Յառաջիկայ շաբաթավերջին, երեք օրերու ընթացքին (30, 31 օգոստոս եւ 1 սեպտեմբեր) տեղի պիտի ունենայ Լիբանանի 42-րդ միջազգային ռելի-ն` Միջին Արեւելքին ռելիներու ախոյեանութեան ծիրին մէջ:
Բնականաբար այս ռելիին մասնակցողները բաւական լաւ թիւ մը կը ներկայացնեն: Անոնցմէ ոմանք գրեթէ անհատական հանգամանքով կը մասնակցին, մինչ ուրիշներ մաս կը կազմեն յատուկ խումբերու:
Այդ խումբերէն մէկը` «Ար.Էս.» Ռելի խումբը, որ ունի չորս ինքնաշարժ, երկուշաբթի, 26 օգոստոսին «Ափթաուն-Պէյրութ» ճաշարանին մէջ (Նաքքաշ) պիտի տայ յատուկ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին պաշտօնապէս պիտի ներկայացնէ իր չորս վարորդներն ու անոնց օգնականները: