Ինչպէս ծանօթ է, 30 օգոստոսէն 1 սեպտեմբեր տեղի պիտի ունենայ Լիբանանի 42-րդ միջազգային ռելին, որ կ՛իյնայ Միջին Արեւելքի ռելիներու ախոյեանութեան 3-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ:
Ա. հանգրուանը տեղի ունեցաւ Քաթարի մէջ, իսկ երկրորդը` Յորդանանի մէջ:
Չորրորդը տեղի կ՛ունենայ Կիպրոսի մէջ, իսկ հինգերորդը` Քուէյթի մէջ:
Նշենք, որ 42-րդ ռելիին մասնակցող «Ար. Էս. Թիմ.» խումբը այսօր` երկուշաբթի, 26 օգոստոսին «Ափթաուն Պէյրութ» ճաշարանին մէջ (Նաքքաշ) պիտի տայ յատուկ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին պիտի ներկայացնէ այս ռելիին մասնակցող իր չորս վարորդները:
Այդ չորսը պիտի ըլլան լիբանանցի Հանրի Քահի, քաթարցի Նասեր Աթիէ, լիբանանցի Նետիմ Հալապի եւ քուէյթցի Մաշարի Զաֆիրի:
Ինչպէս նախորդ տարիներուն այս տարի եւս ռելին կը խոստանայ ըլլալ բաւական տաք եւ հետաքրքրական: