթէ ուրացում մը, կայ նաեւ արհամարհանք անոնց հանդէպ, որոնք Տիրոջը այգիին մէջ սերմնացանի դեր մը կատարեցին` իրենց սերմանածը հնձելու ժամանակ իսկ չունենալով կամ չմտածելով այդ մասին: Մտածեցին միայն տալու, բայց ո՛չ` նաեւ առնելու մասին: Կեանքէն քաղեցին դառնութիւններ, դժուարութիւններ, յուսալքումներ, հիասթափութիւններ եւ ինչ դժնի բան, որ կայ կեանք կոչուած այդ անեզր ու անպատսպար մրցավայրին մէջ:

Կը կարդանք տասը տողնոց քերթուածը մը, զոր մեր վայելումին կը մատուցեն, ապա աչքերուդ մէջ նայելով` կը հարցնեն հեգնութեամբ. «Բան մը հասկցա՞ք»: Ոչ, բան չհասկցանք, որովհետեւ մենք, այսպէս կոչուած` հիներս սաղմոս միայն կարդացած ենք եւ` «Զէնք հոգեւոր» միայն սերտած:

Պէտք է կրկնենք սակայն, որ մենք երիտասարդութեան հետ ենք միշտ, եթէ երիտասարդներուն հետ չենք յաճախ: Կը դաւանինք, որ առաջինը պարունակողն է, վերջինները պարունակեալն են:

Բայց ո՞ւր, ի՞նչ բանի մէջ պէտք է փնտռենք խանդավառութեան, հիացումի, հաւատքի ակունքը. պասքեթպոլի կողովին մէ՞ջ, Հոլիվուտի դերասանուհիներու առօրեայի՞ն, լուսնի լոյսով պտոյտներո՞ւն, սինեմայի սրահներո՞ւն, քովնտի փողոցներո՞ւն, թէ՞ դարավերջիկ պիթնիքներու ծայրայեղութիւններուն մէջ: Ո՞ւր վերջապէս:

Արտահայաստանի մէջ ազգը պէտք ունի հայագէտներու, մանաւանդ հիմա, որ մեր ցրօնքը դարձած է բազմաճիւղ, որովհետեւ աշխարհի բոլոր միջօրէականներուն տակ հայ մը կ՛ապրի, հայեր կ՛ապրին: Մենք այս ցրօնքը պիտի դարձնենք միաձոյլ եւ պիտի դարձնենք ոչ այնքան մեքենագէտներով ու ճարտարագէտներով, որքան` հայագէտներով:

Եթէ հարկ ըլլայ պատգամ մը ուղղել մեր նորերուն ու նորագոյններուն, կրնայինք ըսել. ականջ մի՛ դնէք ձեզի տրուած խրատներուն ու խորհուրդներուն: Ձեր ճամբան դուք պիտի գծէք ձեզի համար: Մանաւանդ շատ ու փայլուն խոստումներ մի՛ ընէք, որովհետեւ շատ խոստացողները անոնք են, որոնք նուազագոյնն իսկ տալու ատակ չեն:

 

Նախորդը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Ձեզ Կը Ծախեն Տարիներ

Յաջորդը

Նշմար. Արդի Ողբերգութիւն

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?